Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Զօրակցութեան Եւ Օժանդակութեան Ծիրին Մէջ . Նախագահ Աուն Ընդունեց Եւրոպական Եւ Այլ Պատուիրակութիւններ

Դեկտեմբեր 8, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի երեսփոխանական մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Թիերի Մարիանի եւ Ժանն Լին Լա Քափիլ: Եւրոպական պատուիրակութեան այս այցելութիւնը կու գայ Լիբանանի յատուկ զօրակցութեան քննարկումի ձեռնարկած Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեան ծիրին մէջ` միաժամանակ զօրակցելով Ֆրանսայի նախագահին առաջադրած նախաձեռնութեան: Այս առիթով քննարկումները կեդրոնացան Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն եւ Լիբանանի օժանդակութեան առումով միութեան մշակած ծրագիրներուն վրայ: Նախագահ Աուն ողջունեց Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք որեւէ օժանդակութիւն, որ կրնայ խթանել Լիբանանի վերականգնումի եւ բարգաւաճման ծրագիրը: Ան նաեւ շեշտեց ներկայ փուլին իրաւական հաշուեքննութեան թղթածրարին քննարկումը միջազգային պատկան մասնագէտներու կողմէ:

Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը վերահաստատեց Լիբանանին զօրակցելու իր պատրաստակամութիւնը` մէկէ աւելի մարզերու մէջ, յատկապէս` ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ:

Պատուիրակութիւնը աւելի ուշ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի հետ:

Ֆրանսախօս Երկիրներու Պատուիրակութիւնը

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պատուիրակութեան նախագահ դեսպան Սելիմ Խալպուս նախագահ Աունի հետ արծարծեց նշեալ կազմակերպութեան Լիբանանի տրամադրելիք օժանդակութեանց ծրագիրը:

Նաեւ` Արտերկրի Ուսանողներու
Ծնողական Պատուիրակութեան Հետ

Աւելի ուշ նախագահ Աուն ընդունեց արտերկրի մէջ լիբանանցի ուսանողներու ծնողներէն պատուիրակութիւն մը, որ եկած էր արծարծելու «ուսանողական տոլար»-ին գծով առնուած որոշումին գործադրութիւնը, որ կը ձգձգուի ամիսէ մը ի վեր: Նախագահ Աուն խոստացաւ այս հարցը հետապնդել պատկան պատասխանատուներուն հետ:

 

Նախորդը

Բողոքի Ցոյցերու Մթնոլորտին Մէջ . Քննարկուեցաւ Սպառողական Տարրական Նիւթերու Պետական Զօրակցութեան Վերացման Թղթածրարը

Յաջորդը

Խոստմնալից Դրական Նախաձեռնութեանց Լոյսին Տակ Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ընթացիկ Շաբաթը Կը Թուի Վճռական Ըլլալ

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?