ԱՆՈՒՇԱՎԱՃԱՌՆԵՐՈՒ եւ ճաշարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամի երէկ կոչ ուղղեց այս մարզերու պատասխանատուներուն ` աւելի աջալուրջ եւ նախանձախնդիր ըլլալու «Քորոնա» ժահրի համավարակին վերաբերեալ որդեգրուած կանխամիջոցներու գործադրութեան գծով: Նմանապէս, Ռամի կոչ ուղղեց պետական պատկան կողմերուն` տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան, պահպանելու համար առեւտրական արդարութիւնը:
ԱՅՍՕՐ` հինգշաբթի եւ վաղը` ուրբաթ, ելեւմուտքի նախարարութեան Նապաթիէի գրասենեակները փակ պիտի մնան` պաշտօնեաներէն մէկուն «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալուն պատճառով:
ԶԱՀԼԷԻ ելեկտրածին գործիքը բանեցնող գործարանի պատկան պատասխանատուներ կոչ ուղղեցին վաղը` ուրբաթ կէսօր, կարճ ժամանակով փակելու գրասենեակները, իբրեւ բողոք Զահլէի ելեկտրականութեան ընկերութեան հարցին ձգձգման դէմ: Նշենք, որ նշեալ ընկերութեան հետ կնքուած պայմանագիրի տեւողութեան ժամանակը կ՛աւարտի մօտերս եւ այս գծով պատկան պատասխանատուներ կը փափաքին վերանորոգել պայմանագիրը:
ԸՆԴԱՌԱՋԵԼՈՎ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` երկրագործական մարզին զարկ տալու կոչին, մինչեւ այս տարեվերջ տնկուած ծառերուն թիւը պիտի հասնի աւելի քան երկու միլիոնի: Ծառատնկումը առաւելաբար կեդրոնացած է կանաչապատումի կարօտ եւ հրդեհներու պատճառով այրած տարածքներուն վրայ: