Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ. Լիբանան Մասնակցեցաւ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Միջազգային Խորհրդաժողովին

November 12, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան պաշտօնական պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ եւ ընկերային հարցերու ու զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ, մասնակցեցաւ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող միջազգային խորհրդաժողովին:

Այս առիթով Ուեհպէ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ` տեղահանուածներու տագնապը լուծելու իմաստով իր կատարած բոլոր ջանքերուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար:

Ուեհպէ յայտնեց, որ այդ նախաձեռնութիւնները կարեւոր են յատկապէս այն իմաստով, որ Սուրիոյ մէջ արդէն իսկ կան ապահով եւ խաղաղ շրջաններ, «հետեւաբար պէտք է հաստատել, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը արգելակող գլխաւոր ազդակը միջազգային հաւաքական կամքի չգոյութիւնն է», ըսաւ ան:

Ուեհպէ ընդգծեց, որ մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութիւնը Լիբանանի համար ծանր բեռ է` նկատի ունենալով, որ Լիբանան արդէն իսկ 7 տասնամեակէ ի վեր կը հիւրընկալէ կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթական:

Ուեհպէ յայտնեց, որ պէտք է ապահով եւ աստիճանական վերադարձ ապահովուի սուրիացի տեղահանուածներուն` առանց տունդարձի քայլը կապելու քաղաքական լուծման:

«Լիբանան կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին օժանդակելու Լիբանանի կառավարութեան, որ գործադրէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Մշարրաֆիէ հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը վաւերացուցած է սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորող ծրագիր` աւելցնելով, որ տեղահանուածներուն ներկայութեան ուղղակի եւ անուղղակի ծախսերը հասած են 40 միլիառ տոլարի` իբրեւ արդիւնք մատուցուած ծառայութիւններու եւ տրուած նպաստներու:

Ան նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն կարիքները շատ աւելին էին, քան ինչ որ Լիբանանին իբրեւ օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ միջազգային ընտանիքին կողմէ:

 

 

Նախորդը

Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւններու Չորրորդ Նիստը Աւարտեցաւ. Հինգերորդը` 2 Դեկտեմբերին

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանագծումը Լիբանանեան Պետութեան Պատասխանատուութիւնն Է, Եւ Մենք Յանձնառու Կը Մնանք Անոր Որոշումին»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.