Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրիի Կատարած Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններուն Լոյսին Տակ. Համախոհութիւն Գոյացաւ Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Մասնագէտներու Կառավարութիւն Եւ Սկսելու Բարեկարգումներու Գործադրութեան

Հոկտեմբեր 24, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական պլոքներուն եւ անհատ երեսփոխաններուն հետ կատարեց կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններ:

Անոնց աւարտին Հարիրի խորհրդարանէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեց, թէ պիտի կազմէ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ պիտի գործէ ըստ ֆրանսական նախաձեռնութեան բովանդակած բարեկարգումներուն իրագործման:

Հարիրի նշեց, որ կառավարութիւնը վեց ամսուան ժամանակաշրջանի մը կարիք ունի` հասնելու համար իր նպատակին, «իսկ ֆրանսական նախաձեռնութեան ճշդած բարեկարգումներէն ոչ մէկ ձեւով պիտի շեղիմ: Պէտք է ճշդել նպատակները եւ աշխատիլ անոնց գործադրութեան ի խնդիր», հաստատեց ան:

Հարիրի անհրաժեշտ նկատեց բոլորին միջեւ համագործակցութիւնը եւ դրական մօտեցումը` կարենալ վերականգնելու համար վստահութիւնը թէ՛ քաղաքացիին եւ պետութեան միջեւ, եւ թէ՛ պետութեան եւ Միջազգային ընտանիքին:

Հարիրի խորհրդակցութիւնները սկսաւ հանդիպում ունենալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Ապա ան ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը` անհրաժեշտ նկատելով, որ կառավարութեան կազմը ըլլայ ներդաշնակ կարենալ դիմադրելու համար առկայ մարտահրաւէրներուն:

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ Հարիրիի հետ խորհրդակցելէ ետք կոչ ուղղեց` կազմելու փրկութեան կառավարութիւն մը, որ հարկ եղած բարեկարգումներուն գործադրութեան կը ձեռնարկէ:

Սալամ ընդգծեց, որ ինք համոզուած է, թէ Հարիրի` գործակցելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Պըրրիի հետ, կրնայ շատ բան իրագործել, յատկապէս` երկրին քայքայումը կասեցնել:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի Հարիրիի հետ հանդիպելէ ետք ընդգծեց, որ պահանջուածը մասնագէտներու կառավարութիւն մըն է` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ համագործակցութեան մթնոլորտը կարեւոր է ու անհրաժեշտ:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքին անունով երեսփոխան Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց` արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը: Ան պահանջեց, որ կառավարութիւնը ըլլայ մասնագէտներու կառավարութիւն մը եւ անոր հիմնական աշխատանքը ըլլայ բարեկարգումներու գործադրութիւնը:

Հարիրի ընդունեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պլոքը` կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ հաստատեց, որ Հարիրիի հետ անձնական հարցեր չկան` աւելցնելով, թէ իրենք առաւելագոյն չափով դրական տրամադրուած են, եւ իրենց նպատակն է գործադրել ֆրանսական նախաձեռնութեան պարփակած բարեկարգումներու ծրագիրը:

«Մեր իրաւունքն է մտահոգուիլ, սակայն պատրաստ ենք ամբողջական գործակցութեան եւ երկրին քանդումի կասեցման նպատակով գործելու, որպէսզի այս բարդ ու դժուար փուլը շրջանցենք: Մենք ոչ մէկ պահանջ ներկայացուցած ենք եւ կամ պայման ճշդած, բացի անկէ, նախարարներու նշանակման մէկ չափանիշ որդեգրուի», ըսաւ ան:

Պասիլ կոչ ուղղեց` կազմելու մասնագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որուն մէջ նախարարները պէտք է համապատասխան կարողութիւններով օժտուած ըլլան եւ` արագ նուաճումներ գործելու ատակ:

«Կը սպասենք Հարիրիի եւ նախագահ Աունի որդեգրելիք քայլերուն, մնալով առաւելագոյն չափով դրական, ինչպէս նաեւ պատրաստ` ամէն իմաստով զօրակցութեան», ըսաւ Պասիլ:

Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք, երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ վարչապետէն խնդրած են Լեռնալիբանանի իւրայատկութիւնը ի մտի ունենալ` կառավարութեան կազմութեան ընթացքին:

Հարիրի ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ պլոքը կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները կը վստահի Հարիրիի:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին հետ վարչապետ Հարիրիի հանդիպումէն ետք, պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու վարչապետ Հարիրիի հետ:

Ռաատ նշեց, որ վարչապետին առաջարկած են սեղմ կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին չզօրակցիլ, այլ` 22-24 նախարարներով կառավարութիւն մը կազմել:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն, նաեւ ոմանց հրաւիրեց չարգելակելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Երեսփոխան Ժան Օպէյտ յայտնեց, որ Անկախ կեդրոնի պլոքը վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնած է, որ նոր կառավարութիւնը կազմակերպուած աշխատանք որդեգրէ եւ ատակ անձնաւորութիւններով ներկայանայ` կարենալ բոլոր մակարդակներուն վրայ դիմագրաւելու երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի անունով երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընդգծած են մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

Անկախ երեսփոխան Էտի Տեմիրճեան Հարիրիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք շեշտած է դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն գումարները դարձեալ անոնց վերադարձնելու կարեւորութեան անհրաժեշտութիւնը:

Անկախ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք Հարիրիի հետ խորհրդակցելէ ետք մեկնեցաւ` առանց յայտարարութիւններ կատարելու:

Անկախ երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական համակարգը նոյնն է, եւ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրած է:

Անկախ երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը ըլլայ անկախ նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը` յուսալով, որ կուսակցութիւնները նախարարները ճշդելու իմաստով միջամտութիւններ չեն կատարեր:

Անկախ երեսփոխան Միշել Տահեր պահանջեց, որ կառավարութիւնը բաղկանայ մասնագէտներէ եւ անոր կազմութիւնը կարելի եղածին չափ արագ ըլլայ:

Անկախ երեսփոխան Շամել Ռուքոզ մաղթեց, որ կառավարութիւնը մասնագէտներէ բաղկանայ եւ անոր տրուին արտակարգ իրաւասութիւններ:

Անկախ երեսփոխան Ժիհատ Սամատ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի փրկութեան կառավարութեան, որուն մէջ բոլորը` առանց բացառութեան, կը ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները:

Անկախ երեսփոխան Ժան Թալուզեան հաստատեց, որ նոր կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ կազմուի` աւելցնելով, թէ Հարիրիէն պահանջած է կազմել սեղմ կառավարութիւն մը:

Նախորդը

«Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Պատրաստակամութիւն Յայտնեց Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ Պատասխանատուութիւն Ստանձնելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Գծով Դիւանագիտական Աշխուժութիւն

RelatedPosts

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ

Մայիս 12, 2025
Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?