«Քորոնա» Կը Շարունակէ Զոհեր Խլել
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, վերջին 24 ժամերուն «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով 1236 վարակուածներ եւ 9 մահեր արձանագրուած են:
Ֆահմի Մէկ Շաբաթով Երկարաձգեց
Ապահովական Միջոցառումներու Կիրարկումը
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ շրջաբերականով մը մէկ շաբաթով երկարաձգեց «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով որդեգրուած երթեւեկի թէ ապահովական միջոցառումները: Այս որոշումը տրուեցաւ մեկնելով «Քորոնա»-ի շարունակուող սպառնալիքէն եւ անոր պատճառած զոհերու եւ վարակուած պարագաներու աճին երեւոյթէն:
Հաուաթ Այցելեց Թրիփոլիի
Բժիշկներու Սենտիքայի Կեդրոնը
«Քորոնա»-ի համավարակի հետեւանքներու քննարկման ծիրին մէջ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Թալալ Հաուաթ երէկ այցելեց Թրիփոլիի բժիշկներու սենտիքայի կեդրոնը, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ սենտիքայի նախագահ Սելիմ Ապի Սալեհի հետ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանի առողջապահական իրավիճակին եւ այս ծիրին մէջ «Քորոնա» համավարակի կանխազգուշական միջոցառումներուն վրայ: Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեամբ` Հաուաթ բարձր գնահատեց շրջանի բժիշկներուն տարած ճիգերը` «Քորոնա» ժահրի վտանգին դիմակալման մէջ` շեշտելով այս գծով անոնց զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը: