Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան օտար երկիրներու մէջ իրենց բարձրագոյն ուսման հետեւող լիբանանցի ուսանողներուն վերաբերող հարցեր եւ անոնց կրած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական շարք մը հարցեր: