«Նախանձախնդիր ենք ազատ ու պատասխանատու խօսքին եւ կը հաւատանք, որ կան արժանապատիւ ու ողջմիտ դատաւորներ», յայտարարեց «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» պլոքի անդամ երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի երէկ դատարանի մուտքին մամլոյ ասուլիս մը տալով` ներկայութեամբ խումբ մը պաշտպան փաստաբաններու եւ համակիրներու: Ան յայտնեց, որ նախ եւ առաջ իրենք դատական հայց ներկայացուցած են «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան կայքին եւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտի դէմ` նշելով, որ գործակցաբար խումբ մը փաստաբաններու, պիտի շարունակուին դատական հայցերը այլ անձնաւորութիւններու եւ հաստատութեանց դէմ, որոնք «անհիմն սուտերով ու յերիւրանքներով կ՛ամբաստանեն Հըզպալլան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատուութեան գծով»: