Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Ընտրեց Իր Դիւանը Եւ Համալրեց Խորհրդարանական Յանձնախումբերը

Հոկտեմբեր 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օրէնսդրական Նիստ Տեղի Չունեցաւ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին ընտրուեցան խորհրդարանի դիւանի երկու քարտուղարներ, ինչպէս նաեւ համալրուեցան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը` 8 հրաժարեալ երեսփոխաններուն փոխարէն այլ երեսփոխաններու ընտրութեամբ:

Այս ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ եւ արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի քարտուղար:

Ապա խորհրդարանը ընտրեց նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդի անդամները, որոնք են` երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Սամիր Ժսըր, Ժորժ Օքէյս, Ալի Ամմար, Ֆայսալ Սայեղ, Ալի Տարուիշ եւ Ժորժ Աթալլա, ինչպէս նաեւ խորհուրդի անդամի պաշտօնակատար երեսփոխաններ` Ռուլա Թապըշ, Սելիմ Աուն եւ Ալի Օսէյրան:

Նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդի անդամները երդման արարողութիւն կատարեցին դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին ներկայութեան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընտրուեցաւ նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած նիստէն ետք Պըրրի բաց յայտարարեց օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէին համաներման օրինագիծն ու շարք մը այլ օրինագիծեր, սակայն նիստը չշարունակուեցաւ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Նշենք, որ օրինաթիւը դադրեցաւ առկայ ըլլալէ, երբ Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքը հեռացաւ նիստէն:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան խորհրդարանէն կոչ ուղղեց` կազմելու անկախ փորձագէտներէ բաղկացող կառավարութիւն մը, որուն նպատակը ըլլայ երկրին տնտեսական օղակին բարեկարգումը:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է Լիբանանահայութիւնը Ներկայացնել Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?