Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վարչապետը Պարտի Գործակցիլ Հանրապետութեան Նախագահին Հետ Բարեկարգումներու Իրագործման Համար» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հոկտեմբեր 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Առաջադրեց
Սաատ Հարիրիի Թեկնածութիւնը

Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ կը զօրակցի Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան:

Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրած է Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը:

«Այսօր, քանդուած երկրի մը եւ իր յոյսը հետզհետէ կորսնցնող ժողովուրդի մը դէմ յանդիման գտնուելով, անկարելի է գերագոյն պատասխանատուութեամբ չվարուիլ եւ ազգային մեր պարտականութիւնը չկատարել` երկիրն ու քաղաքացին փրկելու նպատակով:

«Մեզի հասցուցած են այնպիսի փուլի մը, երբ իբրեւ ընտրանք ունինք միայն ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, որուն յանձնառու մնալով հանդերձ, օրին մտավախութիւններ յայտնած էինք անոր կէտերուն գործադրութեան շուրջ:

Սակայն ներկայիս կը գտնուինք երկիրը փրկելու պատասխանատուութեան դիմաց, իսկ պահանջուածը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնն է: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք` վերջ տալու նախապայմաններուն եւ հակապայմաններուն, աշխատելու երկիրը դարձեալ ոտքի կանգնեցնելու, քաղաքացիին վստահութիւնը վերականգնելու եւ Լիբանանին նկատմամբ արտաքին աշխարհին վստահութիւնը վերահաստատելու ուղղութեամբ:

«Այլընտրանքներու չգոյութեան դիմաց, Հայկական երեսփոխանական պլոքը որոշեց Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը առաջադրել, որպէսզի ան կազմէ յաջորդ կառավարութիւնը: Կը մաղթենք, որ Հարիրի բաց գործակցութիւն ցուցաբերէ բոլորին նկատմամբ, եւ աշխատանքի ձեռք երկարէ բոլոր կողմերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը, որ կը համախմբէ բոլորը եւ կը գործակցի երեսփոխանական պլոքներուն հետ` ներկայացնելով լիբանանցիներուն ու յատկապէս երիտասարդ սերունդին ձգտումները:

«Կը գտնուինք զգայուն փուլի մը մէջ, երբ նեղլիկ հաշիւներու եւ երկար սպասելու ճոխութիւնը չունինք: «Նորանշանակ վարչապետը պէտք է նախաձեռնէ բաց գործակցութեան եւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան` յանգելու համար փրկութեան կառավարութեան կազմութեան: Ան պէտք է գործակցի հանրապետութեան նախագահին հետ` բոլոր մակարդակներու վրայ ամբողջական բարեկարգումի իրականացման ի խնդիր», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որ մաս կը կազմէ Հզօր Լիբանան համախմբումին, տարբեր կեցուածքով ներկայացած է խորհրդակցութիւններուն` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իբրեւ դաշնակիցներ կատարեալ համաձայնութիւն ունինք, «սակայն երբեմն տարբեր տեսակէտներ կը գոյանան. այս մէկը չի նշանակեր, որ մեր միջեւ հարցեր կան», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Բագրատունի. «Կը Պահանջենք Կազմել Փրկութեան
Կառավարութիւն Մը, Առանց Նախապայմաններու»

Յետմիջօրէին, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հասկացողութիւն ցուցաբերած է Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքին նկատմամբ` աւելցնելով, որ երեսփոխան Ժան Թալուզեան առանձինն որոշած է առաջադրել վարչապետ Հարիրիի թեկնածութիւնը: «Հետեւաբար, այդ իմաստով կանխաւ համադրում չէ կատարուած, սակայն յառաջիկայ օրերուն կարելի է հանդիպումներ ունենալ», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ տակաւին շատ կանուխ է խօսելու նախարարութիւններ ստանձնելու մասին: «Մենք կը պահանջենք կազմել փրկութեան կառավարութիւն մը, առանց նախապայմաններու: Կարեւորը կառավարութեան կազմութիւնն է եւ անոր նպատակներուն իրագործումը եւ ոչ թէ անուանումը: Անուանումներու թոհուբոհին մէջ պէտք չէ մտնել, որովհետեւ այդպիսով խնդիրները կը բարդացնենք: Թող կազմուի փրկութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ լիբանանցիները գրեթէ ամբողջութեամբ կը ներկայացուին:

«Կառավարութեան մաս պիտի կազմենք` մասնագէտներէ բաղկացած ըլլայ անիկա թէ քաղաքական անձնաւորութիւններէ:

Երկիրը չի կրնար յաւելեալ ձգձգում հանդուրժել: Պէտք է կազմուի կառավարութիւն մը, որ տոկայ եւ բարեկարգումներ իրագործէ:

Կառավարութեան տրուելիք մեր վստահութեան քուէն կախեալ է հայ համայնքը ներկայացնող նախարարէն: Իսկ ընդհանուր առումով կարելի չէ ակնկալել, որ եթէ վարչապետին թեկնածութիւնը առաջադրած ենք, ուրեմն անոր մեր վստահութեան քուէն ալ շնորհած կը նկատուինք:

«Կառավարութեան կազմին եւ մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին հիման վրայ է, որ երեսփոխանական պլոքները կ՛որոշեն վստահութեան քուէ շնորհել, եւ այդ թիւը կրնայ աւելի մեծ ըլլալ` քան վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններու աւարտին ստացուած թիւը», յայտնեց ան:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ G20 Միջկրօնական Համագումարին` Իբրեւ Գլխաւոր Դասախօս

Յաջորդը

Սաատ Հարիրի Նշանակուեցաւ Վարչապետ. Կառավարութիւնը Կազմելու Նպատակով Հարիրի Այսօր Կը Խորհրդակցի Երեսփոխանական Պլոքներուն Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?