Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆԾԱՆՕԹ ինքնաշարժէ մը զինեալներ  երէկ պատերազմական զէնքով կրակոցներ արձակեցին Թրիփոլիի մէջ գտնուող փուռի մը առջեւ եւ փութով խոյս տուին անորոշ ուղղութեամբ` ահ ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծելով: Միջադէպին պատճառները անծանօթ մնացին: ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ուժեր երէկ պաշարեցին վարագոյր եւ գեղանկարչական արուեստի գործեր վաճառող հաստատութիւն մը Թրիփոլիի մէջ: Յետ խուզարկութեան յայտնաբերուեցան մեծ քանակութեամբ զինամթերք, ձեռնառումբեր եւ յարակից զինուորական սարքեր: Դէպքին շուրջ քննութիւն բացուեցաւ: Զինամթերքը...

Խմբագրական.  Պահու Կարեւորութիւնը

Պաապտայէն Նշմարուող Սկզբնական Դրական Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Սպասողական Վիճակ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ` չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբերի յետմիջօրէին այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին ներկայացուց 18 նախարարութիւններէ բաղկացած կառավարութեան կազմի մը անուանացանկը` նախարարներու թեկնածուներուն կենսագրականներով: Փոխադարձաբար, նախագահ Աուն խոստացաւ «սերտել» ստացած ցանկը եւ իր կարգին նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին ներկայացուց կառավարութեան կազմութեան իր ամբողջական պատկերացումը` յստակ սկզբունքներու վրայ հիմնուած նախարարական դասաւորումով: Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, Հարիրի իրեն վերապահած է...

Պետական Աջակցութեան Վերացման  Նախաքայլերուն Գծով Անդրադարձները Դրսեւորուեցան  Տեսական Ու Գործնական Կեցուածքներով

Պետական Աջակցութեան Վերացման Նախաքայլերուն Գծով Անդրադարձները Դրսեւորուեցան Տեսական Ու Գործնական Կեցուածքներով

Պետական զօրակցութեան նիւթական աջակցութեան երկօրեայ նիստերու լոյսին տակ երէկ անդրադարձները շարունակուեցան տեսական ու գործնական դրսեւորումով: Արդարեւ, տարբեր մարզերու պատասխանատուներ «հանգստացուցին» վրդոված ու մտահոգ քաղաքացիները, թէ տարրական  դեղորայքի եւ սպառողական նիւթերու, յատկապէս` ալիւրի գծով նպաստի ամբողջական վերացում չկայ, այլ` աստիճանական յարաբերական վերացում պիտի կատարուի ըստ սպառողական շուկայի եւ մանաւանդ` ըստ չքաւոր լիբանանցիներու կարիքներուն: Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆ այս...

«Քորոնա»-ի Առօրեայէն

«Քորոնա»-ի Առօրեայէն

Հակառակ «Քորոնա» ժահրի համավարակը յաղթահարելու կոչուած պատուաստի կիրարկման մեկնարկին` մահասփիւռ վարակիչ համավարակը կը շարունակէ աւերներ գործել աշխարհի զանազան կողմերը: Այս իմաստով Լիբանանի մէջ առողջապահական նախարարութիւնը երէկ դարձեալ գուժեց 20 նոր զոհերու մահը եւ յայտարարեց 1274 պարագաներու վարակումը: «Քորոնա»-ի  Դարմանումի Սակագիները  Յաւելում Կրեցին Միւս կողմէ, Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Մոհամետ Քարաքի երէկ` 4 դեկտեմբեր 2020 թուակիր թիւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆՈՒՇԱՎԱՃԱՌՆԵՐՈՒ եւ ճաշարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամի երէկ կոչ ուղղեց այս մարզերու պատասխանատուներուն ` աւելի աջալուրջ եւ նախանձախնդիր ըլլալու «Քորոնա» ժահրի համավարակին վերաբերեալ որդեգրուած կանխամիջոցներու գործադրութեան գծով: Նմանապէս, Ռամի կոչ ուղղեց պետական պատկան կողմերուն` տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան, պահպանելու համար առեւտրական արդարութիւնը: ԱՅՍՕՐ` հինգշաբթի եւ վաղը` ուրբաթ, ելեւմուտքի նախարարութեան Նապաթիէի գրասենեակները փակ պիտի մնան` պաշտօնեաներէն մէկուն «Քորոնա» ժահրով վարակուած...

Խոստմնալից Դրական Նախաձեռնութեանց Լոյսին Տակ Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ընթացիկ  Շաբաթը Կը Թուի Վճռական Ըլլալ

Կառավարութեան Կազմութիւնը Աւետող Սպիտակ Ծուխին Սպասումով . Հայեացքները Սեւեռած Են Պաապտայի Այսօրուան Հանդիպումին

Կը նախատեսուի, որ այսօր նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելէ Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին պիտի ներկայացնէ կառավարութեան նոր կազմի անուանացանկին սեւագիրը: Նախնական հաւաստի աղբիւրներու կարծիքով` նշեալ սեւագիրը կը բաղկանայ 18 նախարարներու անուանացանկէ, համայնքային համապատասխան դասաւորումով: Այս մասին մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին այսօրուան Աուն-Հարիրի հանդիպումին: Այս ցանկէն նախագահ Աուն իրաւասու պիտի ըլլայ 3 կամ 5 նախարարներու անունները որոշելու: Մնացեալը` խորհրդակցաբար Հարիրիի...

Մէկ Շաբաթէն Աջակցութեան Ամբողջական  Տարազ Պատկերացնելու Յոյսով .  Պետական Աջակցութեան Վերացման  Ընդլայնուած Նիստին Ժողովականները Առաջնահերթ  Նկատեցին Քաղաքացիներու Գոյատեւման  Տարրական Կարիքներու Հոգածութիւնը

Մէկ Շաբաթէն Աջակցութեան Ամբողջական Տարազ Պատկերացնելու Յոյսով . Պետական Աջակցութեան Վերացման Ընդլայնուած Նիստին Ժողովականները Առաջնահերթ Նկատեցին Քաղաքացիներու Գոյատեւման Տարրական Կարիքներու Հոգածութիւնը

Ինչպէս որոշուած էր, հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ նախագահեց պետական աջակցութեան վերացման գծով ընդլայնուած քննարկման երկրորդ նիստին` ներկայութեամբ նոյն ժողովականներուն: Երեկոյեան գումարուած լրացուցիչ նիստին ժողովականները լսեցին իւրաքանչիւր նախարարութեան քննարկած եւ պատրաստած զեկուցումն ու համապատասխան առաջարկները` պետական աջակցութեան նուազագոյն պիւտճէով իրագործման կարելիութեան շուրջ: Խորքին մէջ իւրաքանչիւր նախարարութեան պատկան պատասխանատուներ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին գումարուած զանազան աշխատանիստերով քննարկած էին պետական աջակցութեան եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամերուն «Քորոնա» ժահրով վարակումի 1039 պարագայ եւ 21 մահեր արձանագրուած են: ՍԱՈՒՖԱՐԻ մէջ երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ծնողներ եւ խումբ մը ցուցարարներ որոշ ժամանակով փակեցին շրջանի մայրուղին` իբրեւ բողոք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով դատական հետաքննութեանց ձգձգումին դէմ: ԵՐԷԿ հիւսիսային Թրիփոլի շրջանին մէջ ծոթրինահայսի (մանաիշ) հատը ծախուեցաւ 13 հազար լիբ. ոսկիով` կանխելով անոր...

Խոստմնալից Դրական Նախաձեռնութեանց Լոյսին Տակ Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ընթացիկ  Շաբաթը Կը Թուի Վճռական Ըլլալ

Խոստմնալից Դրական Նախաձեռնութեանց Լոյսին Տակ Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ընթացիկ Շաբաթը Կը Թուի Վճռական Ըլլալ

Կը թուի, թէ կառավարութեան կազմութեան առկախ վիճակը բարեփոխումի հունին մէջ է: Փաստօրէն, իր նշանակումէն քառասուն օր ետք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր վերջին անգամ 20 օր առաջ տեսակցած էր նախագահ Միշէլ Աունի հետ: Պաապտայի պալատին մէջ խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս` կառավարութեան կազմութեան գործնական քայլերու կարելիութիւնը: Հանդիպումի աւարտին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով նախկին վարչապետ...

Լիբանանին Զօրակցութեան  Եւ Օժանդակութեան  Ծիրին Մէջ .  Նախագահ Աուն Ընդունեց Եւրոպական  Եւ Այլ Պատուիրակութիւններ

Լիբանանին Զօրակցութեան Եւ Օժանդակութեան Ծիրին Մէջ . Նախագահ Աուն Ընդունեց Եւրոպական Եւ Այլ Պատուիրակութիւններ

Նախագահ Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի երեսփոխանական մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Թիերի Մարիանի եւ Ժանն Լին Լա Քափիլ: Եւրոպական պատուիրակութեան այս այցելութիւնը կու գայ Լիբանանի յատուկ զօրակցութեան քննարկումի ձեռնարկած Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեան ծիրին մէջ` միաժամանակ զօրակցելով Ֆրանսայի նախագահին առաջադրած նախաձեռնութեան: Այս առիթով քննարկումները կեդրոնացան Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն եւ Լիբանանի օժանդակութեան առումով...

Բողոքի Ցոյցերու Մթնոլորտին Մէջ .  Քննարկուեցաւ Սպառողական Տարրական  Նիւթերու Պետական Զօրակցութեան  Վերացման Թղթածրարը

Բողոքի Ցոյցերու Մթնոլորտին Մէջ . Քննարկուեցաւ Սպառողական Տարրական Նիւթերու Պետական Զօրակցութեան Վերացման Թղթածրարը

«Մենք ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն ենք, սակայն երկիրը կը դիմակալէ տագնապ մը, եւ մենք կը փորձենք կարգաւորել ու թեթեւցնել ներածումի ֆինանսաւորումին գինը այնպէս մը, որ անիկա նիւթական վնաս չպատճառէ մարդոց», յայտարարեց  հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ` երկուշաբթի, 7 դեկտեմբերի երեկոյեան` գլխաւորելով սպառողական տարրական նիւթերու գծով պետական նիւթական զօրակցութեան վերացման օրակարգով ընդլայնուած աշխատանիստին: Ժողովին ներկայ էին նախարարներու պաշտօնակատարներ Զէյնա Աքըր, Ղազի Ուազնի,...

Փետրուար 2021-ի Վերջերը Լիբանան  Կը Ստանայ Պատուաստի Իր Բաժինը

Փետրուար 2021-ի Վերջերը Լիբանան Կը Ստանայ Պատուաստի Իր Բաժինը

«Քորոնա»-Ի Համավարակը  Լիբանանի Մէջ Ցարդ 1115 Մահ Պատճառած Է Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրին յայտնուելէն ի վեր ցարդ Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 138.096 վարակումի պարագաներ եւ 1115 մահեր: Ասոնցմէ 984 վարակուածներ եւ 16 մահեր` վերջին 24 ժամերուն: Մի Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ «աւետեց», որ փետրուար 2021-ի վերջերուն Լիբանան պիտի ստանայ «Քորոնա»-ի երկու միլիոն պատուաստ:...

Կառավարութեան Կազմութեան Գծով  Ճիգերը  Կը Շարունակուին Տեղական  Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Մինչ երկիրը կը տառապի տնտեսական, առողջապահական եւ վերջերս յաճախակիօրէն շեշտուող ապահովական մտավախութիւններու մթնոլորտէն, երկրի քաղաքական ընտրանին իր զանազան արեւելումներով կը փորձէ անմիջական լուծում գտնել այս կացութեան: Տարակարծիք կողմերու մէկ թեւը նպատակայարմար կը նկատէ սպասել արտաքին քաղաքական իրավիճակի դասաւորումին` անհաւանական նկատելով կառավարութեան կազմութիւնը նախքան յառաջիկայ տարուան օգոստոս ամիսը: Հակադիր այլ կողմ մը կ՛առարկէ, թէ պատկերը յստակ է, ու հարկ է «շարժիլ»:...

Տարրական Նիւթերու Զօրակցութեան  Վերացման Գծով .  Հայեացքները Կեդրոնացած Են  Վարչապետարանի Այսօրուան Նիստին Վրայ

Տարրական Նիւթերու Զօրակցութեան Վերացման Գծով . Հայեացքները Կեդրոնացած Են Վարչապետարանի Այսօրուան Նիստին Վրայ

Վերջերս յաճախակիօրէն կը կրկնուէր, թէ մօտերս Կեդրոնական դրամատունը պիտի վերցնէ քաղաքացիներու անհրաժեշտ տարրական նիւթերու պետական զօրակցութեան ֆինանսաւորումը: Այս հարցը մէկէ աւելի հարցականներ եւ մտավախութիւններ յառաջացուց քաղաքացիներուն մօտ, որոնք առանց այդ ալ կը տառապին տնտեսական ու ելեւմտական անցուկ վիճակէ: Խորքին մէջ պետութիւնը, յանձին Կեդրոնական դրամատան, քաղաքացիներուն համար անհրաժեշտ հիմնական չորս մարզերու` դեղորայքի, ալիւրի, վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան սակագիներու նիւթական զօրակցութիւն կը տրամադրէ:...

Անկախութեան 77-Ամեակին Առիթով «Արզ»  Պարտէզին Բացումը Կատարելով`   Ռաֆֆուլ. «Լիբանան Սուրբ Հող Է,  Եւ Մենք Ծունկի Կու Գանք Միայն Աղօթելու»

Անկախութեան 77-Ամեակին Առիթով «Արզ» Պարտէզին Բացումը Կատարելով` Ռաֆֆուլ. «Լիբանան Սուրբ Հող Է, Եւ Մենք Ծունկի Կու Գանք Միայն Աղօթելու»

«Մի՛ վախնաք Լիբանանի վրայ, այնքան ատեն որ Պաապտայի մէջ ունինք Միշել Աուն անունով նախագահ մը», յայտարարեց նախագահ Աունի քաղաքական հարցերու  խորհրդական, նախկին նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ երէկ` կիրակի, 6 դեկտեմբերին Ժիպէյլի Աքուրայի շրջանին մէջ նախագահ Աունի անունով «Արզ» պարտէզին բացումը կատարելով: Նախարարներու, երեսփոխաններու եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու ու համակիրներու ներկայութեան արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցան համերաշխութեան կարեւորութիւնն ու նախագահ Աունի որդեգրած վարքագիծին...

«Քորոնա» Կը Շարունակէ Զոհեր Խլել

«Քորոնա» Կը Շարունակէ Զոհեր Խլել

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, վերջին 24 ժամերուն «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով 1236 վարակուածներ եւ 9 մահեր արձանագրուած են: Ֆահմի Մէկ Շաբաթով Երկարաձգեց Ապահովական Միջոցառումներու Կիրարկումը Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ շրջաբերականով մը մէկ շաբաթով երկարաձգեց «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով որդեգրուած երթեւեկի թէ ապահովական միջոցառումները: Այս որոշումը տրուեցաւ մեկնելով «Քորոնա»-ի շարունակուող սպառնալիքէն եւ անոր պատճառած զոհերու եւ վարակուած պարագաներու աճին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼԻ նահանգապետ Պաշիր Խտըր յայտարարեց, որ շրջանի աւելի քան տասը աւաններու մէջ (Ռաս Պաալպեք, Ֆաքհա, Հերմել, Պրիթել, Լապուէ, Պըտնայել, Նեպի Շիթ, Տորըս, Թարայյա, Քասըր Քուէյխ, Թամնին Թահթա, Եամմունէ, Արսալ եւ Հաուշ Ռաֆքա ) դպրոցները պիտի շարունակեն փակ մնալ շաբաթ մը եւս` «Քորոնա» ժահրով վարակուողներու աճող պարագաներուն պատճառով: Միաժամանակ, դասընթացքները պիտի շարունակուին հեռակայ, առցանց դրութեամբ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ կարգ մը շրջաններու, յատկապէս` Մերժահիունի,...

Յոռետեսութեան Եւ Լաւատեսութեան Մթնոլորտի  Մակընթացութեան Մէջ.  Լիբանանցիք Կը Փորձեն Կառչած Մնալ  Խոստմնալից Յուսատու «Գարնանային» Քայլերու

Յոռետեսութեան Եւ Լաւատեսութեան Մթնոլորտի Մակընթացութեան Մէջ. Լիբանանցիք Կը Փորձեն Կառչած Մնալ Խոստմնալից Յուսատու «Գարնանային» Քայլերու

Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ վերջերս գումարուած Լիբանանի օժանդակութեան յատուկ առցանց երկրորդ խորհրդաժողովը երկսայրի սուրի նման լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան մթնոլորտ ստեղծեց ժողովրդային շրջանակներուն մօտ: Փաստօրէն, աւելի քան երեսուն երկիրներու պատկան ղեկավարներու ներկայութեամբ կայացած խօսակցութեանց առանցքը կազմած էին բարեկարգչական քայլերու անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ անուղղակի  նախապայման խոստացուած օժանդակութեանց տրամադրման: Այս գծով Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Ճէյմս Քլեվըրլի աւարտելով իշխանութեան պետերուն հետ իր հանդիպումները, կոչ...

Դատական Հայց Ներկայացնելով`  Մուսաուի. «Կը Մերժենք Հըզպալլայի Դէմ Արձակուող  Սուտ Ու Անհիմն Յերիւրանքները»

Դատական Հայց Ներկայացնելով` Մուսաուի. «Կը Մերժենք Հըզպալլայի Դէմ Արձակուող Սուտ Ու Անհիմն Յերիւրանքները»

«Նախանձախնդիր ենք ազատ ու պատասխանատու խօսքին եւ կը հաւատանք, որ կան արժանապատիւ ու ողջմիտ դատաւորներ», յայտարարեց «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» պլոքի անդամ երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի երէկ դատարանի մուտքին մամլոյ ասուլիս մը տալով` ներկայութեամբ խումբ մը պաշտպան փաստաբաններու եւ համակիրներու: Ան յայտնեց, որ նախ եւ առաջ իրենք դատական հայց ներկայացուցած են «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան կայքին եւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտի դէմ` նշելով, որ...

Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով.  Առողջապահութեան Նախարարի Պաշտօնակատար  Համատ Հասան Անդրադարձաւ Ռումիէի Բանտին Մէջ  «Քորոնա»-ի Ժահրին Տարածման Վտանգին

Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով. Առողջապահութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Համատ Հասան Անդրադարձաւ Ռումիէի Բանտին Մէջ «Քորոնա»-ի Ժահրին Տարածման Վտանգին

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` ներկայութեամբ նախարարութեան եւ միջազգային պատկան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու: Այս առիթով Հասան անդրադարձաւ երկրի, յատկապէս` Ռումիէի բանտին մէջ տիրող առողջապահական իրավիճակին եւ «Քորոնա»-ով վարակուած պարագաներուն: Ան յայտնեց, որ գործակցաբար առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին, կարելի եղած է 10-էն 17-ի աւելցնել վարակեալներու հոգածութեան յատուկ հիւանդանոցներու թիւը, ինչպէս նաեւ ապահովուած է «Փի.Սի.Ար.»-ի...

Page 446 of 988 1 … 445 446 447 … 988

Արխիւներ