Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ Իսրայէլի հարաւային շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը փոխուած է:
Ան շեշտեց, որ ո՛չ հրթիռները եւ ո՛չ ալ փուչիկները արտօնուած են:
Անդրադառնալով սուրիական հողերէն Իսրայէլի դէմ արձանագրուած կրակոցներուն` Կանց յայտնեց, որ ինք պիտի չանդրադառնայ կրակ բացող կողմերուն, «սակայն կը հաստատեմ, որ Հըզպալլային կամ սուրիացի ահաբեկիչներուն պիտի չարտօնենք Կոլանի սահմաններուն վրայ տեղակայուիլ», շեշտեց ան: