Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Անթուան Փանօ, դատապարտելով հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող թուրք-ազրպէյճանական բռնարարքները, արաբերէն լիբանանեան խօսակցական ոճով հետեւեալ գրառումը արձանագրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ.
«Թուրքիա կը զօրակցի Ազրպէյճանին` ընդդէմ Հայաստանի, իսկ եւրոպական շահերը, դժբախտաբար, կը խաչաձեւեն ու կը համընկնին թրքական ախորժակներուն: Իսկ հայ խիզախ ժողովուրդը կը մնայ զոհը իրեն դէմ կիրարկուող յարաճուն բռնարարքներու` զինք իր արմատներէն ջլատելու վայրագ արշաւի ծիրին մէջ, կարծէք բաւարար չեն Էրտողանի նախնիներուն կողմէ հայոց դէմ գործուած սարսափներն ու ջարդերը:
«Էրտողան մարդկութեան դէմ ոճրագործ է»: