Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետական Աջակցութեան Վերացման Նախաքայլերուն Գծով Անդրադարձները Դրսեւորուեցան Տեսական Ու Գործնական Կեցուածքներով

December 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետական զօրակցութեան նիւթական աջակցութեան երկօրեայ նիստերու լոյսին տակ երէկ անդրադարձները շարունակուեցան տեսական ու գործնական դրսեւորումով: Արդարեւ, տարբեր մարզերու պատասխանատուներ «հանգստացուցին» վրդոված ու մտահոգ քաղաքացիները, թէ տարրական  դեղորայքի եւ սպառողական նիւթերու, յատկապէս` ալիւրի գծով նպաստի ամբողջական վերացում չկայ, այլ` աստիճանական յարաբերական վերացում պիտի կատարուի ըստ սպառողական շուկայի եւ մանաւանդ` ըստ չքաւոր լիբանանցիներու կարիքներուն: Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆ այս գծով դիտել տուաւ, թէ սպառողական դեղերու 80 առ հարիւր համեմատութիւնը կը ներածուի արտերկրէն` ամերիկեան տոլարով, եւ այդ գծով աշխատանք կը տարուի օգտագործելու դեղերու պատրաստութեան լիբանանեան գործարանները, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ այս մարզին յատկացուող պիւտճէին վրայ` զգալի գումարներ խնայելով: Նմանապէս, նիւթական աջակցութեան աստիճանական ու յարաբերական վերացում պիտի կատարուի վառելանիւթի տարբեր ճիւղերուն գծով (պենզին, մազութ…): Միաժամանակ պիտի սերտուի խիստ կարիքաւորներու յատուկ սննդեղէնի անդամաքարտերու տուչութեան գործնական հոլովոյթը:

Սակայն հակառակ առնչակից պատասխանատուներու «մեղմացուցիչ» կեցուածքներուն, լիբանանցիք շարունակեցին իրենց ընդվզումի ելոյթները եւ հիւսիսային Լիբանանի, յատկապէս` Թրիփոլիի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի կարգ մը շրջաններուն մէջ դարձեալ ճամբաներ փակուեցան հրկիզուած անիւներով:

Նմանապէս արտերկրի ուսանողներու ծնողներ երէկ դարձեալ բողոքի ցոյց կատարեցին Կեդրոնական դրամատան առջեւ` իրենց ցասումը արտայայտելով կարգ մը պատկան կողմերու անփութութեան դէմ: Նշենք, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ այս գծով շրջաբերական մը յղած էր դրամատուներուն` պահանջելով  քաղաքացիներու գումարներու փոխանցման գործնական քայլերու մեկնարկը:

Նոյն ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ ուսանողներ եւ ծնողներ բողոքի ելոյթով իրենց ընդվզումը արտայայտեցին կարգ մը համալսարաններու կողմէ ամերիկեան տոլարին սակագինը փոխան 1515-ի 3900 լիբ. ոսկի հաշուելու որոշումին դէմ, յառաջիկայ կիսամեակէն սկսեալ:

Քաղաքացիներու զայրոյթին ընդառաջելով` Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը իր կարգին ընդհանուր ցոյցի կոչ ուղղեց չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին:

Նմանապէս, իրազեկ աղբիւրներ զգուշացուցին 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային պոռթկումը գերազանցող ժողովրդային տարբեր շերտերու համատարած ցասումէ մը, որուն հետեւանքները կրնան հիմնովին շրջել իրավիճակը` առաւել եւս վատթարացնելով իշխանութեանց վիճակը:

 

Նախորդը

«Քորոնա»-ի Առօրեայէն

Յաջորդը

Պաապտայէն Նշմարուող Սկզբնական Դրական Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Սպասողական Վիճակ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.