Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 7, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼԻ նահանգապետ Պաշիր Խտըր յայտարարեց, որ շրջանի աւելի քան տասը աւաններու մէջ (Ռաս Պաալպեք, Ֆաքհա, Հերմել, Պրիթել, Լապուէ, Պըտնայել, Նեպի Շիթ, Տորըս, Թարայյա, Քասըր Քուէյխ, Թամնին Թահթա, Եամմունէ, Արսալ եւ Հաուշ Ռաֆքա ) դպրոցները պիտի շարունակեն փակ մնալ շաբաթ մը եւս` «Քորոնա» ժահրով վարակուողներու աճող պարագաներուն պատճառով: Միաժամանակ, դասընթացքները պիտի շարունակուին հեռակայ, առցանց դրութեամբ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ կարգ մը շրջաններու, յատկապէս` Մերժահիունի, Քեսրուանի եւ Աքքարի բնակիչներ շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:45-ին  զգացած են երկրաշարժի ցնցում, որ սակայն զոհեր կամ վնասներ չէ պատճառած:

ԺԻՊԷՅԼԻ կից Ֆիտարի քաղաքապետութենէն Թոնի Շէյխ անունով ոստիկան մը երէկ արգելափակած է «Փեժօ» տիպի ինքնաշարժի մէջ արտակարգ ձեւով շրջանի փողոցներուն մէջ  շրջագայող չորս սուրիացիներ: Յետ խուզարկութեան անոնց մօտ գտնուած են արգիլուած թմրեցուցիչ եւ գողութեան յատուկ սարքեր ու գործիքներ:  Հարցուփորձէն ետք չորս յանցագործները յանձնուած են շրջանի ոստիկանութեան բաժանմունքին:

ՍՈՒՐԻ Ժապալ Ամել շրջանէն «Ամալ» շարժումի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Ալի Իսմայիլի, երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուած է Սուրի նոր նշանակուած առաջնորդ Շարպել Ապտալլա եպիսկոպոսին: Այս առիթով արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուած է հարաւային Սուրի շրջանին մէջ մէկ ընտանիքի մթնոլորտով գոյակցելու ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ` համակեցութեան եւ հոգեւոր պետերուն միջեւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը:

ՀԱԼՊԱՅԻ Պերքայէլ շրջանին մէջ երիտասարդ մը զոհ գնաց երէկ` կիրակի, 6 դեկտեմբերին Ուատի Ժամուս աւանին մէջ հանդիսութեան մը ընթացքին արձակուած կոյր փամփուշտի մը: Դէպքը սուգի եւ զայրոյթի մթնոլորտ ստեղծեց սկզբունքով ուրախ առիթով համախմբուած ներկաներուն մօտ: Այս գծով զոհին ընտանիքը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց դէպքը` մերժելով զինեալ երեւոյթները շրջանին մէջ եւ շեշտելով, որ իրենց գերդաստանէն ոչ ոք փամփուշտ արձակած է` պահանջելով անյապաղ բացայայտել դէպքին պատասխանատուները:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ուասիմ Պազզէ երէկ հաւանական նկատեց, որ Իսրայէլ կանգնած ըլլայ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին ետին` օգտուելով Լիբանանի մէջ տիրող որոշ մարզերու պատասխանատուներու թերացումներէն, եւ այս`  մրցակցային նպատակ ունենալով հիմնովին վերացնել  Պէյրութի նաւահանգիստը Միջին Արեւելքի քարտէսէն:

Նախորդը

Լաւրով Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Յաջորդը

«Քորոնա» Կը Շարունակէ Զոհեր Խլել

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.