Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հետ Քննարկեց Եգիպտոս Կատարած Այցելութեան Արդիւնքները

Նոյեմբեր 10, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Արաբական Սկաուտական 30-րդ Խորհրդաժողովը Լիբանանի Մէջ
Հիւրընկալելու Իրաւունքը Ձեռք Ձգելու
Կարեւորութիւնը Մեծ Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որուն հետ քննարկեց Եգիպտոս կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, յատկապէս Լիբանանի կողմէ 2022-ին Արաբական սկաուտական 30-րդ խորհրդաժողովն ու Արաբական երիտասարդական-սկաուտական 5-րդ համագումարը հիւրընկալելու մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Աուն նախագահեց նաեւ հանդիպումի մը, որուն ներկայ էին նախարար Օհանեան-Գէորգեան, Լիբանանի սկաուտական համադաշնակցութեան նախագահ Եուսեֆ Խատտաժի եւ մասնակցութեամբ փոխնախագահ Էլի Մըլքի Եուսեֆի, ընդհանուր քարտուղար Սայիտ Մաալիքի եւ ընդհանուր ներկայացուցիչ Ֆայզա Քանպարի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ 2022-ին Արաբական սկաուտական 30-րդ խորհրդաժողովին Լիբանանի մէջ կայացումը կը փաստէ, որ Լիբանան պիտի մնայ արաբ եղբայրներու հանդիպման վայրը, ինչպէս նաեւ զանոնք համախմբելու եւ անոնց հանդիպումներն ու աշխատանքները հիւրընկալելու յարմարագոյն վայրը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ այս խորհրդաժողովին հիւրընկալումը կ՛ապացուցէ, թէ շրջանին մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը կը շարունակէ ռահվիրայի դերակատարութիւն մնալ` հակառակ անոր դիմագրաւած դժուար պայմաններուն:

Սկաուտական համադաշնակցութեան պատուիրակութիւնը իր կարգին նախագահ Աունին ներկայացուց Լիբանանի կողմէ 2022-ին Արաբական սկաուտական 30-րդ խորհրդաժողովն ու Արաբական երիտասարդական-սկաուտական 5-րդ համագումարը հիւրընկալելու իրաւունքը շահելու վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Պատուիրակութիւնը աւելցուց, որ Արաբական երիտասարդական-սկաուտական 5-րդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ 15-20 սեպտեմբեր 2022-ին, Արաբական սկաուտական 30-րդ խորհրդաժողովը` 20-27 սեպտեմբեր 2022-ին, իսկ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 22 սեպտեմբեր 2022-ին:

Հանդիպումին ընթացքին նշուեցաւ նաեւ, որ խորհրդաժողովը պիտի կրէ «Պէյրութ` արաբական սկաուտական բնօրրանը» խորագիրը` նկատի ունենալով, որ արաբական սկաուտական շարժումը սկսած է Պէյրութի մէջ, 1912-ին:

Ընդգծուեցաւ, որ այդ միջոցառումը Լիբանանի համար կարեւոր պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով արաբ եւ միջազգային դէմքեր ու անձնաւորութիւններ պիտի մասնակցին խորհրդաժողովին:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Լիբանանի սկաուտական համադաշնակցութիւնը` խորհրդաժողովը կայացնելու իրաւունքը ապահովելու առումով, եւ ընդգծեց, որ կազմակերպական բոլոր դիւրութիւնները սկաուտական համադաշնակցութեան պիտի տրամադրուին` ապահովելու համար խորհրդաժողովին յաջողութիւնը:

Հասսան Տիապի Մօտ

Վ. Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ եւ այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերով Տիապի խորհրդատու Հիւսէյն Քաաֆարանի:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Օհանեան-Գէորգեան Տիապին ներկայացուց լիբանանեան պատուիրակութեան Եգիպտոս կատարած այցելութեան ունեցած հանդիպումներուն մանրամասնութիւններն ու արդիւնքները:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի հիւրընկալելիք խորհրդաժողովն ու համագումարը կազմակերպելու ձեւերն ու անոր յաջողութիւնը ապահովելու միջոցները:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 95.355-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1119 Պարագաներ

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան Կասկածելի Կը Նկատէ Շուշիի Մասին Արցախի Ղեկավարութեան Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?