Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 100.703-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1874 Պարագաներ

Նոյեմբեր 13, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 100.703-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1874 նոր վարակուածներ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ երկրին ամբողջական փակումը առիթ կու տայ «Քորոնա»-ի համաճարակի տարածումը հակակշռելու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ձմրան սեմին կը գտնուինք, եւ հարբուխ եղող պարագաները կրնան խառնուիլ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն:

«Մենք վստահ ենք, որ կարելի պիտի ըլլայ երկու շաբթուան փակումի ընթացքին «Քորոնա»-ի համաճարակը հակակշռել: Ապագային «Քորոնա» ժահրին պատուաստ կամ բուժում ապահովելու յոյսերը առկայ են», հաստատեց ան:

Իր կարգին, Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ ընդգծեց, որ Լիբանանի առողջական մարզին կացութիւնը դիւրաբեկ է եւ արտակարգ դիմադրութեան կարիք ունի:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց որոշում մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկրին մէջ երեկոյեան ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութիւն պիտի պարտադրուի` շաբաթ, 14 նոյեմբերէն մինչեւ երկուշաբթի 30 նոյեմբեր:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը ճշդեց նաեւ օրեր, որոնց ընթացքին ինքնաշարժներու երթեւեկելու իրաւասութիւն կը տրուի` ինքնաշարժներու զոյգ եւ անզոյգ թիւերուն համաձայն:

Անզոյգ թիւերը կրնան շրջիլ երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, իսկ զոյգ թիւերը` երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ կիրակի օրուան ընթացքին ընդհանրապէս երթեւեկ պէտք չէ արձանագրուի` յատկապէս անձնական ինքնաշարժները, մոթորսիքլեթները, բեռնատարներն ու ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող ինքնաշարժները:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը քաղաքացիները յորդորեց քթակապը օգտագործելու, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու` «Քորոնա» ժահրով չփոխանցուելու իբրեւ նախազգուշութիւն:

Նախարարութեան որոշումին համաձայն, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները պիտի մնան փակ: Բոլոր ճաշարաններն ու անուշավաճառները պիտի գործեն միայն ճաշ առաքելու ծառայութեան նպատակով, եւ իրենց ընդունարանները դատարկ պահելով:

Գիշերային զբօսավայրերը կը մնան փակ:

Խրախճանքներն ու հարսանիքները, յուղարկաւորութիւններն ու հաւաքոյթները կ՛արգիլուին:

Եկեղեցիներն ու մզկիթները, մոլերն ու Քազինօ տիւ Լիպանը, խաղավայրերը, դաշտերն ու մարզահամալիրները կը մնան փակ:

Երկիրը փակելու որոշումին առընթեր բաց պիտի մնան փուռերը, դեղարանները, հանրախանութները, բանջարեղէնի շուկաները, մսագործները, մթերանոցները, ինչպէս նաեւ դրամատուները, ելեւմտական ու առեւտրական հաստատութիւնները, որոնք պիտի գործեն իրենց կարողութեան 25 առ հարիւրով, ինչպէս նաեւ պենզինի կայարաններն ու հասարակական կազմակերպութիւնները:

Իր սովորական թափով պիտի գործէ նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասուած բնակարաններու շինութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարաններու տարածքներուն մաս կազմող շրջաններուն մէջ:

Երկիրը փակ պահելու որոշումէն բացառուած են նաեւ տեղեկատուական մարզին մէջ գործող բոլոր լրագրողներն ու խմբագիրները:

 

 

Նախորդը

Մշարրաֆիէ Լաւրենթիեւի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Տիւրել. «Կառավարութեան Անյապաղ Կազմութիւնն Ու Բարեկարգումներու Գործադրութիւնը Միակ Ելքն Են Լիբանանի Հանդէպ Միջազգային Ընտանիքին Յանձնառութիւնը Կատարելու»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?