Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին պատկերասփռուած ճառով մը իր պատգամը ուղղեց լիբանանցի քաղաքացիներուն` հաստատելով, որ առանց կեանքի տնտեսութիւնը իմաստ չունի:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը զսպելու համար առնուած բոլոր քայլերը անյաջող պիտի ըլլան, եթէ քաղաքացին յանձնառու չմնայ տրուած որոշումներուն եւ չգործադրէ թելադրուած նախազգուշութիւնները:
«Շատեր քննադատեցին ամբողջ երկիրը փակելու որոշումը` նկատի ունենալով Լիբանանը յուզող տնտեսական տագնապն ու քաղաքացիին առօրեան ու տառապանքը: Լիբանանի կացութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ տիրող կացութեան նման է: Կը գտնուինք կեանքի ու տնտեսութեան միջեւ ընտրութեան դէմ յանդիման: Այս իրավիճակին մէջ ես կ՛ընտրեմ կեանքն ու առողջութիւնը», ըսաւ ան:
Տիապ շեշտեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ապահովելու համար «Քորոնա» ժահրի պատուաստները:
«Կոչ կ՛ուղղեմ լիբանանցիներուն կառչած մնալու նախազգուշութիւններուն, որպէսզի համաճարակը միասնաբար յաղթահարենք», շեշտեց Տիապ:



