Լիբանանեան

Փոմփէոյի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին`  «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Ծովային Եւ Ցամաքային Իր Իրաւունքներուն, Նաեւ` Գերիշխանութեան Պահպանումին»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Փոմփէոյի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին` «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Ծովային Եւ Ցամաքային Իր Իրաւունքներուն, Նաեւ` Գերիշխանութեան Պահպանումին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումի բանակցութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Փոմփէոյի` սահմանագծումի բանակցութիւններու շրջագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներու խաղցած միջնորդի դերակատարութեան համար: «Լիբանան յանձնառու կը մնայ ծովային եւ ցամաքային իր իրաւունքներուն, նաեւ ...

Խմբագրական.  Պահու Կարեւորութիւնը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` 19 հոկտեմբերին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: 45 վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան խորհրդակցութիւններու յետաձգման լոյսին տակ ստեղծուած կարելիութիւնները: Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ յառաջիկայ հինգշաբթի խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան, եւ ներկայացուց այն դժուարութիւնները, որոնք պատճառ դարձան նախորդ հինգշաբթի օր նախատեսուած խորհրդակցութիւններու յետաձգման` նշելով, թէ...

Պըրրի. «Պէյրութի Նաւահանգիստին Պայթումը Ազգային Վէրք Մը Պատճառած Է Եւ Զայն Կարելի Է Ամոքել` Քաղաքական Պառակտումներէ Հեռու Պահելով Եւ Արդար Հետաքննութիւն Ապահովելով»

Պըրրի. «Պէյրութի Նաւահանգիստին Պայթումը Ազգային Վէրք Մը Պատճառած Է Եւ Զայն Կարելի Է Ամոքել` Քաղաքական Պառակտումներէ Հեռու Պահելով Եւ Արդար Հետաքննութիւն Ապահովելով»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստին: Մինչ այդ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած նահատակներուն ընտանեկան պարագաները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանը պատրաստ է օրէնսդրական ամէն ջանք ի գործ դնելու` արդար հատուցում ապահովելու համար Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումի նահատակներուն ընտանիքներուն եւ պայթումէն տուժածներուն: Պըրրի նշեց,...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 62.944-ի, Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 526-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 62.944-ի, Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 526-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 62.944-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 995 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 937-ը` տեղացիներ, իսկ 58-ը` Լիբանան ժամանած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 526 վարակուած պարագաներ մահացած են: Այս ծիրին մէջ Ժունիէի եւ Քեսրուանի առեւտրականներու միութիւնը հաստատեց իր մերժումը` Ժունիէի եւ Քեսրուանի շուկաները փակ պահելու որոշման: Միութիւնը դիտել...

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Ը. Տարելիցին Առիթով Օսման Կ՛այցելէ Հասանի Դամբարանը

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Ը. Տարելիցին Առիթով Օսման Կ՛այցելէ Հասանի Դամբարանը

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի նահատակութեան Ը. տարելիցին առիթով, երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման այցելեց Հասանի դամբարանը, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց: Իր արտասանած կարճ խօսքին մէջ Օսման շեշտեց, որ Ուիսամ Հասանի յիշատակը իրենց հոգիներուն մէջ վառ կը պահէ տոկալու կամքը` յատկապէս զգայուն այս փուլին: «Նահատակութիւնդ կը փաստէ, որ դուն  հայրենիքին...

Պէյրութի Քաղաքապետարանը Թարիք Ժտիտէէն Հեռացուց Հրդեհ Բռնկեցնող Նաւթային Նիւթեր

Պէյրութի Քաղաքապետարանը Թարիք Ժտիտէէն Հեռացուց Հրդեհ Բռնկեցնող Նաւթային Նիւթեր

Պէյրութի քաղաքապետարանը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ, Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտի հրահանգին ընդառաջելով, Պէյրութի հրշէջներու բաժանմունքն ու Պէյրութի պահակագունդը կատարած են հսկողութեան ընդհանուր արշաւ մը, որուն շրջագիծին մէջ Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ գտած են պենզինի եւ կազի շտեմարաններ, որոնք զետեղուած էին ստորերկրեայ պահեստանոցի մը մէջ: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ վառելանիւթի պահեստանոցը կը գտնուէր «Մաքասետ» հիւանդանոցին հանդիպակաց...

Յայտնելով, Որ Երեքշաբթի Գիշեր Կը Յստականայ  ՀՅԴ-ին Կեցուածքը.  Յակոբ Բագրատունի. «Ոչ Ոք Մեզմէ Պահանջեց,  Որ Խորհրդակցութեանց Յետաձգում Առաջարկենք»

Յայտնելով, Որ Երեքշաբթի Գիշեր Կը Յստականայ ՀՅԴ-ին Կեցուածքը. Յակոբ Բագրատունի. «Ոչ Ոք Մեզմէ Պահանջեց, Որ Խորհրդակցութեանց Յետաձգում Առաջարկենք»

«Ժողովրդավար Եւ Մարդկային Իրաւունքներէն Խօսող Երկիրներ Լոկ Յայտարարութիւններով Կը Բաւարարուին, Մինչ Ժողովուրդ Մը Ամբողջ Յաչս Աշխարհին, Կը Ջարդուի» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի լիբանանեան պատկերասփիւռի «Ժատիտ» կայանի «Ու հալլա շո՞ւ» յայտագիրին ընթացքին խօսեցաւ կառավարութեան կազմութեան մասին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները: Լիբանանեան առումով ան դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան եւ նոր...

Ցաւ Յայտնելով Արցախի Հայութեան Կրած Տառապանքին Համար.  Ռայի Պատրիարք Կոչ Ուղղեց ՄԱԿ-ին` Խաղաղարար  Լուծման Եւ Հայ Ժողովուրդին Ազատ Ու Ապահով Ապրելու  Օրինական Պայմաններու Հաստատման

Ցաւ Յայտնելով Արցախի Հայութեան Կրած Տառապանքին Համար. Ռայի Պատրիարք Կոչ Ուղղեց ՄԱԿ-ին` Խաղաղարար Լուծման Եւ Հայ Ժողովուրդին Ազատ Ու Ապահով Ապրելու Օրինական Պայմաններու Հաստատման

«Մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք մեր եղբայրները, որոնք կը տառապին Արցախի մէջ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տիրող պատերազմին պատճառով», ըսաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարք իր կիրակնօրեայ քարոզին մէջ: Ան Աստուծմէ խնդրեց դադրեցնել պատերազմը, պաշտպանել  քաղաքացիներն ու ամրագրել հրադադարը: Ռայի պատրիարք ցաւ յայտնեց, որ շրջանի ազդեցիկ պետութիւններ ձախողած են հակամարտութիւնը իր զինուորական բնոյթէն խաղաղարար բանակցութիւններու վերածելու մէջ: «Կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ին` դադրեցնելու բռնարարքները,...

Թրքական Արտադրութիւններուն Դէմ Սէուտական  Պոյքոթը Կը Վարակէ Արաբական Այլ Երկիրներ

Թրքական Արտադրութիւններուն Դէմ Սէուտական Պոյքոթը Կը Վարակէ Արաբական Այլ Երկիրներ

Թրքական արտադրութիւններու ներածման արգելքի եւ զանոնք պոյքոթի ենթարկելու սէուտական առեւտրական շրջանակներու ինքնաբուխ կոչը, վերջին օրերուն տարածուելով, հետզհետէ վարակեց արաբական աշխարհի այլ պետութիւններ, ինչպէս` Թունուզ, Ալճերիա, Մարոք...: Այս գծով պատկերասփիւռի «Սքայ Նիուզ» արբանեակային կայանի արաբերէն հաղորդումներու բաժինի մէկ հաղորդավարը յայտնեց, թէ թրքական արտադրութիւններուն դէմ պոյքոթի «հաշթակը» մեծ տարածում գտած է ընկերային ցանցերու, յատկապէս «Թուիթըր»-ի վրայ` գրաւելով երրորդ դիրք համացանցի միջազգային հարթակին...

Առաջարկելով 300 Միլիոն Տոլարի Գումարը  Վնասուածներուն Յատկացնել.  Թերզեան. «Մարոնի Պատրիարքութեան Տեղեկութիւն Տուի  Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Վրայ Կատարուող  Բացայայտ Յարձակման Մասին»

Առաջարկելով 300 Միլիոն Տոլարի Գումարը Վնասուածներուն Յատկացնել. Թերզեան. «Մարոնի Պատրիարքութեան Տեղեկութիւն Տուի Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Վրայ Կատարուող Բացայայտ Յարձակման Մասին»

«Նաւահանգիստին մէջ անհոգութիւն կար, եւ առժամեայ յանձնախումբին մօտ կայ 300 միլիոն տոլարի գումար, որ պիտի յատկացուէր նաւահանգիստի չորրորդ աւազանի խցումին եւ լրացման: Կ՛առաջարկեմ այդ գումարը յատկացնել պայթումէն վնասուած քաղաքացիներուն եւ զանոնք վերադարձնել իրենց տուները», յայտարարեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով: Հզօր Լիբանան պլոքի պատուիրակութեան մաս կազմելով` Յակոբ Թերզեան երէկ` 18 հոկտեմբերին,  երեսփոխան...

Պոյքոթ` Թրքական Արտադրութիւններուն.   Ծոցի Երկիրներուն Մէջ Թրքական Արտադրութիւններու Պոյքոթը Կը Սաստկանայ

Պոյքոթ` Թրքական Արտադրութիւններուն. Ծոցի Երկիրներուն Մէջ Թրքական Արտադրութիւններու Պոյքոթը Կը Սաստկանայ

Թրքական արտադրութեանց դէմ սէուտական ժողովրդային պոյքոթը ցարդ 3,2 միլիառ տոլարի վնաս պատճառած է թրքական տնտեսութեան, ինչպէս կը նշէ լրագրող Սարգիս Նաճարեան: Աւելին, թրքական տեղեկատուական զեկոյցներ կ՛անդրադառնան միջազգային հանրածանօթ ընկերութիւններու (ինչպէս` սպանական «Մանկօ» ընկերութիւնը) կատարած հետազօտութիւններուն` Թուրքիան փոխարինող այլ ընկերութիւններու վերաբերող, որպէսզի անոնք կրնան պատրաստել իրենց արտադրութիւնները եւ այս` խուսափելու եւ կանխարգիլելու համար շրջանին մէջ կարեւորագոյններէն նկատուող` Ծոցի շուկայէն իրենց հեռացումը:...

Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը  Զգուշաւոր Մթնոլորտ Կը Ստեղծէ

Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը Զգուշաւոր Մթնոլորտ Կը Ստեղծէ

Կառավարութեան կազմութեան նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու մէկ շաբաթով յետաձգման որոշումը երէկ դուռ բացաւ թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններու: Արդարեւ, անոնք, որոնք կեցուածքներու հոլովոյթի լոյսին տակ կանխատրամադրուած էին խորհրդակցութիւններու յետաձգման հաւանականութեան գծով` ողջունեցին որոշումը` մաղթելով, որ տեսակէտները «հասուննան» եւ կողմերուն համախոհութեամբ կազմուի նոր կառավարութիւնը` առանց յաւելեալ ձգձգումի: Տարբեր Կարծիքներ` Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Յետաձգման Մասին...

Թերզեան. «Պէտք Է Ստեղծել Յստակ Մեքանիզմներ Եւ Սկսիլ Հատուցում Կատարել Պայթումէն Տուժածներուն»

Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով Պէյրութի Երեսփոխաններու Նիստի Աւարտին. «Վնասուած Քաղաքացիները Իրենց Տուները Պիտի Վերադարձնենք» Խոստացաւ Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան

«Մարդիկը պիտի վերադարձնենք իրենց տուները, «մոռացութիւն» բառը անօգուտ է եւ բաւարար չէ», յայտարարեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, նախանցեալ օր Պէյրութի երեսփոխաններու ժողովի աւարտին` խոստանալով Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր աղէտէն վնասուած քաղաքացիներուն կարիքները հոգալ եւ փութացնել վնասներուն վերականգնումը: Իր կարգին, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի խոստացաւ շարունակել տարուող ճիգերը` նշեալ աղէտէն վնասուածներուն օժանդակութեան համար: Ան յայտնեց, որ նաւահանգիստի մերձակայքի (ներառեալ Պուրճ...

Առիթ Տալու Համար Յաւելեալ Քննարկումներու Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցան

Առիթ Տալու Համար Յաւելեալ Քննարկումներու Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցան

Կառավարութեան կազմութեան գծով  «Մուսթաքպալ» հոսանքին ձեռնարկած նախապատրաստական երկօրեայ խորհրդակցութիւնները չյանգեցան ակնկալուած արդիւնքին` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակման որոշումին: Խորքին մէջ, հակառակ խորհրդարանական զանազան պլոքներու հետ ցարդ կայացած հանդիպումներու «դրական» մթնոլորտին, կարելի չեղաւ այս գծով համախոհութիւն գոյացնել: Փաստօրէն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հզօր հանրապետութիւն պլոքին անունով մերժեց ընդառաջել Հարիրիի թեկնածութեան հաւանականութեան: Նմանապէս, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան...

Յաջորդ Նիստը Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Որոշելով`  Ջրային Սահմանագիծին Շուրջ Բանակցութիւններու Առաջին Նիստը Գումարուեցաւ

Յաջորդ Նիստը Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Որոշելով` Ջրային Սահմանագիծին Շուրջ Բանակցութիւններու Առաջին Նիստը Գումարուեցաւ

Քուլիսային երկար եւ բազմակողմ դասաւորումներէ ետք, երէկ` չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, ՄԱԿ-ի Նաքուրայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ջրային սահմանագիծին շուրջ բանակցութիւններու առաջին նիստը, ամերիկեան միջամտութեամբ, ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն: Յետ խորհրդակցութեանց, յաջորդ նիստի թուական որոշուեցաւ հոկտեմբերի վերջը: Իսրայէլի հետ անուղղակի այս բանակցութեանց ընթացքին ուշագրաւ էր լիբանանեան պատուիրակութեան նախանձախնդրութիւնը ` խուսափելու թշնամի պատուիրակութեան կազմին...

«Մուսթաքպալ» Հոսանքի Պլոքի Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումի Աւարտին.  «Ատենն Է, Որ Ամէնէն Կարճ Միջոցին Կազմենք Կառավարութիւնը Եւ Բարեկարգումներու Ձեռնարկենք»   Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Մուսթաքպալ» Հոսանքի Պլոքի Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումի Աւարտին. «Ատենն Է, Որ Ամէնէն Կարճ Միջոցին Կազմենք Կառավարութիւնը Եւ Բարեկարգումներու Ձեռնարկենք» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Երկրի տարբեր կողմերու հետ իր ձեռնարկած խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ, «Մուսթաքպալ» հոսանքի պլոքի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, երէկ` երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսան Մաթոսեանի հետ: «Ատենն է, որ կառավարութիւնը կազմենք եւ բարեկարգումներուն ձեռնարկենք ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին», յայտարարեց երեսփոխան Բագրատունի հանդիպումի աւարտին:...

Առնչակից Կողմերու Ընդառաջող Ու Վերապահ Կեցուածքներուն Լոյսին Տակ.   Շաբաթավերջին Կը Վճռուի Կառավարութեան Կազմութեան Սպիտակ Ծուխի Ճակատագիրը

Նախապատրաստական Քայլերու Մթնոլորտին Մէջ. Ճիգերը Կ՛ընթանան Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Ընկերային Երեք Ուղղութեամբ

Լիբանանեան ղեկավար պաշտօնական թէ ժողովրդային շրջանակներ իրենց քայլերը ուղղած են երեք տարբեր թիրախներու վրայ` իւրաքանչիւրը ի՛ր ոճով: Քաղաքական-տնտեսական առումով այսօր հարաւի Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ բացումը կը կատարուի Լիբանանի ջրային սահմանագիծի ճշդման բանակցութեանց, որոնք, ի տարբերութիւն Ծոցի կարգ մը արաբական երկիրներուն, չեն առնչուիր Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներու: Փաստօրէն, այս քայլը իր տեսակին մէջ առաջինը չէ, եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ...

Առնչակից Կողմերու Ընդառաջող Ու Վերապահ Կեցուածքներուն Լոյսին Տակ.   Շաբաթավերջին Կը Վճռուի Կառավարութեան Կազմութեան Սպիտակ Ծուխի Ճակատագիրը

Առնչակից Կողմերու Ընդառաջող Ու Վերապահ Կեցուածքներուն Լոյսին Տակ. Շաբաթավերջին Կը Վճռուի Կառավարութեան Կազմութեան Սպիտակ Ծուխի Ճակատագիրը

Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման «բանալի» ազդակներէն կարեւորագոյնը նկատուող կառավարութեան կազմութեան հարցը դարձեալ իր վրայ կեդրոնացուց ներքին թէ արտաքին առնչակից շրջանակներու ուշադրութիւնը: Արդարեւ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի երէկ` երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերին մեկնարկած խորհրդակցութիւնները նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, յաւելեալ լուրջ բնոյթ տուին նախատեսուող խոստմնալից քայլերուն: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ դրականօրէն արտայայտուեցաւ Պաապտայի եւ Այն Թինէի...

Դատապարտելով Հակահայ Յարձակումները`   Երեսփոխան Թալալ Արսլան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայ Ժողովուրդին

Դատապարտելով Հակահայ Յարձակումները` Երեսփոխան Թալալ Արսլան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայ Ժողովուրդին

Դատապարտելով Հայաստանի սահմանագիծին ուղղութեամբ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուող յարձակումները` երեսփոխան  Թալալ Արսլան հետեւեալ գրառումը կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ. «Շրջանին մէջ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը մեծ պետութեանց եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պարտականութիւնն է, եւ Հայաստանի դէմ կատարուած ու այսօր շարունակուող յարձակումը մերժելի եւ դատապարտելի է»: «Կը զօրակցինք ու կողքին կը կանգնինք  հայ ժողովուրդին, որուն հետ ունինք պատմական սերտ կապեր, եւ իրաւունքի...

Վարչապետ Հարիրի Փարիզի Մէջ  Ենթարկուեցաւ Վիրահատութեան

Երկրի Ընկերային Ու Քաղաքական-Տնտեսական Տագնապներուն Գծով Լիբանան Կը Թեւակոխէ Վճռական Շաբաթ Մը

Երկար տեղքայլէ ետք, կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնը դարձեալ սեղանի վրայ դրուեցաւ, երբ անցնող շաբաթավերջին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց իր թեկնածութիւնը ներկայացնելու վարչապետի պաշտօնին: Շատերու համար անակնկալ թուացող Հարիրիի այս քայլը կու գայ այնպիսի պահու մը, երբ երկիրը կը տապլտկի իր ներքին ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, քաղաքական թէ այլ հրատապ հարցերուն մէջ: Փաստօրէն, 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային...

Page 458 of 988 1 … 457 458 459 … 988

Արխիւներ