Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի կատարէ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին նախագահ Աուն լիբանանցիներուն փոխանցեց պատգամ մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ` նկատի ունենալով իր սահմանադրական պատասխանատուութիւնը եւ պաշտօնին խորհրդանշական ըլլալու իրողութիւնը, իր պարտականութիւնը նկատած է պատգամ մը յղել լիբանանցիներուն եւ խորհրդարանի անդամներուն` երկրին կացութեան մասին սրտբաց ելոյթ մը ունենալու դիտանկիւնէն մեկնելով:
«Մենք կը գտնուինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ համաձայնութիւններ կը գոյանան, քարտէսներ կը փոխուին, ինչպէս նաեւ ծաւալապաշտական եւ մասնատումի քաղաքականութիւն կը կիրարկուի` շրջանային առումով: Մեր շրջանը քաղաքական բազմաթիւ ու խոր փոփոխութիւններ ապրեցաւ, եւ այդ բոլոր փոփոխութիւններուն հետեւանքները տակաւին չեն դրսեւորուած», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ դրսեւորուելու պարագային շատ մը իրականութիւններ կրնան ամբողջութեամբ շրջուիլ:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ հիմնական հարցումը այն է, թէ Լիբանան ո՞ւր կը գտնուի այս բոլորին մէջ եւ ի՛նչ քաղաքականութիւն պէտք է որդեգրէ` առանցքային հսկայական համաձայնութիւններու դիմաց: «Ես կ՛ապրիմ ժողովուրդին ցաւը եւ կը բաժնեմ անոնց դժբախտութիւնն ու բարկութիւնը, սակայն իրականութեան մէջ իմ պարտականութիւնս է յիշեցնել, որ տասնեակ տարիներէ Լիբանանին իշխող պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց ընթացքը եւ կը բարձրացնեն հնչեղ կարգախօսներ, որոնք իրականութեան մէջ զգուշացման խոստումներ եղած են եւ լիբանանցիներուն ներկային ու ապագային համար տեսակարար նուաճումներու չեն վերածուած», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, թէ բարեկարգումը կը մնայ կարգախօս մը, որ կը կրկնուի քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ, որոնք, սակայն, այդ կարգախօսին հակառակ ուղղութեամբ կը գործեն:
«Անոնք բարեկարգումի կարգախօսը կը կրկնեն, սակայն բարեկարգումի ոչ մէկ օգտակար քայլի կը դիմեն, այլեւ` կ՛ապահովեն իրենց անձնական եւ իշխանական շահերը` նուիրումով եւ արհեստավարժութեամբ: Այս պատճառով Լիբանանի մէջ փտածութիւնը վերածուած է հաստատութենական հիմքեր ունեցող կազմակերպուած արարքի մը, որ իր արմատները նետած է նաեւ վարչական բաժանմունքներուն մէջ: Երբ տակաւին Ֆրանսա կը գտնուէի, Լիբանանի մէջ բարեկարգումի մասին կը խօսէին, սակայն վերադառնալէս ետք ոչ մէկ բարեկարգում շօշափեցի, այդ պատճառով ալ ձեռնարկեցի փոփոխութիւն եւ բարեկարգում ծրագիրին` հայրենիքը անձնական եւ իշխանական շահերէ փրկելու նպատակով», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ երբ ինք փոփոխութիւն եւ բարեկարգում ծրագիրին ձեռնարկած է, անկէ տուժածները իրեն դէմ պատնէշներ բարձրացուցած են, «իսկ լիբանանեան մամուլին էջերը առկայ են` փաստելու համար այն արշաւը, որ ինծի դէմ մղուեցաւ` արգիլելու համար որեւէ բարեկարգում գործադրելու քայլ, այն պատճառով, որ անիկա պարզապէս իմ անձնական համոզումներէս բխած էր», նկատել տուաւ ան:
Նախագահ Աուն հարց տուաւ, որ ընկերային ապահովագրութեան չգոյութեան առումով ի՞նչ վիճակի դէմ յանդիման կը գտնուի լիբանանցին, յատկապէս լիբանանցի տարեցները:
«Տարեցներու հանգստեան թոշակի դրութեան մասին օրինագիծ մը ներկայացուցած եմ` Լիբանան վերադառնալէ ետք. արդեօք ե՞րբ պիտի վաւերացուի այդ օրինագիծը», հարց տուաւ ան:
Նախագահ Աուն նաեւ հարցուց, որ ո՞ւր են այն բժշկական, առողջական եւ բուժման յատկացումները, որոնք լիբանանցիներուն պիտի տրամադրուին, երբ անոնք տնտեսական նեղ կացութեան մատնուած են` անտեսումի եւ անփութութեան պատճառով:
«Ո՞ւր է երկրին տնտեսութիւնը: Ո՞ւր են լիբանանցիներուն գումարները, որոնք ճակտի քրտինքով վաստկած են անոնք: Ո՞ւր է տնտեսական ընթացագիծը, ո՞վ ձախողցուցած է անոր գործադրութիւնը: Ո՞ւր է ներդրումի ծրագիրը: Ո՞ւր է «Սետր»-ի ծրագիրը: Ո՞ւր է 2010-ին ներկայացուած ելեկտրականութեան ծրագիրը: Ո՞ւր են ամբարտակներու ծրագիրները` պահպանելու համար մեր ջրային հարստութիւնները», հարց տուաւ նախագահ Աուն:
Ան ընդգծեց, որ իր իշխանութեան սկիզբը ամէն ջանք ի գործ դրած է սկսելու համար լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթի եւ բնական կազի պեղումներու պաշտօնական աշխատանքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին բնական հարստութիւններուն շնորհիւ փրկել տնտեսական կացութիւնը, «սակայն այդ մասին ցարդ կասկածներ կը տիրեն, եւ պետական մարզին մէջ գործող կարգ մը պատասխանատուներու սփռած յոռետեսութեամբ կը վարուին այդ իրականութեան հետ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հարց տուաւ, որ ո՞ւր է 47 կէտերէ բաղկացած բարեկարգումի այն ծրագիրը, զոր նախագահական պալատին մէջ ինք ներկայացուցած է քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ երեսփոխանական պլոքներուն: «Ինչո՞ւ պէտք է պատասխանատուութենէ փախուստ տալ, ինչո՞ւ բարեկարգումի ծրագիրներուն գործադրութիւնը առկախ պահել: Ո՞ւր են այն օրինագիծերը, որոնք իւրացուած գումարներու Լիբանանին վերադարձուիլը կը պահանջեն: Ո՞ւր է դատական հաշուեքննութեան պահանջը: Ո՞ւր է պետական գումարը մսխելու հետաքննութիւնն ու հաշուեփակ կատարելու ծրագիրը», հարց տուաւ նախագահ Աուն:
Ան նաեւ հարցուց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Լիբանանին յատկացուելիք փրկութեան նախաձեռնութեան մասին, որուն նպատակն է մայրաքաղաք Պէյրութը վերակառուցել: «Ո՞ւր են ֆրանսական տնտեսական եւ ելեւմտական օժանդակութեան ծրագիրները: Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները ի՞նչ վիճակ կը պարզեն: Իսկ Կեդրոնական դրամատան մասին կառավարութեան վաւերացուցած դատական հաշուեքննութեան որոշումը ինչո՞ւ չի գործադրուիր: Ո՞վ է անոր գործադրութիւնը արգելակողը եւ անոր ձախողութեան համար խուսանաւումներու ձեռնարկողը», հարց տուաւ նախագահ Աուն:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ դատական հաշուեքննութեան իմաստով ոեւէ պատասխանատուի լռութիւն կը նշանակէ` մսխումին եւ փտածութեան մեղսակցութիւն` աւելցնելով, որ այդ հաշուեքննութիւնը կատարուելու պարագային փտածները հեռացնելու իմաստով կարելի է նկատել, որ լուրջ քայլի դիմած են:
Իր խօսքը ուղղելով երեսփոխաններուն` նախագահ Աուն շեշտեց, որ ժողովուրդին անունով անոնք պատասխանատու են հաշուետուութեան կանչելու փտածները եւ հսկելու պետական աշխատանքին: Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանի բոլոր անդամներուն` խիղճով ու ազգային գիտակցութեամբ գործելու` իրենց հայրենիքին եւ ժողովուրդին նկատմամբ:
«Իմ խօսքս ըսելէ ետք պիտի չհեռանամ, այլ պիտի մնամ եւ պիտի շարունակեմ իշխանութիւնս` տէր կանգնելով իմ երդումիս: Պիտի շարունակեմ վարչապետի նշանակման եւ կառավարութեան կազմութեան առումով պատասխանատուութիւններս ստանձնել, ինչպէս նաեւ պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ, որոնք արգելք կը հանդիսանան բարեկարգումի գործադրութեան եւ պետականաշինութեան առաքելութեան»:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին իր խօսքը արտասանելէ ետք, նախագահ Աուն յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միացեալ բարեկամներու կողմէ տարբեր փորձեր կատարուած են անոնց միջեւ հանդիպում մը կայացնելու, սակայն այդ փորձերը անյաջող դուրս եկած են, «իսկ ես իբրեւ իրաւարար պիտի չմիջամտեմ այս հարցին», ըսաւ ան: