Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 95.355-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1119 Պարագաներ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 95.355-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1119 Պարագաներ

Նախագահ Աուն Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր Եւ Այսօր Կը Նախագահէ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Արտակարգ Նիստին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ շարունակեց քննարկել կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Ցաւ Յայտնեց Լիբանանցի Պատասխանատուներու Դէմ  Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Համար

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ցաւ Յայտնեց Լիբանանցի Պատասխանատուներու Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Համար

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Միշել Մուսայի, Էլիաս Պու Սաապի, Փիեռ Պու Ասիի, Քասեմ Հաշեմի, Ալի Պեզզիի, Ամին Շըրրիի, Հասան Իզզէտտինի, Իպրահիմ Ազարի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Սամի Ֆաթֆաթի, Ֆարիտ Պուսթանիի եւ Ֆուատ Մախզումիի: Նիստէն ետք յանձնախումբը հրապարակեց...

Ուահապ. «Էրտողանի Փեսային Հրաժարականն  Ու Թրքական Լիրային Արժեզրկումը Սկիզբն Են  Մեծ Խաբեբայի Տապալումին»

Ուահապ. «Էրտողանի Փեսային Հրաժարականն Ու Թրքական Լիրային Արժեզրկումը Սկիզբն Են Մեծ Խաբեբայի Տապալումին»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն հաստատեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փեսային` Հալէպի գործարանները գողցած Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարարին հրաժարականը, ինչպէս նաեւ թրքական լիրային արժեզրկումը սկիզբ են մեծ խաբեբայի տապալումին: Ուահապ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն հաստատած է, որ շրջանին մէջ բռնարարքներ գործած այս ոճրագործին չափ ու սահման...

Շիա. «Պասիլ Պակասաւոր Կերպով Կ՛ըմբռնէ  Ամերիկեան Քաղաքականութիւնը,  Իսկ Պատժամիջոցներու Ընթացքին Մասին  Թիւրիմացութեան Մէջ Կը Գտնուի»

Շիա. «Պասիլ Պակասաւոր Կերպով Կ՛ըմբռնէ Ամերիկեան Քաղաքականութիւնը, Իսկ Պատժամիջոցներու Ընթացքին Մասին Թիւրիմացութեան Մէջ Կը Գտնուի»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ պակասաւոր կերպով կ՛ըմբռնէ ամերիկեան քաղաքականութիւնը, իսկ պատժամիջոցներու ընթացքին մասին թիւրիմացութեան մէջ կը գտնուի: Շիա հաստատեց, որ Պասիլ ինք պատրաստակամութիւն յայտնած է որոշ նախապայմաններով Հըզպալլայէն անջատուելու մասին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն, որոնք զինք մղած են գիտակցելու, թէ Հըզպալլայի հետ Ազգային ազատ...

Քիւպիչ. «Արդէն Իսկ Ժամանակն Է, Որ Զօրակցութեան Եւ Կարեկցանքի Հաղորդագրութիւնները Գործի Վերածուին»

Քիւպիչ. «Անհրաժեշտ Է, Որ Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութիւնները Անյապաղ Արդիւնաւորուին»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին համար անհրաժեշտ է, որ կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները անյապաղ արդիւնաւորուին: Քիւպիչ ընդգծեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ կառավարութիւն մը կազմելու մասին գոյացած համաձայնութեան կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է անջատել արտաքին ազդակներէն եւ չարտօնել,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀՐԱԺԱՐԱԾ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ, Յունաստանի եւ Ռումանիոյ դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին խօսք մը պիտի արտասանէ «Նահատակի օր»-ուան առիթով: Կը նախատեսուի, որ ան իր խօսքին մէջ անդրադառնայ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ երէկ այցելեց Սայտա, ուր...

Իշխանութեան Երեք Պետերը  Շնորհաւորեցին Պայտընը

Իշխանութեան Երեք Պետերը Շնորհաւորեցին Պայտընը

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեղքայլի մը մէջ կը գտնուի եւ անցեալ շաբաթավերջին ընթացքին այդ մասին ոչ մէկ զարգացում արձանագրուեցաւ, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան արդիւնքը յստակացաւ` ի նպաստ Ճօ Պայտընի: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռագիր մը յղեց Պայտընի` շնորհաւորելով զայն` ամերիկացի ժողովուրդին վստահութեան արժանանալու եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելու առիթով: Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Պայտընի իշխանութեան ընթացքին լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները...

Պասիլ. «Միացեալ Նահանգներու Գործակալները Չենք  Եւ Կը Մերժենք Հըզպալլան Առանձին Ձգել` Արտաքին  Ճնշումներուն Դիմաց, Իսկ Առանց Միացեալ Չափանիշներու`  Կառավարութեան Կազմութիւնը Պիտի Ուշանայ»

Պասիլ. «Միացեալ Նահանգներու Գործակալները Չենք Եւ Կը Մերժենք Հըզպալլան Առանձին Ձգել` Արտաքին Ճնշումներուն Դիմաց, Իսկ Առանց Միացեալ Չափանիշներու` Կառավարութեան Կազմութիւնը Պիտի Ուշանայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ճշմարտութիւնը այն է, որ Միացեալ Նահանգներուն հետ ճամբայ ելլելը միշտ ալ դժուար եղած է, սակայն պէտք է քալել եւ անիրաւութիւնը հանդուրժել, որպէսզի մեր երկրին մէջ մնանք ազատ եւ Լիբանանը փրկենք բախումներէ ու երկփեղկումէ: «Կը պնդենք, որ ամերիկացիներուն բարեկամ կ՛ուզենք մնալ, հակառակ ամերիկեան վարչակազմին անիրաւութեան: Իմ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 94.236-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1139 Պարագաներ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 94.236-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1139 Պարագաներ

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Վաղը Պիտի Գումարէ Իր Արտակարգ Նիստը Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 94.236-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1139 նոր վարակուածներ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրած է արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի Պաապտայի մէջ, երեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի...

Թրիփոլիի Մէջ.  «Լիբանան Պատգամի Եւ Ազգային  Համերաշխութեան Երկիր Է»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Թրիփոլիի Մէջ. «Լիբանան Պատգամի Եւ Ազգային Համերաշխութեան Երկիր Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թրիփոլիի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ ապահովական հեղինակութիւններուն հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ռայի պատրիարքը ողջունեց Թրիփոլիի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կատարուող այս այցելութիւնը, որուն ընթացքին պիտի կատարուի Թրիփոլիի մէջ չորս փողոցներու անուանումը. անոնք պիտի կրեն մարոնի համայնքի չորս առաջնորդներու անուններ: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը...

Նախագահ Աուն Հարիրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան  Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Հարիրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Մաքրոն Կը Քաջալերէ Անյապաղ Կազմել Բարեկարգումներ Գործադրելու Կարողութիւն Ունեցող Կառավարութիւն Մը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ շարունակեց քննարկել կառավարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին դրական մթնոլորտը մնաց տիրական, իսկ աշխատանքը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պիտի շարունակուի: Երէկ գիշեր ժամը 10:15-ին Էլիզէի պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ,...

Պաապտայի Ժողովին.   «Մեր Ընտրանքը Երկխօսութիւնն Է, Եւ Ոչ Մէկ Շահ Կայ Ենթարկուելու Սադրանքներու»  Հաստատեց Բագրատունի

Երեսփոխան Բագրատունի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Արցախի վրայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին եւ շրջանին վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան:  

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 91.328-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին  Արձանագրուած Են 2142 Պարագաներ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 91.328-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 2142 Պարագաներ

Հասան. «Երկիրը Ընդհանուր Փակումի Ենթարկելու Որոշումը Յանդուգն Է Եւ Կարիքը Ունի Բոլորին Համախոհութեան Ու Լուրջ Վերաբերումին» Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 91.328-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 2142 նոր վարակուածներ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընկերութեան...

Պասիլի Դէմ Ամերիկեան  Պատժամիջոցներ Կը Հաստատուին

Պասիլի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ Կը Հաստատուին

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ պատժամիջոցներ հաստատեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ: Ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մունիչըն նշեց, որ Պասիլ ամբաստանուած է լիբանանեան վարչակարգին մէջ կազմակերպուած փտածութիւն գործադրելու եւ անոր իբրեւ հետեւանք կառավարութեան հիմերը քայքայելու յանցանքով: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Պասիլ իր գործունէութեամբ փտածութիւն տարածած է եւ օժանդակած, որ լիբանանեան վարչակարգին մէջ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ հակառակ պատժամիջոցներուն` Միացեալ Նահանգներու դէմ թշնամանք պիտի չտածեն, այլ` պիտի շարունակեն իրենց կեցուածքներով: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախատեսած էր, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը կազմուէր երէկ եւ անիկա ըլլար նախորդ կառավարութիւններուն նման: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սահմանադրական որեւէ բարեփոխում կարելի չէ ապահովել առանց...

«Կեդրոնական Դրամատան Իրաւական Հաշուեքննութեան  Յանձնառու Կը Մնանք Եւ Զայն Անհրաժեշտ Կը Նկատենք  Բարեկարգումներ Կատարելու Ճամբուն Վրայ»  Ընդգծեց Նախագահ Աուն

«Կեդրոնական Դրամատան Իրաւական Հաշուեքննութեան Յանձնառու Կը Մնանք Եւ Զայն Անհրաժեշտ Կը Նկատենք Բարեկարգումներ Կատարելու Ճամբուն Վրայ» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց իրաւական հաշուեքննութեան «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան տնօրէն Տենիըլ Ճէյմսը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու վերաբերող հարցեր: Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի կողմէ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն շուրջ իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու որոշումին յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը` հաստատելով,...

Ապպաս Շեշտեց Արդիական Ապահովական  Կառոյց Ունենալու Կարեւորութիւնը

Ապպաս Իպրահիմ. «Ուժի Եւ Ճնշումի Բանեցումը Շրջանին Մէջ Միայն Յաւելեալ Ցնցումներ Կրնայ Յառաջացնել»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ 14 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներ իր կատարած պաշտօնական այցելութեան` նկատել տալով, որ այդ այցելութիւնը յաջող այցելութիւն մը եղած է բոլոր չափանիշներով: Ան նշեց, որ իր հանդիպումները իրենց ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ եղած են յաջող եւ կարեւոր` աւելցնելով, որ անոնք արժանացած են տեղեկատուութեան մարզին ուշադրութեան: Իպրահիմ յայտնեց, որ ամերիկեան «Ճէյմս...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 89.186-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին  Արձանագրուած Են 2089 Պարագաներ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 89.186-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 2089 Պարագաներ

Հասան. «Լիբանան Աղէտալի Օրեր Կ՛Ապրի» Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 89.186-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 2089 նոր վարակուածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ պէտք է դասեր քաղել եւրոպական այն երկիրներէն, որոնք ամբողջութեամբ փակ յայտարարուած են եւ ժողովուրդին ընկերային ծառայութիւններ մատուցած, «սակայն ցաւալին այն է, որ Լիբանան այսօր չի կրնար իր...

Տըրիան, Քապալան Եւ Հասան Դատապարտեցին  Փարիզի, Նիսի Եւ Վիեննայի  Ահաբեկչական Գործողութիւնները

Տըրիան, Քապալան Եւ Հասան Դատապարտեցին Փարիզի, Նիսի Եւ Վիեննայի Ահաբեկչական Գործողութիւնները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի կողմէ հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտուեցան Փարիզի, Նիսի եւ Վիեննայի մէջ գործադրուած ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնք թիրախ դարձուցին քաղաքայիններ: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ եւրոպական երկիրներու մէջ կատարուած այս արարքները հարցադրումներ կը ստեղծեն արարքները կազմակերպող եւ գործադրող...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ քաղաքացի մը Պիր Հասանի Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տամանի) կեդրոնին դիմաց ինքզինք հրկիզած է: Թէեւ անոր շուրջ գտնուող մարդիկ փորձած են օգնել, սակայն խնդրոյ առարկայ անձին առողջական վիճակին մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ յայտնեց, որ միակ լուծումը Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի շտեմարանի մնացորդացին քանդումն է եւ կարելի եղածին չափ արագ կերպով: Ան հաստատեց, որ շտեմարանին մնացորդացը...

Page 453 of 988 1 … 452 453 454 … 988

Արխիւներ