Մինչ երկիրը կը տառապի տնտեսական, առողջապահական եւ վերջերս յաճախակիօրէն շեշտուող ապահովական մտավախութիւններու մթնոլորտէն, երկրի քաղաքական ընտրանին իր զանազան արեւելումներով կը փորձէ անմիջական լուծում գտնել այս կացութեան: Տարակարծիք կողմերու մէկ թեւը նպատակայարմար կը նկատէ սպասել արտաքին քաղաքական իրավիճակի դասաւորումին` անհաւանական նկատելով կառավարութեան կազմութիւնը նախքան յառաջիկայ տարուան օգոստոս ամիսը: Հակադիր այլ կողմ մը կ՛առարկէ, թէ պատկերը յստակ է, ու հարկ է «շարժիլ»: Իսկ կեդրոնական իշխանութիւնը թախանձագին կը յորդորէ կողմերը, որ կառավարութիւն մը կազմելու համար պէտք չէ արտաքին այս կամ այն «ճակատ»-ի կանաչ լոյսին սպասել` շեշտելով ժողովուրդի ամէնօրեայ կարիքներու հոգածութեան հրամայականը:
Հոգեւոր պետեր նոյնպէս իրենց կիրակնօրեայ քարոզներով երէկ շեշտեցին ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութեան պահանջը: Այս գծով նախագահ Աուն լուսարձակներէ հեռու ձեռնարկած է քուլիսային շարք մը խորհրդակցութիւններու` «ներքին ճակատի բանալի» անձնաւորութիւններու հետ: Կը նախատեսուի որ յառաջիկայ օրերուն, եթէ ոչ ժամերուն, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելէ Պաապտայի պալատ եւ նախագահ Միշել Աունին ներկայացնէ իր կազմելիք կառավարութեան ցանկի սեւագիրը:
Ներքին այս ճիգերը կու գան առաջքը առնելու կամ կանխարգիլելու վերջերս շեշտուող ապահովական ցնցումներու սպառնալիքները: Փաստօրէն, ըստ շրջան ընող վերլուծական մեկնաբանութիւններուն, այս սպառնալիքներու առանցքային թիրախ կը նկատուի առաւելաբար Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու շրջանը: Այս գծով Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ երէկ երեկոյեան տեսերիզ մը ցուցադրած է ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ, ուր կը նշմարուին պեթոնէ անցարգելներ եւ Շիահ-Այն Ռըմմանէ շրջաններուն միջեւ բաժանումի անցարգելներու զետեղումը` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ այդ բաժանումները կը կատարուին: Նշենք, որ լիբանանեան երկարամեայ քաղաքացիական պատերազմը ապրիլ 1975-ին բռնկած էր այս շրջանին մէջ պատահած ապահովական միջադէպով: Նոյն ծիրին մէջ, վերջերս արծարծուած էր Հարաւային արուարձաններու դրամատուները ապահովական պատճառներով փակելու կարելիութեան առաջարկը:
Իսկ արտաքին ճակատի վրայ եւրոպական երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը արդէն իսկ երէկ Պէյրութ եւ ապա լիբանանեան, յատկապէս` հիւսիսային շրջաններ սկսած է այցելել` քննելով եւրոպական երկիրներուն տրամադրելիք օժանդակութեան տարողութիւնը: Պատուիրակութիւնը կը շեշտէ կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը` գործադրելու համար օժանդակութեան հեզասահ ընթացքը: Նմանապէս, Աւստրիոյ դեսպանը երէկ այցելեց կարգ մը շրջաններ` իր կարգին շեշտելով նոյն պահանջը: Այս մթնոլորտին մէջ ճիգերը կը շարունակուին Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի մօտերս` 21 դեկտեմբերին Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութեան գծով: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, Ֆրանսա ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ նախքան յառաջիկայ տարուան յունուարի վերջը կազմելու կառավարութիւնը: Կարգ մը աղբիւրներ ակնյայտ մրցակցութիւն կամ հակադրութիւն կը նկատեն Լիբանանի նկատմամբ եւրոպական եւ ամերիկեան յարաբերութեանց միջեւ: Յառաջիկայ օրերը կրնան առաւել լոյս սփռել այս իմաստով:



