Ընկերային հարցերու ու զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Խալետ Ռահմունի, ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Սալուա Ապտալլայի, կենսոլորտի նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ` ներկայութեամբ Դամասկոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Սաատ Զախիայի:
Մշարրաֆիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող միջազգային խորհրդաժողովը որդեգրած է Լիբանանի կառավարութեան ծրագիրը:
Ան յայտնեց, որ այդ ծրագիրը ներկայացուած է ռուսական պատուիրակութեան եւ սուրիական իշխանութիւններուն:
Մշարրաֆիէ նշեց, որ տեղահանուածներու տունդարձին համար յստակ ժամկէտ պիտի ճշդուի հետագային:
Մշարրաֆիէ ընդգծեց, որ իրենք թղթածրարի լուծման կը մօտենան իբրեւ մարդասիրական հարց եւ ոչ թէ քաղաքական:
Ան նկատել տուաւ, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանան հասած են ապահովական պատճառներով եւ ոչ թէ քաղաքական:
«Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումին լոյսին տակ կարելի է եզրակացնել, թէ սուրիացի տեղահանուածները իրենց մայր հայրենիքէն դուրս պահելը ոչ մէկ իմաստ կամ նշանակութիւն ունի», ըսաւ ան: