Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիւրել. «Կառավարութեան Անյապաղ Կազմութիւնն Ու Բարեկարգումներու Գործադրութիւնը Միակ Ելքն Են Լիբանանի Հանդէպ Միջազգային Ընտանիքին Յանձնառութիւնը Կատարելու»

November 13, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերով խորհրդատու Փաթրիք Տիւրելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` յատկապէս կառավարութեան կազմութեան ճիգերն ու գործադրուելիք բարեկարգումները` ֆրանսական նախաձեռնութեան գործադրութեան լոյսին տակ:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ նախագահի խորհրդատու Ուսամա Խաշշապ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ֆրանսական նախաձեռնութեան` նկատի ունենալով Լիբանանի շահերը:

Ան ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել այն ժամանակ միայն, երբ կը կազմուի վստահութիւն եւ կարողութիւն վայելող կառավարութիւն մը, որ կարենայ իրագործել Մաքրոնի եւ լիբանանեան քաղաքական խմբաւորումներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան կէտերը:

Նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ այդ կառավարութիւնը պէտք է նաեւ աշխուժ գործակցութիւն ապահովէ այն միջազգային գործընկերներուն հետ, որոնք խոստացած են Լիբանանին օժանդակել` զայն տնտեսական եւ ելեւմտական ծանր պայմաններէն դուրս բերելու համար:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու գործողութիւնը, որ գործադրուելիք բարեկարգումներուն հիմքը կը կազմէ` կ՛առաջնորդուի շարք մը արգելքներով, «բայց եւ այնպէս կը պնդուի այդ հաշուեքննութիւնը կատարելու անհրաժեշտութիւնը, եւ այդ պատճառով ալ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան աշխատանքը երեք ամիսով երկարաձգուեցաւ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ներկայիս երկրին մէջ տիրող հիմնահարցը ապահովական կայունութիւնը պահպանելու մէջ է` նկատի ունենալով շրջանային փոթորիկներն ու արտակարգ տագնապները, որոնք կը դիմագրաւէ Լիբանանը: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կան սուրիացի տեղահանուածներուն հետեւանքները, «Քորոնա»-ի համաճարակն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները, որոնց վրայ կ՛աւելնան լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այս կացութիւնը կ՛ենթադրէ ազգային ընդարձակ համախոհութիւն` կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ կարող է պահանջուած բարեկարգումները կատարել` գործակցելով խորհրդարանին հետ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ զգայուն այս փուլին ընթացքին ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն իր ողջոյնները փոխանցեց Մաքրոնին` բարձր գնահատելով այս ծանր պայմաններուն մէջ Լիբանանի հանդէպ անոր ցուցաբերած զօրակցութիւնը: Ան զօրակցութիւն յայտնեց ֆրանսացի ժողովուրդին` դատապարտելով Ֆրանսայի եւ մանաւանդ վերջերս Նիսի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական յարձակումները:

Իր կարգին, Տիւրել նախագահ Աունին փոխանցեց Մաքրոնի ողջոյնները` ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ ամրապնդուած յարաբերութիւններու գոյութիւնը:

Տիւրել հաստատեց տնտեսական տագնապին լրջութիւնն ու անոր վտանգները: Ան շեշտեց, որ պէտք է արագ կերպով կազմել ատակ եւ բոլորին կողմէ ընդունուած կառավարութիւն մը, որ պէտք եղած բարեկարգումները սկսի գործադրել, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը վերահաստատել:

Տիւրել նկատել տուաւ, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ տարբեր մարզերու մէջ օժանդակութիւններ տրամադրել, յատկապէս կրթական մարզին վերաբերեալ:

Ան նկատել տուաւ, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ իր յանձնառութիւններուն հաւատարիմ մնալը ուղղակիօրէն կապուած է բարեկարգումներու գործադրութեան հետ:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր կարգին ընդունեց Տիւրելը` ընկերակցութեամբ Կրիոյի:

Հանդիպումէն ետք Տիւրել մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու, իսկ Պըրրի բաւարարուեցաւ ըսելով, որ հանդիպումը եղած է լաւ:

Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնին, որ Լիբանանով կը տագնապի: Ան հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան ֆրանսական նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներու շրջագիծին մէջ յատկապէս ելեկտրականութեան մարզը բարելաւելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու:

Պըրրի կարեւոր նկատեց, որ Լիբանանի միակ փրկութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կառավարութեան կազմութիւնն է: Ան նկատել տուաւ, որ պէտք է կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ կ՛արժանանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէին, եւ որ Լիբանանը կը փոխադրէ դէպի ապահով վայր` ներքին եւ արտաքին ալիքներէն փրկելով զայն:

Վարչապետ Հարիրի-Տիւրել Հանդիպում

Տիւրել այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, ֆրանսական նախաձեռնութիւնն ու կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:

Այցելութիւն` Ժոմպլաթի

Տիւրել այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպում Ռաատի Հետ

Ապա Տիւրել ուղղուեցաւ Հարեթ Հըրէյք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Տիւրել հետաքրքրուած էր կառավարութեան կազմութեամբ` աւելցնելով, որ Հըզպալլա յանձնառու կը մնայ ֆրանսական նախաձեռնութեան գործադրութեան եւ կը մաղթէ, որ կառավարութիւնը առանց ուշացումի կազմուի` նկատի ունենալով երկրին տնտեսական տագնապալի իրավիճակը:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 100.703-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1874 Պարագաներ

Յաջորդը

Բագրատունի-Պասիլ Հանդիպում

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.