Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայ Ժողովուրդին
Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ առաջնորդներու խորհուրդի վարչութիւնը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան խորհուրդին լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը: Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ առաջնորդներու խորհուրդը իր նիստը գումարելէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ հետեւեալը. «Կը զօրակցինք Արցախի եւ Հայաստանի մեր հայ եղբայրներուն, որոնք կը տառապին, եւ անոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է` Ազրպէյճանի դէմ պատերազմի արդիւնքներէն: Մենք միշտ դատապարտեցինք այս պատերազմը, որ...



















