Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններու Նախօրեակին Բողոքի Եւ Զօրակցական Ցոյցեր

Հոկտեմբեր 22, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն նախօրեակին, երէկ երեկոյեան, խումբ մը երիտասարդներ ցոյց մը կատարեցին վարչապետի թեկնածու Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին դիմաց` մերժելով Հարիրին դարձեալ վարչապետ նշանակելու ճիգերը:

Հարիրիի դէմ մերժումի այս ցոյցին դիմաց Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներ կատարեցին հակացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Հարիրիի վարչապետ նշանակելու ջանքերուն:

Զոյգ ցոյցերուն մասնակից ցուցարարներուն միջեւ բաժնեցին լիբանանեան բանակն ու Ներքին ապահովութեան ուժերը:

Աւելի ուշ հրկիզուեցաւ «Յեղափոխութեան բազուկ»-ը, որ զետեղուած էր Կեդրոնական Պէյրութի մէջ: Այդ արարքը վերագրուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներուն:

Մուսթաքպալ հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հոսանքի համակիրները ոչ մէկ կապ ունին Նահատակաց հրապարակին վրայ զետեղուած «Յեղափոխութեան բազուկ»-ի հրկիզման հետ:

Այլ հաղորդագրութեամբ մը, Մուսթաքպալ հոսանքը կոչ ուղղեց իր համակիրներուն` յանձնառու մնալու հոսանքի կեցուածքին, որ կը մերժէ փողոց իջնել` ինչ ալ ըլլան տիրող պայմանները:

Երեկոյեան ժամը 9:30-ին ցուցարարներ փակեցին «Ռինկ»-ի կամուրջը` մերժելով «Յեղափոխութեան բազուկ»-ի հրկիզումը:

Հոս հարկ է աւելցնել, որ «Սաութ Պէյրութ Ինթըրնեշընըլ» ձայնասփիւռի կայանը խոստացաւ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ զետեղուած «Յեղափոխութեան բազուկ»-ը վերականգնել:

Կը նախատեսուի, որ այսօր կարգ մը շրջաններու մէջ ցուցարարներ ճամբաներ փակեն` մերժելով Սաատ Հարիրիի վարչապետ վերանշանակումը:

Նշենք, որ Հարիրի երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններն ու նոր կառավարութիւն մը ունենալու Լիբանանի կարիքը` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւնները:

Հարտան շեշտեց վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւնները կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ազգային կշիռ ներկայացնող կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:

ՄԻՒՍ կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան կոչ ուղղեց`  ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու նոր կառավարութիւն մը` ընդգծելով, թէ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը պատճառ պիտի դառնայ, որ նաւը աւելի եւս ընկղմի:

Նախորդը

Դատապարտելով Թուրք-Ազրպէյճանական Հակահայ Բռնարարքները Անթուան Փանօ. «Էրտողան Ոճրագործ Է Մարդկութեան Դէմ»

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբեկեան Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?