Լիբանանեան

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Իրաւական Հաշուեքննութեան Հոլովոյթը Արգելակող Բոլոր Պատճառաբանութիւնները Պիտի Վերացնենք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ ելեկտրոնային նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը վերստին կոչ կ՛ուղղէ արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել բարեկարգումի այն կէտերը, որոնք նշուած էին ֆրանսական նախաձեռնութեան մէջ: Համախմբումը նկատել տուաւ նաեւ, որ կառավարութեան գոյութիւնը պիտի ամրապնդէ ազգային միասնականութիւնն ու կայունութիւնը, այնպիսի փուլի...

Լիբանանի Մէջ Կ՛արձանագրուի «Քորոնա»  Ժահրով Վարակուածներու 4-րդ Պարագան

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 107.953-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1507 Պարագաներ

Մսալլեմ. «Երկիրը Փակ Պահելու Որոշումին Նկատմամբ Ցուցաբերուած Յանձնառութիւնը Լաւ Է» Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 107.953-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1507 նոր վարակուածներ: Միւս կողմէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու հանրային կապերու բաժանմունքի նախագահ գնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ յայտնեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը հսկեն ընդհանուր զօրաշարժի գործադրութեան, այլ խօսքով` երկիրը փակ...

Ուազնի Ռամփլինկի Հետ Քննարկեց Իրաւական  Հաշուեքննութիւնը Կատարելու Կարեւորութիւնը

Ուազնի Ռամփլինկի Հետ Քննարկեց Իրաւական Հաշուեքննութիւնը Կատարելու Կարեւորութիւնը

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական տագնապին մանրամասնութիւնները: Ռամփլինկ հաստատեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անիկա կարենայ արագօրէն ստանձնել իր պարտականութիւնները, որոնք են` 2021-ի պետական ամավարկի մշակումն ու վաւերացումը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:  

Ռայի Պատրիարք – Ֆահմի Հանդիպում

Ռայի Պատրիարք – Ֆահմի Հանդիպում

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆահմի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին կեցուածքները միշտ ալ ազգային են` հաստատելով, որ իրենք կը զօրակցին ամէն ինչի, որ կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն, ինչպէս նաեւ կը մաղթեն դիւրացնել վարչապետ Սաատ Հարիրիի պարտականութիւնը: Ֆահմի շեշտեց, որ ուրբաթ,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ յայտնեց, որ դատաւորներուն դէմ վարկաբեկիչ որեւէ յայտարարութիւն պիտի վերածուի ընդհանուր դատախազին կողմէ հետապնդուելիք թղթածրարի: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար...

Նախագահ Աուն Ցաւակցութիւն Յայտնեց  Ասատին Եւ Ընդունեց Լիբանանի  Ղպտի Համայնքին Նոր Հոգեւոր Պետը

Նախագահ Աուն Ցաւակցութիւն Յայտնեց Ասատին Եւ Ընդունեց Լիբանանի Ղպտի Համայնքին Նոր Հոգեւոր Պետը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ցաւակցագիր յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` գուժելով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի մահը: Նախագահ Աուն դրուատեց Մոալլեմի դերակատարութիւնը` Սուրիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Ան մաղթեց, որ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի Սուրիոյ մէջ, որպէսզի սուրիացի եղբայր ժողովուրդը դարձեալ բարգաւաճեցնէ իր երկիրը: Նշենք, որ ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ երէկ ուղղուեցաւ Սուրիա,...

«Քորոնա»-ի Համաճարակին Դէմ Պայքարի  Յատուկ Շտապը Գումարեց Իր Նիստը

«Քորոնա»-ի Համաճարակին Դէմ Պայքարի Յատուկ Շտապը Գումարեց Իր Նիստը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 106.446-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1016 Պարագաներ Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 106.446-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1016 նոր վարակուածներ: Միւս կողմէ, «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի յատուկ շտապը վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի...

Ուազնի. «Բարեկարգումի Գործադրութեան  Յապաղումի Քաղաքականութիւնը  Լիբանանցիներուն Մահուան Համազօր Է»

Ուազնի. «Բարեկարգումի Գործադրութեան Յապաղումի Քաղաքականութիւնը Լիբանանցիներուն Մահուան Համազօր Է»

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կարելի չէ ըսել, որ կառավարութիւնը ոչինչ կատարեց բարեկարգումներու գործադրութեան առումով: «Մենք բարեկարգումի գործունէութեան սկսանք Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու որոշումով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ հաշուեքննութեան պատասխանատու «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութիւնը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին ուղղած է 100 հարցում, որոնց միայն 42...

Նաժըմ. «Լիբանանի Մէջ Կազմուելիք Որեւէ  Նոր Կառավարութիւն Պէտք Է Շարունակէ Իրաւական  Հաշուեքննութեան Գործադրութեան Հարցը»

Նաժըմ. «Լիբանանի Մէջ Կազմուելիք Որեւէ Նոր Կառավարութիւն Պէտք Է Շարունակէ Իրաւական Հաշուեքննութեան Գործադրութեան Հարցը»

Արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք իբրեւ անհատ ոչ ոքի հետ հարց ունի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ինք այս կամ այն քաղաքական ուժին կամ հոսանքին չի պատկանիր, կուսակցական չէ, եւ իբրեւ անկախ անհատ կը կատարէ այն, ինչ որ իր խիղճը հանգիստ կը պահէ: Նաժըմ նկատել տուաւ, որ «ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի...

Էլիզէի Մէջ .  Լը Տըրիան Եւ Փոմփէօ Անդրադարձան  Լիբանանեան Թղթածրարին

Էլիզէի Մէջ . Լը Տըրիան Եւ Փոմփէօ Անդրադարձան Լիբանանեան Թղթածրարին

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ մնալ տեղքայլի մէջ: Անցեալ շաբթուան ընթացքին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը շեշտելու եւ ֆրանսական նախաձեռնութեան արժէքին կարեւորութիւնը ընդգծելու նպատակով Պէյրութ այցելած Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդատու Փաթրիք Տիւրել երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած նիստի մը ընթացքին ներկայացուց լիբանանցի ղեկավարներուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Էլիզէի...

Հաշեմ. «Այն Թինէի Եւ Պքերքէի Միջեւ  Արձանագրուած Տարակարծութիւններու  Էջը Փակուած Է»

Քասեմ Հաշեմ. «Կութիերես Պէտք Էր Ճնշում Բանեցնէր Իսրայէլի Վրայ` Հեռանալու Բռնագրաւուած Լիբանանեան Հողերէն»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին իր եղանակային խորհուրդներով զինուած կը ներկայանայ աշխարհին` իբրեւ անկողմնակալ անձնաւորութիւն մը, որ կը հաստատէ նաեւ միջազգային ընտանիքին չէզոքութիւնը: Հաշեմ հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքն ու Կութիերես կը խաբեն, որովհետեւ անոնք թշնամի Իսրայէլի հետ կը վարուին...

Շարպել Ուեհպէ Շիայի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի  Յարաբերութիւններն Ու Լիբանանցի Անձնաւորութիւններու Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Վերաբերող Հարցեր

Շարպել Ուեհպէ Շիայի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Ու Լիբանանցի Անձնաւորութիւններու Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Վերաբերող Հարցեր

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախկին նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Քննարկուեցան Լիբանանի ծովային տարածքներու սահմանագծումին համար կատարուող անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ ամերիկեան կողմին միջնորդութեան վերաբերող հարցեր: Ուեհպէ ամերիկացի դեսպանին հետ արծարծեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ ամերիկեան վարչակազմին հաստատած պատժամիջոցներուն դրդապատճառները` փափաք...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` գուժելով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի մահը: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ յանձնախումբը պահանջած է այս մարզին ընդգրկած բոլոր ընկերութիւններուն վերջին 10-ամեակի հաշիւները եւ զանոնք սերտած` համաշխարհային չափանիշներով: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքական...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 105.430-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1163 Պարագաներ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 105.430-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1163 Պարագաներ

Հասան. «Շաբաթավերջին Սկսած Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը 90 Առ Հարիւրով Յարգուած Է» Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 105.430-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1163 նոր վարակուածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ շաբաթավերջին սկսած ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը 90 առ հարիւրով յարգուած է: Ան նկատել տուաւ, որ այս լուրը ողջունելի է` յոյս յայտնելով, որ...

Շիա. «Պասիլ Կը Ծածկէ Հըզպալլայի Զէնքը,  Իսկ Վերջինը` Անոր Փտածութիւնը»

Շիա. «Պասիլ Կը Ծածկէ Հըզպալլայի Զէնքը, Իսկ Վերջինը` Անոր Փտածութիւնը»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Լիբանանի վերջին կառավարութեան չզօրակցեցաւ, որովհետեւ ան կազմուած էր Հըզպալլայի կողմէ: «Բայց եւ այնպէս Միացեալ Նահանգներ նեցուկ կանգնեցան լիբանանցիներուն: Իսկ յաջորդ կառավարութեան ձեւը տեսնելէ ետք է, որ պիտի որոշենք մեր կեցուածքը, ինչպէս նաեւ պիտի պնդենք մեր կեցուածքներուն վրայ, այլապէս անոնք պիտի վերադառնան իրենց փտածութեան, եւ ոչ ոք պիտի օժանդակէ նոր կառավարութեան,...

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին  Առնչութեամբ Սուրիական Կողմը Անկեղծ  Եւ Արագ Աշխատանք Կը Կատարէ»   Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ապպաս Իպրահիմ. «Պատժամիջոցներ Հաստատելու Ամերիկեան Որոշումը Զիս Չի Զարմացներ»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր դէմ հաստատուելիք ամերիկեան պատժամիջոցները զինք չեն զարմացներ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամերիկեան օրաթերթեր անդրադարձած են իր դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներ հաստատելու հաւանականութեան, Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք իմաստուն կերպով պիտի վարուի այդ պատժամիջոցներուն հետ: Ան նկատել տուաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ ոչ ոք իրեն հետ Հըզպալլայի մասին քննարկում կատարած...

Իսրայէլեան Ուժերը Ձերբակալեցին Լիբանանէն  Սահմանը Խախտող Անհատ Մը  Եւ Կրակոցով Հեռացուցին Երկու Ուրիշներ

Իսրայէլեան Ուժերը Ձերբակալեցին Լիբանանէն Սահմանը Խախտող Անհատ Մը Եւ Կրակոցով Հեռացուցին Երկու Ուրիշներ

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ երեկոյեան կրակոցով սահմանային փշաթելերէն հեռացուցին երկու անհատներ, որոնք կը փորձէին Իսրայէլ անցնիլ: Ան նշեց, որ իրենց համար խստիւ դատապարտելի է Իսրայէլի գերիշխանութեան խախտումը: Նշենք, որ Ատրահի նախանցեալ օր յայտարարած էր, որ անհատ մը խախտած էր լիբանանեան սահմանը եւ մուտք գործած Իսրայէլ, ուր ան ձերբակալուած էր: Ատրահի ըսաւ, որ ձերբակալումը կատարուած...

Օսման. «Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնը Իսկական  Վերջին Առիթ Մըն Է, Զոր Կարելի Չէ Կորսնցնել»

Օսման. «Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնը Իսկական Վերջին Առիթ Մըն Է, Զոր Կարելի Չէ Կորսնցնել»

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման «Ամըն» պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած իր խօսքին մէջ հարց տուաւ, որ արդեօք Լիբանան դուրս կու գա՞յ այն մութ փապուղիէն, ուր մուտք գործած էր տարի մը առաջ եւ վկայած առողջապահական, ելեւմտական, տնտեսական, ապրուստի եւ քաղաքական տագնապներ, որոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցան քաղաքացիներուն վրայ եւ շարունակուելու պարագային կրնան դրսեւորուիլ քաոսով: Օսման նկատել տուաւ, որ Լիբանանի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, իր խօսքը ուղղելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ձախողեցնող կողմերուն, յայտնեց, որ ժողովուրդը կ՛ուզէ անկախներու կառավարական կազմ մը: «Նախարարաց խորհուրդին մէջ գործող բոլոր նախարարները պէտք է ըլլան անկախ», ըսաւ ան: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելը ազգային պարտականութիւն է եւ պէտք է պարտադրուի օրէնքի ուժով: ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի...

Նախագահ Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց  Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Նախագահ Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի սահմանագծումի բանակցութիւնները, որոնք ընթացան անցեալ չորեքշաբթի օր, ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու Նաքուրայի կեդրոնատեղիին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Քիւպիչի պատրաստած տարեկան տեղեկագիրը, որ կը վերաբերի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան: Նախագահ Աուն եւ Քիւպիչ անդրադարձան նաեւ կառավարութեան...

Page 451 of 988 1 … 450 451 452 … 988

Արխիւներ