Իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան օդային տարածք մուտք գործած Հըզպալլայի պատկանող անօդաչու թռչող սարք մը ջախջախուած է:
Ատրահի հաստատեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ բանակի հրամանատարութիւնը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը մնայ եւ իր գերիշխանութիւնը խախտող ոչ մէկ ոտնձգութիւն կ՛արտօնէ: