Լիբանանեան

Բագրատունի Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան  Իրադարձութիւնները Եւ Արցախի Դէմ Պատերազմը

Բագրատունի Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները Եւ Արցախի Դէմ Պատերազմը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկիրը իր ներկայ տագնապէն արագօրէն դուրս բերելու հրամայականը: Այս ծիրէն մէջ, Բագրատունի Քիւպիչին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքները եւ պատասխանատուութիւն վերցնելու պատրաստակամութիւնը: Յատուկ կարեւորութեամբ քննարկուեցաւ նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի...

Հարիրի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց  Ցարդ Արձանագրուած Զարգացումները

Հարիրի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Ցարդ Արձանագրուած Զարգացումները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մը մէջ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան իմաստով ցարդ արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէի եւ նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպի:...

Նաքուրայի Մէջ.  Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում`  Նախագահութեամբ Զօր. Տել Քոլի

Նաքուրայի Մէջ. Եռակողմանի Արտակարգ Նիստ

Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող կացութիւնը, իսրայէլեան ուժերուն գործած ցամաքային եւ օդային ոտնձգութիւնները,...

Մըլհեմ Խալաֆ Ազգային Փրկութեան  Նախաձեռնութիւն Մը Ներկայացուց Միւֆթի Տըրիանի,  Շէյխ Խաթիպի Եւ Շէյխ Հասանի

Մըլհեմ Խալաֆ Ազգային Փրկութեան Նախաձեռնութիւն Մը Ներկայացուց Միւֆթի Տըրիանի, Շէյխ Խաթիպի Եւ Շէյխ Հասանի

Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆ երէկ այցելեց իսլամ հոգեւոր պետերու, որոնց ներկայացուց իր եւ ազատ արհեստի սենտիքաներուն, ինչպէս նաեւ 11 համալսարաններու նախագահներու կողմէ պատրաստուած ազգային փրկութեան նախաձեռնութիւնը: Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Խալաֆը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ միւֆթիին ներկայացուցած է ամբողջական նախաձեռնութիւնը, որուն գործադրութիւնը պիտի ըլլայ փուլային: Խալաֆ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին, որ...

Իսրայէլեան Ուժերը Հըզպալլայի Դէմ Յատուկ  Մարզումներու Կեդրոն Մը Կառուցած Են

Իսրայէլեան Ուժերը Հըզպալլայի Դէմ Յատուկ Մարզումներու Կեդրոն Մը Կառուցած Են

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը Հըզպալլայի դէմ յատուկ մարզումներու կեդրոն մը կառուցած են` լիբանանեան սահմանէն 300 մեթր հեռու գտնուող անտառի մը մէջ: Ատրահիի յայտարարութեան կողքին, հիւսիսային Իսրայէլի հրամանատարը յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը կ՛ամրացնէ իր զինուորներուն կարողութիւնները եւ զանոնք կը պատրաստէ Հըզպալլայի դէմ կռուելու` անոր յաղթելու նպատակով:  

Պոհսալի. «Սննդամթերքի Սակերը Այս Շաբթուան  Ընթացքին Պիտի Նուազին, Ինչպէս Նաեւ Սակերու Ճշդման  Վերատեսութիւն Պիտի Կատարուի»

Պոհսալի. «Սննդամթերքի Սակերը Այս Շաբթուան Ընթացքին Պիտի Նուազին, Ինչպէս Նաեւ Սակերու Ճշդման Վերատեսութիւն Պիտի Կատարուի»

Սննդամթերք ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ սենտիքան կը հետեւի ներածուած սննդամթերքի սակերուն վրայ ամերիկեան տոլարի արժէքի նուազումին ունեցած հետեւանքներուն: Ան նշեց, որ դէպի Լիբանան ներածուող երկու տեսակի սննդամթերք գոյութիւն ունի: Առաջինը այն է, որ կը վայելէ Կեդրոնական դրամատան տրամադրած նպաստը, իսկ երկրորդը այն է, որուն համար նպաստ չէ տրամադրուած: Պոհսալի զարմանք յայտնեց սննդամթերքի սակը նուազեցնելու առումով հանրախանութներուն եւ...

Մարուան Ապպուտ Այցելեց Ժմմեյզէ

Մարուան Ապպուտ Այցելեց Ժմմեյզէ

Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ երէկ այցելեց Ժմմեյզէ` ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետարանի ճարտարապետներուն: Այցելութեան նպատակն էր ստուգել մայրաքաղաքի քանդուած շէնքերուն նորոգութեան աշխատանքները: Ապպուտ այցելեց նաեւ «Սոլիտերիթի» միութեան կեդրոնը եւ ծանօթացաւ անոր կատարած մարդասիրական աշխատանքներուն` կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւն եւ սնունդ տրամադրելու առումով: Ապպուտ ստուգեց Ժմմեյզէի փողոցներուն մէջ տիրող մթնոլորտը եւ հանդիպեցաւ քաղաքացիներու, որոնցմէ իմացաւ անոնց կարիքներուն մասին: Քաղաքացիները գնահատեցին Պէյրութի նահանգապետին ջանքերը` մայրաքաղաքին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ժամանակը յօգուտ Լիբանանին չէ, հետեւաբար պէտք է կառավարութիւնը անյապաղ կազմել: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սամիր Ժսըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի օգնական Լինա Քուտուան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որուն...

Հարիրի. «Պիտի Չհրաժարիմ. Պատրաստ Եմ  Երկխօսութեան, Եւ Նախագահ Աունի Հետ  Մթնոլորտը Դրական Է»

Հարիրի. «Պիտի Չհրաժարիմ. Պատրաստ Եմ Երկխօսութեան, Եւ Նախագահ Աունի Հետ Մթնոլորտը Դրական Է»

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ քաղաքական տարբեր ուժերուն մօտ կան նաեւ գործակցութեան բարի նպատակներ: «Այս մթնոլորտին ներքեւ կառավարութիւնը կարելի է կազմել մօտիկ ապագային, կամ առաւելագոյնը մէկ շաբթուան ընթացքին», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը ուշացում չի կրնար հանդուրժել: Հարիրի շեշտեց, որ ինք...

Ուազնի Հանդիպում Մը Ունեցաւ  Աղբահանումի Ընկերութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ, Եւ Աշխատանքը  Շարունակելու Համաձայնութիւն Գոյացաւ

Ուազնի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Աղբահանումի Ընկերութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ, Եւ Աշխատանքը Շարունակելու Համաձայնութիւն Գոյացաւ

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխաններ Ամին Շըրրիի եւ Ֆատի Ալամէի, Հարաւային արուարձաններու քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Տըրղամի, ինչպէս նաեւ աղբահանումի ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումէն ետք Շըրրի յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններու, Մեթնի, Քեսրուանի, Շուֆի եւ Ալէյի մէջ աղբահանումի տագնապին լոյսին տակ անմիջական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ուազնիի եւ այդ ընկերութիւններուն ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ան...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 72.186-ի, Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 579-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 72.186-ի, Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 579-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 72.186-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 796 նոր վարակուածներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 579 պարագաներ մահացած են: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան գումարեց նիստ մը Պէյրութի եւ հիւսիսային Լիբանանի բժիշկներու սենտիքաներէն պատուիրակութիւններու հետ` ներկայութեամբ բժիշկներ Շարաֆ Ապու Շարաֆի եւ Սելիմ Ապի Սալեհի, ինչպէս...

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզի  Ընդհանուր Գործադուլ` 18 Նոյեմբերին

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզի Ընդհանուր Գործադուլ` 18 Նոյեմբերին

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ երկրին մէջ կը տիրէ լաւատեսական մթնոլորտ մը` հաստատելով, որ քաղաքական ուժերը կ՛ուղղուին կազմելու կառավարութիւն մը, որ նուազագոյնը ելեւմտական, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կայունութիւն կ՛ապահովէ: «Որպէսզի այս մթնոլորտը չխոչընդոտենք եւ պատասխանատու վարուելակերպ ցուցաբերենք, նախապէս որոշուած մեր ցոյցն ու գործադուլը յետաձգեցինք չորեքշաբթի, 18 նոյեմբերին», ըսաւ ան: Թլայս յայտնեց, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու...

«Կոչ Կ՛ուղղենք Արագօրէն Կազմելու  Կառավարութիւն Մը, Որ Նախորդներէն Աւելի  Տարբեր Ըլլայ Եւ Փրկութեան Ծրագիր Մը Մշակէ»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Արագօրէն Կազմելու Կառավարութիւն Մը, Որ Նախորդներէն Աւելի Տարբեր Ըլլայ Եւ Փրկութեան Ծրագիր Մը Մշակէ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ բացումը կատարեց եկեղեցական սիւնհոդոսի աշխատանքներուն, որուն ընթացքին ան անհրաժեշտ նկատեց արագօրէն կազմել կառավարութիւն մը, որ նախորդներէն աւելի տարբեր ըլլայ եւ փրկութեան ծրագիր մը մշակէ: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց մսխումին, պետական գումարներու իւրացումին եւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը: Ան պահանջեց դատական իշխանութիւններու անկախ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին իշխանութիւններուն վերակառուցումը` սահմանադրութեան համաձայն:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերու զինումին մասին կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները սուտ են` աւելցնելով, որ ո՛վ որ տուեալներ ունի այդ մասին, ապա պէտք է զայն շօշափելի փաստերով ներկայացնէ: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ժեմայէլ շեշտեց, որ ոչինչ փոխուած է երկրին...

Շաբաթավերջին Վարչապետ Հարիրի Երկու Անգամ Այցելեց Նախագահական Պալատ

Շաբաթավերջին Վարչապետ Հարիրի Երկու Անգամ Այցելեց Նախագահական Պալատ

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դրական Է Եւ Զարգացում Արձանագրած Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն յայտարարուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով զարգացում արձանագրուած է: Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի նախանցեալ օր դարձեալ այցելած էր նախագահ Աունի, որուն հետ քննարկած էր տիրող իրավիճակն ու կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին վերաբերող...

Ֆիթրի Տօնին Առիթով Միւֆթի Տըրիանի,  Շէյխ Քապալանի Եւ Շէյխ Հասանի Քարոզները

«Խօսքի Եւ Տեսակէտի Ազատութիւնը Չի Նշանակեր Ուրիշներու Հաւատալիքներուն Եւ Խորհրդանիշներուն Դէմ Ոտնձգութիւն Գործել» Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ շեշտեց, որ Մոհամետ մարգարէի դէմ ոտնձգութիւնները, որոնք մերթ ընդ մերթ կը գործուին անհատներու կողմէ, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ տրուած ազատութեան հասկացողութիւնը կը շահագործեն, իսլամներուն դէմ մնայուն կերպով բռնարարքներ կը գործեն եւ անոնց զգացումները կը վիրաւորեն: Տըրիան յայտնեց, որ այս երկիրներուն ղեկավարներէն կը պահանջուի վերջնական լուծում մը գտնել այս կացութեան եւ վերջ մը դնել...

«Սուրիոյ Պատերազմին Հըզպալլայի Մասնակցութիւնը Լիբանանի Եւ Շրջանի Կայունութիւնը Վտանգի Կ՛ենթարկէ»  Զգուշացուց Կութիերես

«Սուրիոյ Պատերազմին Հըզպալլայի Մասնակցութիւնը Լիբանանի Եւ Շրջանի Կայունութիւնը Վտանգի Կ՛ենթարկէ» Զգուշացուց Կութիերես

ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան վերաբերեալ հրապարակուած նորագոյն տեղեկագիրին մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես պահանջեց գործնական քայլերու դիմել` Լիբանանի մէջ փտածութեան վերջ դնելու նպատակով: Կութիերես կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի մէջ անյապաղ կառավարութիւն մը կազմուի: «Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը Լիբանանի եւ շրջանի կայունութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ», զգուշացուց Կութիերես: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ շրջանի երկիրները, յատկապէս` Իրանը, քաջալերեն  Հըզպալլան վերածուելու զուտ քաղաքական...

Շինքըր Այսօր Պիտի Այցելէ Լիբանան

Շենքըր. «Հակառակ Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանագծումին` Կը Շարունակենք Հըզպալլայի Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Դէմ Պատժամիջոցներ Որդեգրել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շենքըր շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները իբրեւ միջնորդ յանձնառու կը մնան Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծում կատարելու բանակցութիւնները դիւրացնելու: Շենքըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իր հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծած է նաեւ բարեկարգումները գործադրելու եւ ժողովուրդին պահանջները գոհացնելու կարեւորութիւնը: Սահմանագծումի բանակցութիւններուն մասին իր յոռետես կամ լաւատես ըլլալուն առումով Շենքըր յայտնեց, որ ինք այդ...

Իսրայէլեան Ուժերը Սկսան Ռազմափորձի Մը, Որ Համազօր Է Հըզպալլայի Դէմ Հաւանական Պատերազմի Մը

Իսրայէլեան Ուժերը Սկսան Ռազմափորձի Մը, Որ Համազօր Է Հըզպալլայի Դէմ Հաւանական Պատերազմի Մը

Իսրայէլեան ուժերը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեցին, որ սկսած են ընդարձակ ռազմափորձի մը, որ համազօր է Հըզպալլայի դէմ հաւանական պատերազմի մը: Իսրայէլեան ուժերուն համաձայն, այդ ռազմափորձը կը կոչուի «Մահացու նիզակ»: Ռազմափորձը պիտի տեւէ քանի մը օր` ներառելով հետեւակ զօրքը, ծովուժն ու օդուժը: «Ընդարձակ այս ռազմափորձին նպատակն է իսրայէլեան ուժերուն յարձակողական  կարողութիւնները բարելաւել եւ ամբողջականօրէն զինուորական ամէն մակարդակի փորձեր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին զգուշանալու երկկողմանի գաղտնի համաձայնութիւններէ եւ խոստումներէ, որոնք տարակարծութիւններ եւ տագնապներ ստեղծելու միտումներ կ՛ընդգրկեն: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին համաձայն, երկրին կրթական մարզը հետզհետէ կը տուժէ, իսկ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է այս իմաստով անյապաղ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի...

Page 456 of 988 1 … 455 456 457 … 988

Արխիւներ