ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 18 նոյեմբեր 2020-ին` քննարկելու համար կարգ մը օրինագիծեր:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ներկայիս ոչ ոք կրնայ կրնայ կառավարութիւն չկազմելու պատասխանատուութիւնը ստանձնել:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Մազարեհ Շեպաայի, Արքուպի, Հասպայայի, Արեւմտեան Պեքաայի, Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Ռաշայայի, Սուրի եւ Մարժեհիունի վերեւ թռիչքներ գործեց` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս խստիւ դատապարտեց լիբանանեան ներքին հարցերուն մէջ ամերիկեան միջամտութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան նպատակով գոյանալիք ներքին համաձայնութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան հաստատեց, որ ոմանք կը փորձեն կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի չափաբաժինը ապահովել` աւելցնելով նախարարութիւններուն թիւերը: Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի լուռ մնալու իրականութիւնը կը յուշէ, թէ կացութիւնը փայլուն չէ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ քաղաքական յարաբերութիւնները արգելակած են նուաճումներն ու կառավարութեան կազմութեան գծով արձանագրուելիք արդիւնքները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի խորհրդաժողովին մասնակցելու որոշումը տեղին էր:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ ժողովուրդին իրաւունքն է իմանալ, թէ ի՛նչ են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ կառավարութիւն կազմելու առիթը կրնայ ոչնչանալ` նախապայմաններ պարտադրելու պատճառով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ խնդիրը թիւերու հարց չէ, այլ` բարեկարգումներու խնդիր:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ դատապարտեց Ժետտայի յարձակումը` հաստատելով, որ ահաբեկչութիւնը կրօն, համայնք կամ յարանուանութիւն չի ճանչնար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց` անյապաղ կազմելու կառավարութիւն մը, որովհետեւ քաղաքացիները այլեւս չեն կրնար հանդուրժել տիրող կացութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-քանատական յարաբերութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց բանալու ելեւմտական կասկածելի թղթածրարները` վերադարձնելու համար լիբանանեան պետութենէն գողցուած միլիառները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի եւ Գերմանիոյ դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաուար Սահիլի ողջունեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Պաապտայի աղբիւրներ յայտնած են, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդակցութիւնները տակաւին դրական են:


