Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոռետեսութեան Եւ Լաւատեսութեան Մթնոլորտի Մակընթացութեան Մէջ. Լիբանանցիք Կը Փորձեն Կառչած Մնալ Խոստմնալից Յուսատու «Գարնանային» Քայլերու

Դեկտեմբեր 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ վերջերս գումարուած Լիբանանի օժանդակութեան յատուկ առցանց երկրորդ խորհրդաժողովը երկսայրի սուրի նման լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան մթնոլորտ ստեղծեց ժողովրդային շրջանակներուն մօտ: Փաստօրէն, աւելի քան երեսուն երկիրներու պատկան ղեկավարներու ներկայութեամբ կայացած խօսակցութեանց առանցքը կազմած էին բարեկարգչական քայլերու անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ անուղղակի  նախապայման խոստացուած օժանդակութեանց տրամադրման: Այս գծով Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Ճէյմս Քլեվըրլի աւարտելով իշխանութեան պետերուն հետ իր հանդիպումները, կոչ ուղղեց  իշխանութիւններուն «աշխուժ քայլերու դիմելու` փրկելու համար Լիբանանը»: Նմանապէս, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ ընկերային ցանցի վրայ կատարած իր գրառումով կոչ ուղղեց փութալու կացութեան բարեփոխման, ուր առաջնակարգ քայլ կը նկատուի կառավարութեան կարգավիճակի յստակացումն ու նոր կազմի յառաջացումը:

Սակայն այս ուղղութեամբ Պաապտայի պալատի թէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի աղբիւրներ անհաւանական կը նկատեն Հարիրիի մօտալուտ այցելութիւնը Պաապտա: Խորքին մէջ այս հարցը կառավարութեան «պատշաճ» կազմի յառաջացումէն անդին կը վերագրուի իշխանութիւններու լիազօրութեանց եւ անոնց տարողութեան շեշտաւորման միտումներուն: Փաստօրէն նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներու կարծիքով, նախագահ Աուն կը մերժէ, որ իր իշխանութեան օրով առաւել եւս «նահանջեն կամ տկարանան քրիստոնեաներու իրաւունքներն ու լիազօրութիւնները»: Իսկ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահին եւ անոնց դաշնակից ուժեր կառչած կը մնան իրենց վերապահուած «անգիր» հեղինակութիւններուն եւ լիազօրութիւններուն:

Քաղաքական այս տարակարծութիւններէն եւ արգելքներէն անդին կան նաեւ առաւել մտահոգիչ երեւոյթներ, տնտեսական, առողջապահական, կրթական թէ ելեւմտական առումով: Այս գծով հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ՄԱԿ-ի յատուկ մէկ ժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան կարիքը, յատկապէս նիւթական եւ առողջապահական մարզերուն մէջ: Տնտեսական առումով կարգ մը (թիւով 350) սննդեղէններու եւ ուտեստեղէնի պետական նիւթական օժանդակութիւնը վերացնելու կամ կրճատելու հաւանականութիւնները խոր մտահոգութիւն կը պատճառեն առանց այդ ալ տնտեսական անցուկ վիճակի մէջ գտնուող լիբանանցիներու կարեւոր մէկ հատուածին: Այս իմաստով տեղական թէ արտաքին ուսումնասիրութիւններ վտանգաւոր ցուցանիշներ կը թուեն: Օրինակ` հրաժարեալ վարչապետը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ լիբանանցիներու 60 առ հարիւրը աղքատութեան մատնուած է, իսկ 23 առ հարիւր համեմատութիւնը` խիստ աղքատութեան կարմիր գիծը անցած է տիրող պայմաններուն բերումով: Տակաւի՛ն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ամէնօրեայ աւերները յաւելեալ մղձաւանջի մատնած են լիբանանցիները:

Ասոնց կողքին կայ նաեւ ապահովական սարսափը, որուն գծով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ժողովին ապահովական մէկէ աւելի կողմեր մտավախութիւններ յայտնած են ապահովական  հաւանական ցնցումներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու գծով: Թէեւ կարգ մը աղբիւրներ անհաւանական նկատեցին նման դէպքեր` շեշտելով, որ հաստատ տուեալներ կը պակսին, սակայն լիբանանցիք ասիկա ալ կը նշեն զիրենք արտագաղթի մղելու կոչուած պատճառներուն մէջ: Այսուհանդերձ լիբանանցի զօրավար Ահմատ Ֆարհաթ կը հաստատէ, որ ապահովական «պատերազմ» հաւանական չէ ներկայիս`  հիմնաւորելով իր տեսակէտը:

Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ

Այս բոլորի լոյսին տակ արտաքին կողմեր կը շեշտեն Լիբանանի օժանդակութեան եւ փրկութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս վարկածի ջատագովներէն է Ֆրանսան, որուն արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին` միաժամանակ շեշտելով ֆրանսական իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը անմիջական օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին: Իսկ տնտեսական տագնապին գծով նոյնպէս Բրիտանիա եւ արտաքին այլ կողմեր, ինչպէս նաեւ միջազգային ազդեցիկ կազմակերպութիւններ արդէն իսկ ձեռնարկած են Լիբանանի օժանդակութեան իրենց ծրագիրներու գործադրութեան: Այս ծիրին մէջ կարելի է դասել երէկ Եւրոպական Միութեան նախաձեռնած օժանդակութեան քայլը Լիբանանի գծով: Նմանապէս նուազ յուսադրիչ չէ վերջերս Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի այն յայտարարութիւնը, թէ մարտ 2021-ին ելեւմտական, յատկապէս դրամատնային մարզը դրական քայլեր պիտի իրագործէ: Այս բոլորին հետ միասին Լիբանանի նկատմամբ խոստմնալից նոր քայլեր կ՛ակնկալուին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի վարչակազմէն, որ հազիւ թէ քանի մը ամիսէն առիթ ունենայ իր ուշադրութիւնը Լիբանանի վրայ կեդրոնացնելու: Իսկ Ֆրանսայի նախագահական աղբիւրներու համաձայն, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կը նախատեսուի, որ դարձեալ Լիբանան այցելէ յունուար 2021-ի երրորդ շաբաթը:

Յոռետեսութեան եւ լաւատեսութեան այս մակընթացութեան մթնոլորտին մէջ լիբանանցիք կ՛ուզեն կառչիլ «ձիթենիի խոստմնալից ճիւղի» մը:

Նախորդը

Դատական Հայց Ներկայացնելով` Մուսաուի. «Կը Մերժենք Հըզպալլայի Դէմ Արձակուող Սուտ Ու Անհիմն Յերիւրանքները»

Յաջորդը

«Կան Հանգամանքներ, Որոնք Ֆրանսան Կ՛առաջնորդեն Արցախի Ճանաչման Նպաստող Որոշումներու» Կ՛ըսէ Դոկտ. Յարութիւն Գէորգեան

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?