Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանագծումը Լիբանանեան Պետութեան Պատասխանատուութիւնն Է, Եւ Մենք Յանձնառու Կը Մնանք Անոր Որոշումին»

Նոյեմբեր 12, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` «Նահատակի օր»-ուան առիթով:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այն ժողովուրդը, որ իր նահատակներուն արժէքին կը գիտակցի, ամէնէն հաւատարիմը կ՛ըլլայ անոնց յիշատակին: Այս առիթով ան ողջունեց բոլոր նահատակներուն ընտանիքները:

Երկու ժամ տեւած իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանի ցամաքային ու ծովային սահմանները կը ճշդուին եւ սահմանագծումը կը կատարուի լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութեամբ: «Ատիկա Դիմադրութեան աշխատանքը չէ, այլ լիբանանեան պետութեան` սահմանադրական գործիքակազմերուն ընդմէջէն, եւ Դիմադրութիւնը յանձնառու կը մնայ պետութեան որոշումին», ըսաւ ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթի ու բնական կազի գոյութեան եւ բնական այդ հարստութենէն արդիւնահանում կատարելու մասին յայտարարութիւններէն առաջ սահմանագծումի ոչ մէկ խօսակցութիւն կար:

«Սահմանագծումի նպատակով ընթացող բանակցութիւնները հեռու են շրջանին մէջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նիւթէն», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները վարելու առումով ինք կը վստահի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կամքին եւ Լիբանանի իրաւունքները պաշտպանելու ու ապահովելու իմաստով անոր յանձնառութեան:

Իսրայէլեան ուժերուն կողմէ կատարուած վերջին ռազմափորձին ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք լուրջ մօտեցում կը ցուցաբերեն իսրայէլեան օդուժին նկատմամբ, բայց եւ այնպէս կը հաւատան, որ միայն օդուժով կարելի չէ յաղթանակ կերտել:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ կատարուած այս վերջին ընդարձակ ռազմափորձին ընթացքին Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ եղած է, որպէսզի իսրայէլեան որեւէ անխոհեմ քայլ անպատասխան չմնար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ամերիկեան նոր վարչակազմի մը ընտրութիւնը չի նշանակեր շրջանին մէջ կացութեան փոփոխութիւն յառաջացնել:

«Ամերիկեան նոր վարչակազմին վրայ պէտք չէ գրաւ դնել, որովհետեւ անոնք բոլորը ոգի ի բռին Իսրայէլի պաշտպանութեան կը փութան եւ ի խնդիր անոր կը գործեն», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք հրճուած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի կրած ծանր եւ խայտառակ պարտութեամբ` նկատել տալով, որ Թրամփի կառավարութիւնը ամերիկեան իրերայաջորդ կառավարութիւններու շարքին վատագոյնը եղած է:

Միւս կողմէ, ան նշեց, որ Հըզպալլայի հետ Միացեալ Նահանգներու հարցը չի կայանար անոր քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալուն մէջ, այլ` Դիմադրութիւն ըլլալուն մէջ:

«Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք ի գործ դրած են շիիական միջավայրը Հըզպալլայի դէմ հրահրելու` անոր դէմ տնտեսական պատերազմ մղելով եւ պատժամիջոցներ հաստատելու սպառնալիքներ արձակելով: Կարելի չէ Հըզպալլան փտածութեամբ ամբաստանել: Ո՛վ որ մեզի դէմ թղթածրար ունի, ապա կրնայ ուղղուիլ դատական իշխանութիւն», ըսաւ ան:

Իր խօսքը ուղղելով ամերիկացիներուն, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ անոնք իրենց փափաքած պատժամիջոցը կրնան բանեցնել, որովհետեւ այդ պատժամիջոցները ո՛չ կ՛աւելցնեն եւ ո՛չ ալ կը պակսեցնեն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ հաստատած պատժամիջոցներուն մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Պասիլ մերժեց ենթարկուիլ Միացեալ Նահանգներու ճնշումներուն եւ վերջ տալ Հըզպալլայի հետ իր յարաբերութիւններուն, եւ այդ պատճառով ալ ան ենթարկուեցաւ պատժամիջոցներու:

«Պասիլի կեցուածքը ազգային եւ քաջ կեցուածք է, որուն ընդմէջէն կը դրսեւորուի Հըզպալլայի նկատմամբ անոր անկեղծութիւնն ու յանձնառութիւնը», նշեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղելով իր դաշնակիցներուն յայտնեց, որ անոնք ազատ են` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կ՛ըմբռնէ անոնց կողմէ որդեգրուելիք որեւէ կեցուածք, եթէ անոնք ամերիկեան ճնշումներու ենթարկուին:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ Պասիլի դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներուն լաւագոյն պատասխանը պիտի ըլլայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնել` իրականացնելու համար երկրին շահերը:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան համար նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յաւելեալ խորհրդակցութիւններու կարիք կայ: Ան մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը աւելի արագ թափով ընթանան:

 

 

Նախորդը

Դամասկոսի Մէջ. Լիբանան Մասնակցեցաւ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Միջազգային Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Սեպտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 5,34 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?