Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի Նշանակուեցաւ Վարչապետ. Կառավարութիւնը Կազմելու Նպատակով Հարիրի Այսօր Կը Խորհրդակցի Երեսփոխանական Պլոքներուն Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, նախագահական պալատին մէջ սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց աւարտին վարչապետի պաշտօնի միակ թեկնածու Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ վարչապետ:

Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք Սաատ Հարիրի 65 քուէով դարձաւ վարչապետ, մինչդեռ 53 այլ երեսփոխաններ մերժեցին ոեւէ մէկուն թեկնածութիւնը առաջադրել, իսկ երկու երեսփոխաններ` Միշել Մըր եւ Թալալ Արսլան, ներկայ չգտնուեցան խորհրդակցութիւններուն:

Միւս կողմէ, հակառակ Պաապտայէն իր բացակայութեան, երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի առաջադրած էր Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը:

Շուրջ 5 ժամ տեւած խորհրդակցութիւններէն ետք նախագահ Աուն խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, եւ Սաատ Հարիրին պաշտօնապէս հրաւիրուեցաւ Պաապտա` ստանձնելու համար նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը:

Նախագահական պալատ ժամանած Հարիրի հանդիպում ունեցաւ նախագահ Աունի եւ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի ըսաւ. «Յոռետեսութիւնը մեր բոլորին վրայ վատ ազդեցութիւն կը ձգէ, սակայն կը հաստատեմ, որ նախագահ Աունի ու Հարիրիի, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ լաւատեսական մթնոլորտ կը տիրէ»:

Ան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը նախատեսուածէն շատ աւելի արագ պիտի կատարուի:

Ապա նորանշանակ վարչապետ Սաատ Հարիրի դիտել տուաւ, որ նախագահ Աուն` ներկայութեամբ Պըրրիի, զինք նշանակած է վարչապետ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն երեսփոխաններուն, որոնք առաջադրեցին իր թեկնածութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կը փափաքի կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որուն անդամները անկուսակցական պիտի ըլլան:

«Նոր կազմուելիք կառավարութեան նպատակը պիտի ըլլայ ֆրանսական նախաձեռնութեան բովանդակած տնտեսական, ելեւմտական եւ վարչական բարեկարգումները գործադրել», ըսաւ ան:

Իր խօսքը ուղղելով բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւող եւ յուսալքուած լիբանանցիներուն` Հարիրի ըսաւ, որ ինք յանձնառու կը մնայ Լիբանանի տնտեսութեան, ընկերութեան եւ ապահովութեան քայքայումը կասեցնելու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին գործած աւերը հարթելու եւ մայրաքաղաքը վերակառուցելու իր խոստումին: «Այս նպատակով պիտի աշխատիմ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմել, որովհետեւ անիկա մեր երկրին համար առկայ միակ եւ վերջին առիթն է», ըսաւ ան:

Նշենք, որ նախագահ Աուն խորհրդակցութիւնները սկսաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթէին, որ առաջադրեց Հարիրիի թեկնածութիւնը:

Միքաթի մաղթեց, որ բոլոր ջանքերը մէկտեղուին` կազմելու համար աշխուժ եւ կարողութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը, որ ի վիճակի կ՛ըլլայ բարեկարգումներ կատարել եւ Լիբանանի նկատմամբ ներքին ու արտաքին վստահութիւնը վերականգնել:

Միքաթի նշեց, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնած է, որ նախագահ Աուն սահմանադրութեան հիման վրայ իրաւարար ըլլայ եւ ոչ թէ կողմ:

Ապա Սաատ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Նախագահ Աուն ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ առաջադրեց Հարիրիի թեկնածութիւնը:

Սալամ մաղթեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը կ՛օժանդակեն Հարիրիի` կառավարութիւնը կազմելու առումով, եւ հեռու կը մնան աշխատանքը արգելակելու ու խոչընդոտելու մօտեցումներէն:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ իր թեկնածուն Հարիրին է, որովհետեւ ան պիտի կասեցնէ Լիբանանի քայքայումը:

Մուսթաքպալ պլոքի անունով երեսփոխան Սամիր Ժսըր ըսաւ, թէ պլոքը առաջադրած է Հարիրիի թեկնածութիւնը` մաղթելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կարճատեւ կ՛ըլլայ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, խորհրդակցելէ ետք նախագահ Աունի հետ, յայտնեց, որ պլոքը ոչ ոքի թեկնածութիւնը առաջադրած է:

«Ազգային համախոհութիւնն ու փոխըմբռնումը Լիբանանը պահպանելու պարտադիր անցք մըն է», ըսաւ Ռաատ:

Ազգային համախմբում պլոքի անդամ Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ պլոքը առաջադրած է Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը` աւելցնելով, որ հարկ է ամէնէն արագ միջոցին կազմել կառավարութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, թէ իրենք կը պահանջեն կառավարութիւն մը, որ կը ներկայացնէ լիբանանցիները եւ անոնցմէ կը հեռացնէ անիրաւութիւնը:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք առաջադրած են Հարիրիի թեկնածութիւնը` փորձել փրկելու համար երկրին մնացորդացը:

Անկախ կեդրոնի պլոքին անունով երեսփոխան Ժան Օպէյտ առաջադրեց Հարիրիի թեկնածութիւնը` մաղթելով, որ Աստուած անոր օգնական ըլլայ:

Ղովմի կուսակցութեան պլոքին անունով երեսփոխան Ասսատ Հարտան զօրակցութիւն յայտնեց Հարիրիի թեկնածութեան` կոչ ուղղելով ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ անյապաղ ընդառաջել ժողովուրդին պահանջներուն եւ ընկերային թղթածրարը նկատել առաջնահերթութիւն:

«Հարիրի պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը` փրկելու համար Լիբանանը», շեշտեց Հարտան:

Խորհրդակցական հանդիպում պլոքին անունով երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ պլոքը ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրած է: Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը արագ կերպով կազմուի:

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի անունով երեսփոխան Ժորժ Ատուան ըսաւ, որ պլոքը ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրեց` հաստատելով, թէ քաղաքական ներկայ դասակարգը լուրջ քննութեան դիմաց կը գտնուի:

Անկախ երեսփոխան Էտի Տեմիրճեան զօրակցութիւն յայտնեց Հարիրիի թեկնածութեան:

Անկախ երեսփոխան Միշել Տահեր առաջադրեց Հարիրիի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ ներկայ պահը քաղաքական քինախնդրութեան յարմար պահ չէ:

Անկախ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք առաջադրեց Հարիրիի թեկնածութիւնը եւ կոչ ուղղեց` կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը:

Անկախ երեսփոխան Ուսամա Սաատ ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրեց` յայտնելով, որ իրեն համար արժանի թեկնածուներ չկան:

Անկախ երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի ընդգծեց, որ ինք Հարիրիի թեկնածութիւնը չէ առաջադրած: «Կարելի չէ ժողովուրդը նորութեամբ մը համոզել` նկատի ունենալով այն ձեւը, որով Հարիրի իր թեկնածութիւնը առաջադրեց», շեշտեց ան:

Անկախ երեսփոխան Շամել Ռուքոզ կոչ ուղղեց` անյապաղ կազմելու կառավարութիւն մը: Ան ոչ ոքի անունը առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար:

Անկախ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրեց` հաստատելով, որ Սաատ Հարիրի նոյն անձնաւորութիւնն է, ինչպէս որ էր երբ նախկին վարչապետ էր, եւ մարդիկ չեն փոխուիր:

Անկախ երեսփոխան Ժիհատ Սամատ առաջադրեց Հարիրիի թեկնածութիւնը:

Երեսփոխան Ժան Թալուզեան առաջադրեց Հարիրիի թեկնածութիւնը` նշելով, որ այս հարցով տարակարծիք է Հզօր հանրապետութիւն պլոքին հետ:

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք Հարիրիի թեկնածութիւնը չառաջադրեցին` ընդգծելով, թէ իրենք կը փափաքէին, որ յաջորդ կառավարութիւնը ըլլայ մասնագէտներու կառավարութիւն` վարչապետով եւ նախարարներով:

Պասիլ դիտել տուաւ, որ իրենց կեցուածքը քաղաքական է եւ բնաւ անձնական ենթահողեր չունի:

Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքին անունով երեսփոխան Մարիօ Աուն ըսաւ, որ այս պլոքը Հզօր Լիբանան համախմբումին անմասնատելի մէկ բաժինն է, հետեւաբար պլոքը եւս ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրած է:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը առաջադրեց Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը` կոչ ուղղելով անյապաղ կազմելու փրկութեան կառավարութիւն մը:

Յետմիջօրէին Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի, Ֆուատ Սինիորայի, Սելիմ Հըսի, Թամմամ Սալամի ու Հասսան Տիապի հետ եւ անոնց հետ համաձայնեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւններով բաւարարուիլ` ապահովական պատճառներով:

Նախկին վարչապետները Հարիրիի յաջողութիւն մաղթեցին` նոր կառավարութիւն մը կազմելու իր պարտականութեան մէջ:

Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հարիրի յայտնեց, որ եթէ երկրին շահերը բոլորին միջեւ փոխըմբռնում կ՛ենթադրեն, ապա հարկ է երկրին շահերը գերագոյն դասել:

Պասիլի հետ հանդիպումի մը հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ ինք  ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հետ:

Վարչապետ Հարիրի այսօր յետմիջօրէին խորհրդարանին մէջ պիտի կատարէ կառավարութեան կազմութեան նպատակով երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններ:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն շեշտեց, որ ոչ մէկ երկիր, յատկապէս` Լիբանանի նման աղիտալի պայմաններ դիմագրաւող երկիր մը, կրնայ շարունակել առանց աշխուժ եւ բարեկարգումի ձգտող կառավարութեան:

Քիւպիչ յայտնեց, որ աւանդական քաղաքական ուժերը դարձեալ իրենց ուսերուն առած են յառաջխաղացք արձանագրել եւ, հակառակ իրենց անցեալի բացթողումներուն, կառավարութիւն մը կազմել:

«Անոնք պէտք է օժանդակեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի` կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն պիտի ունենայ գործադրել յստակօրէն պահանջուած բարեկարգումները: Արտաքին աշխարհէն հրաշքներ մի՛ սպասէք: Փրկութիւնը պէտք է սկսի Լիբանանի մէջ Լիբանանի միջոցով», շեշտեց Քիւպիչ:

ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ խումբ մը երիտասարդներ երկու ուղղութեամբ փակեցին Սայֆիի մայրուղին, ինչպէս նաեւ այլ խումբ մը համախմբուեցաւ Ժալ էլ Տիպի կամուրջին մօտ` բողոքելով Հարիրիի վարչապետ վերանշանակումին դէմ:

Նախորդը

«Վարչապետը Պարտի Գործակցիլ Հանրապետութեան Նախագահին Հետ Բարեկարգումներու Իրագործման Համար» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Արցախի Անկախութեան Ճանաչումներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?