Պէյրութի մէջ ամերիկեան ծովուժի կեդրոնատեղիին դէմ գործուած անձնասպանական գործողութեան 37-րդ յիշատակին առիթով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ յայտնեց, որ խաղաղապահ առաքելութեամբ Պէյրութ ժամանած այդ ուժերուն դէմ Հըզպալլա գործած էր յարձակումը` սպաննելով ամերիկեան ծովուժի 241 անդամներ:
«Մենք բնաւ պիտի չմոռնանք ամերիկեան ծովուժի նահատակ անդամներուն զոհողութիւնները եւ խաղաղարար նպատակները: Այս արարքը կը փաստէ մնայուն կերպով յարձակում գործելու Հըզպալլայի յանձնառութիւնը», ըսաւ Փոմփէօ:
Ան աւելցուց, որ ահաբեկչական այս գործողութիւնները կը բացայայտեն նման արարքներ հովանաւորելու Իրանի դիմակը:
«Այսօր մենք կը մեծարենք մեր նահատակները եւ կը վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը` արգիլելու համար Լիբանանի մէջ կամ այլուր Հըզպալլայի կողմէ գործուելիք յաւելեալ արիւնահեղութիւններ», ըսաւ ան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող բոլոր երկիրներուն:
Նշենք, որ Հըզպալլայի դէմ պայքարելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ «Ռիուորտզ ֆոր ճասթիս» ծրագիրով 5 միլիոն տոլար նիւթական պարգեւ ճշդած են անոր, որ կը կարենայ Հըզպալլայի անդամ Ֆուատ Շքըրի մասին տեղեկութիւններ ներկայացնել, ինչպէս նաեւ 10 միլիոն տոլար նիւթական պարգեւ` անոր, որ կարենայ Հըզպալլայի անդամ Մոհամետ Պազզալի մասին տեղեկութիւններ տալ: