Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիւրել Հանդիպումներ Ունեցաւ Պասիլի, Ժեմայէլի Եւ Ժահժահի Հետ

November 14, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական նախաձեռնութեան գործադրութեան համար կառավարութիւն մը կազմելու խոստումը տուած Լիբանանին հարցադրումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու եւ բարեկարգումներ գործադրելու մղելու նպատակով Պէյրութ այցելած Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերով խորհրդատու Փաթրիք Տիւրել երէկ շարունակեց իր հանդիպումները:

Տիւրել այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին Տիւրել շօշափեց, որ իրենք պահանջ չունին` աւելցնելով, որ իրենց միակ պահանջը այն է, որ մէկ չափանիշ որդեգրուի եւ բոլորին վրայ արդարութիւն պարտադրուի:

«Մենք մինչեւ այս պահը բաց ենք եւ կ՛ընդունինք այն, որուն շուրջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը համաձայնին, ինչ որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու լաւագոյն միջոցն է», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ երբ քաղաքական ուժերուն միջեւ վստահութիւն ըլլայ եւ նախարարներու նշանակման մէկ չափանիշ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ոչ մէկ յապաղում կ՛արձանագրէ:

Պասիլ Տիւրելի յորդորեց Հարիրիի հարց տալ երկուքին յարաբերութեան մասին` աւելցնելով, որ իրենց միջեւ մտերմութիւն կայ` աւելցնելով, որ ինք ղեկավար մըն է, որ հարցերը չ՛անձնականացներ:

«Մենք ամէնէն աւելի շահագրգռուած ենք ֆրանսական նախաձեռնութեան յաջողութեամբ, եւ անկարելի է, որ այս իմաստով դրական չվարուինք:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ Տիւրելի հետ հանդիպումին ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեղքայլի մէջ է եւ նախորդներու տրամաբանութեամբ ու ուղեգիծով կազմուելու փորձերու մէջ կը գտնուի:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը իրենք պիտի շարունակեն ճնշում բանեցնել իշխանութեան վրայ` գործադրելու համար բարեկարգումներն ու հանդարտ պահելու համար երկիրը:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ միայն Արեւելքին հետ գործակցիլը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանեան բազմազանութեան վրայ` աւելցնելով, որ լիբանանցիները երկուքի խառնուրդ են, հետեւաբար պէտք է անբաժան մնան պատմական իրենց բարեկամութիւններէն:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Տիւրելը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հարցն ու ներկայ տնտեսական իրավիճակը:

Ֆրենժիէ իր տեսակէտները յայտնեց տիրող իրավիճակին մասին` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է ճիգերն ու ջանքերը մէկտեղել` Լիբանանը ապահով ու կայուն իրավիճակի մը հասցնելու համար:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Տիւրելը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները:

Տիւրել ընդգծեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լիբանանեան կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան բարգաւաճելու եւ իր տագնապէն փրկուելու վերջին առիթին դիմաց կը գտնուի:

Ժահժահ Տիւրելին յանձնեց նամակ մը` ուղղուած նախագահ Մաքրոնի:

Այդ նամակով Ժահժահ Ֆրանսայէն կը խնդրէ զօրակցիլ Լիբանանի այն պահանջին, որ ներկայացուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին` դէպի Լիբանան հետաքննութեան խմբակ մը գործուղելու եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծալքերը բացայայտելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ արդարութիւն հաստատել:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Աքըրի Հետ Քննարկեց Քաղաքական Եւ Ապահովական Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայ Ժողովուրդին

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.