Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն
Թիւը Հասաւ 96.907-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին
Արձանագրուած Են 1552 Պարագաներ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, արդարութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Ֆատի Աքիքի, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն գնդապետ-զօրավար Մինահ Սաուայա, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ եւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ գնդապետ Սամիր Սնան:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը քննարկեց «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը սանձելու միջոցները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ տրուելիք կարեւոր որոշումներուն եւ որդեգրուելիք միջոցներուն` ամբողջ Լիբանանի տարածքին «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը մեղմացնելու նպատակով:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ կան շարք մը քայլեր, որոնք պէտք է որդեգրուին` կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն ընդառաջելու այդ միջոցառումներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ սանձել «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը:
Ան շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրով չվարակուելու նախազգուշութիւններուն դիմելը առաջին եւ ձրի դեղն է` աւելցնելով տարբեր նախարարութիւններուն եւ համապատասխան վարչութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը համադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ մօտիկ ապագային պիտի գումարուի ազգային խորհրդաժողով մը, որ պիտի համախմբէ «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերող բոլոր քայլերը, որոնք պէտք է առնուին` երկիրը ժամանակաւոր կերպով փակելէ ետք:
Ապա խօսք առաւ Հասսան Տիապ, որ յայտնեց, թէ Լիբանան այսօր վտանգաւոր մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուի, որովհետեւ «Քորոնա»-ի համաճարակը հակակշիռէ դուրս պիտի գայ, եւ ինքնաբերաբար լիբանանեան ընկերութիւնը վտանգաւոր կացութեան մէջ պիտի գտնուի:
«Կարմիր գիծերը արդէն իսկ անցած ենք եւ մեր պարտականութիւնն է միջոցառումները խստացնել: Ցաւով կը յայտնեմ, որ լիբանանցիներուն մէկ մասը հիմնական պատասխանատուութիւն կը կրէ, որովհետեւ եթէ անոնք ենթարկուէին կառավարութեան որդեգրած դասաւորումներուն, ապա այսօր աւելի խիստ միջոցառումներու դիմելու կարիք չէինք ունենար», հաստատեց ան:
Տիապ նկատել տուաւ, որ իրենք նախապէս զգուշացուցած էին «Քորոնա» համաճարակի երկրորդ ալիքէն, սակայն ոչ ոք այդ զգուշացումին նկատմամբ լուրջ վերաբերում ցուցաբերած էր: «Առողջապահութեան մարզը այսօր վտանգի փող կը հնչեցնէ եւ կը պահանջէ երկիրը մէկ ամիսով փակել: Ամէն իմաստով փորձեցինք խուսափիլ այս որոշումէն, որովհետեւ գիտենք, որ անիկա կը վնասէ երկրին եւ պատճառ կը դառնայ, որ տնտեսութիւնը տուժէ: Բայց եւ այնպէս պէտք է փակել երկիրը, որպէսզի առաջքը առնենք փողոցին մէջ համաճարակէն վարակուածներուն մահուան, այն պատճառով, որ հիւանդանոցներուն մէջ բաւարար տեղ չկայ` քաղաքացիները ընդունելու», ըսաւ ան:
Տիապ առաջարկեց, որ Լիբանանը փակուի շաբաթ, 14 նոյեմբերէն մինչեւ երկուշաբթի, 30 նոյեմբեր, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշռել համաճարակի տարածումին տարողութիւնը եւ առիթ տալ տօնական օրերը եւ երկրին տնտեսութիւնը պահպանելու:
«Այս որոշումը դժուար է, սակայն եթէ նման որոշումի չդիմենք, ապա կացութիւնը աւելի դժուար պիտի ըլլայ: Որոշումը պէտք է գործադրուի, եւ պահանջուածը այն է, որ քաղաքական եւ ապահովական բոլոր կառոյցները կազմ ու պատրաստ ըլլան գործելու այս ուղղութեամբ: Եթէ չյաջողինք համաճարակը հակակշիռի տակ առնել, փակումը պիտի երկարաձգենք», յայտնեց Տիապ:
Ապա առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ներկայացուց առողջապահական ու բժշկական մարզերուն իրականութիւնը եւ երկիրը փակելու որոշում տալու կարեւորութիւնը:
Հասան ընդգծեց երկիրը փակ պահելու որոշումին ամբողջական գործադրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ առողջապահական մարզին պատրաստուածութիւնը բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան նշեց նաեւ, որ նախարարութիւնը պէտք եղած բոլոր կապերը հաստատած է` ապահովելու համար պատուաստները:
Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ 14-30 նոյեմբեր 2020 փակ պիտի մնան պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները, ինչպէս նաեւ համալսարանները, պետական ու սեփական դպրոցներն ու մանկապարտէզները:
Նշեալ օրերուն ընթացքին կը գործադրուի նաեւ կրակմարի դրութիւն` երեկոյեան ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:
Այս որոշումէն կը բացառուին.
– Նախարարութիւններն ու պետական հաստատութիւնները եւ համադաշնակցութիւնները պիտի գործեն միայն իրենց կարողութեան 25 առ հարիւրով:
– Ներքին գործոց նախարարութիւնն ու ապահովական կառոյցները, քաղաքապետարաններուն ոստիկանութիւնը, հրշէջներն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կը շարունակեն գործել:
– Առողջապահական ու բժշկական մարզերը կը շարունակեն գործել:
Պէյրութի միջազգային օդակայանն ու նաւահանգիստները կը մնան բաց:
– Ելեկտրականութեան ընկերութեան ծառայութիւնն ու հաղորդակցութեան միջոցներու եւ համացանցի մատակարարումը կը շարունակուին հայթայթուիլ:
– Վառելանիւթի եւ նաւթի ընկերութիւնները, ջուրի ընկերութիւնները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:
– Կեդրոնական դրամատունը եւ դրամատուները իրենց նուազագոյն կարողութեամբ կ՛աշխատին:
– Դատական մարզը կը շարունակէ գործել հեռակայ դրութեամբ:
– Ճարտարարուեստի, երկրագործութեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը սննդեղէն ներածելու, երկրագործական աշխատանքները շարունակելու նպատակով:
– Դիւանագիտական մարզի անդամներն ու ոչ կառավարական, հասարակական կազմակերպութիւնները կը շարունակեն գործել:
Փակումի որոշումը կ՛ընդգրկէ անձնական բոլոր վաճառատուներուն, անձնական գրասենեակներուն եւ ազատ արհեստի ամէն տեսակ աշխատանքի կասեցումը:
Այս որոշումէն զերծ կը պահուին` փուռերը, սննդեղէնի վաճառատուները:
Ճաշարաններն ու անուշավաճառները իրենց արտադրութիւնը առաքելու դրութեամբ կ՛աշխատին, պանդոկներն ու վարձու տրուող կահաւորուած բնակարանները կը մնան բաց:
Աղբահանումի աշխատանքները եւս կը շարունակուին իրենց սովորական ընթացքով:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը տեղեկատուութեան մարզէն պահանջեց շարունակել «Քորոնա» համաճարակին մասին զգուշացնող արշաւները:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ շատ հաւանաբար երկրին մէջ որդեգրուելիք ընդհանուր զօրաշարժի երկու շաբթուան ընթացքին ճշդուին նաեւ յատուկ օրեր, որոնց ընթացքին կարելի է ինքնաշարժի զոյգ եւ անզոյգ թիւերը օգտագործել:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ կրթական հաստատութիւնները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը առցանց ուսման ու կրթութեան դրութեամբ:
Նշենք, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հաստատեց, որ երկիրը փակելու որոշումը տրուած է առանց նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան եւ երկրին կացութիւնը լաւ ուսումնասիրելու:
Ան զարմանք յայտնեց, թէ ինչո՛ւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը չէր հրաւիրուած Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին` պաշտպանելու համար բանուորներն ու անոնց ապրուստը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոնք կը դիմագրաւեն «Քորոնա»-ի համաճարակին եւ սովին վտանգը:
Ասմար պահանջեց երկիրը փակելու իմաստով տրուած այս որոշումին բացթողումները սրբագրել:
Իր կարգին, Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ շեշտեց, որ այսօր պահանջուած է մտածել երկիրը փակելէ ետք անոր վերաբացումին մասին:
Ան շեշտեց Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Արպիտ նկատել տուաւ, որ այս ամսուան ընթացքին երկիրը փակելու որոշումը աւելի լաւ է, քան` 12-րդ ամսուան ընթացքին փակումը, նկատի ունենալով, որ այդ ամիսը հիմնական է տնտեսական շարժ արձանագրելու իմաստով:
Արպիտ մաղթեց, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմուի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծալքերը բացայայտուին, ինչպէս նաեւ սննդեղէնի, դեղորայքի եւ վառելանիւթի առումով լիբանանցի քաղաքացիներուն տրամադրուած տնտեսական զօրակցութիւնը շարունակուի:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 96.907-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1552 նոր վարակուածներ: