ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ նորանշանակ դեսպան Ալեքսանտր Ռոտաքովը: Արարողակարգային այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 700 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ, դատախազ Մարուան Ապպուտի որոշումով, երէկ Մար Մըխայէլի շրջանին մէջ գրաւուեցան 93 պիւթակազի շիշեր եւ պենզինի տակառներ, որոնք ապօրինի կերպով պահուած էին պահեստանոցի մը մէջ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վարչապետ վերանշանակումը ցոյց կու տայ, թէ երկիրը բաղկացնող հիմնական շերտերը կը փափաքին վերստին կերտել պետութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ կոչ ուղղեց` վերջ տալու սահմանադրական խախտումներուն եւ երկրի քանդումին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ իրենց ակնկալութիւնը այն էր, որ հանրապետութեան նախագահը պատասխանատու պատգամ մը փոխանցէ, սակայն ան հանդէս եկաւ բողոքող սովորական քաղաքացիի մը խօսքերով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վարուելակերպն ու խոստումները կը մնան անփոփոխ. ան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն պահանջեց յետաձգել վարչապետի նշանակումը` յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու նպատակով:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն լիբանանցիները խաբել` քաղաքական-մասնագիտական կառավարութիւն մը կազմելու խոստումներով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ Հըզպալլա հիմնական պատճառն է Լիբանանի դէմ հաստատուած տնտեսական շրջափակման եւ Լիբանանի մեկուսացման:
ՏԱՐ Ֆաթուա յայտարարեց, որ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնը կը զուգադիպի յառաջիկայ հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2020-ին: Այս առիթով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատուի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հոկտեմբերի աւարտին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը առկախուած է: