Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հինգշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2020-ին իսրայէլացի հինգ հետեւակ զինուորներ խախտած են սահմանային Կապոյտ գիծը եւ 30 մեթր յառաջացած են դէպի Ռաս Նաքուրա:
Ըստ բանակի հրամանատարութեան, անոնք լիբանանեան հողերուն վրայ հինգ վայրկեան մնալէ ետք հեռացած են դէպի բռնագրաւուած Պաղեստին:
Սահմանային այս խախտումին մասին հետաքննութիւն բացուած է լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողմէ: