Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով. Առողջապահութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Համատ Հասան Անդրադարձաւ Ռումիէի Բանտին Մէջ «Քորոնա»-ի Ժահրին Տարածման Վտանգին

December 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` ներկայութեամբ նախարարութեան եւ միջազգային պատկան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու: Այս առիթով Հասան անդրադարձաւ երկրի, յատկապէս` Ռումիէի բանտին մէջ տիրող առողջապահական իրավիճակին եւ «Քորոնա»-ով վարակուած պարագաներուն: Ան յայտնեց, որ գործակցաբար առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին, կարելի եղած է 10-էն 17-ի աւելցնել վարակեալներու հոգածութեան յատուկ հիւանդանոցներու թիւը, ինչպէս նաեւ ապահովուած է «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութեանց յատուկ սարքերու եւ յարակից ծախսերու հոգածութիւնը: Նոյն ծիրին մէջ, Ռումիէի բանտին զանազան բաժանմունքներուն մէջ վարակուած արգելափակեալները մեկուսացուած են, իսկ մնացեալ բանտարկեալներուն գծով յաւելեալ հոգածութիւն եւ կանխազգուշական միջոցառումներ որդեգրուած են: Ցարդ կարելի եղած է մինչեւ հազար վարակեալներու յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերելու կարելիութիւն ստեղծել:

Պաալպեքի Նահանգապետը
Ահազանգ Հնչեցուց

Միւս կողմէ, Պաալպեքի նահանգապետ Պաշիր Խտըր զգուշացուց, թէ շրջանին մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներու  զգալի աճ արձանագրուած է: Պաալպեք Լիբանանի մէջ վարակուածներու առաւելագոյն պարագաներ ունեցող  երկրորդ շրջանը դարձաւ: Ըստ շրջանի առողջապահական պատկան մարմիններուն, շաբաթ մը եւս առիթ պիտի տրուի խստացնելու կանխազգուշական միջոցառումները, այլապէս` շրջանը պիտի մեկուսացուի մինչեւ վարակեալներու ապաքինում:

Վարակեալներուն Թիւը
Կը Շարունակէ Աճիլ

Իսկ «Քորոնա»-ի ժահրով վարակուածներու առօրեայ հաշուարկին գծով առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ երէկ 1478 պարագայ եւ 11 մահ արձանագրուած է:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Դատական Հայց Ներկայացնելով` Մուսաուի. «Կը Մերժենք Հըզպալլայի Դէմ Արձակուող Սուտ Ու Անհիմն Յերիւրանքները»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.