Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 21, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական կեդրոնական խորհուրդը համախոհութեամբ որդեգրած է վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան չզօրակցելու որոշումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէիի հետ: Հանդիպումէն ետք Ֆիրուզնիա մեկնեցաւ` մերժելով յայտարարութիւններ կատարել:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական հարցերն ու փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ իրեն դէմ կատարած բոլոր ամբաստանութիւնները յետս կոչած է` աւելցնելով, սակայն, որ ինք տակաւին կը շարունակէ Մաժզուպի դէմ յարուցած դատական հայցը ուժի մէջ պահել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի դամբարանը` անոր նահատակութեան Ը. տարելիցին առիթով: «Հասանի շուքը միշտ ներկայութիւն պիտի ըլլայ երկրին պաշտպանութեան նպատակով անոր գործած նուաճումներուն ընդմէջէն», ըսաւ Հարիրի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան մասին ցարդ խորհրդակցութիւններ չկան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան տուեալներուն իմաստով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, հրաժարած երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շենքըրի հետ, եւ քննարկած են շարք մը հարցեր: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ողջունած է սահմանագծումի բանակցութիւններուն վերսկսումը:

Նախորդը

Հրայր Սողոմոնեան` Հայրենիքին Նուիրեալը

Յաջորդը

«Պահեստանոցներու Մէջ Բացայայտուած Դեղորայքը Մինչեւ Տարեվերջ Կրնայ Բաւարարել Երկրին Կարիքները» Շեշտեց Համատ Հասան

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.