Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Շաբաթէն Աջակցութեան Ամբողջական Տարազ Պատկերացնելու Յոյսով . Պետական Աջակցութեան Վերացման Ընդլայնուած Նիստին Ժողովականները Առաջնահերթ Նկատեցին Քաղաքացիներու Գոյատեւման Տարրական Կարիքներու Հոգածութիւնը

December 9, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս որոշուած էր, հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ նախագահեց պետական աջակցութեան վերացման գծով ընդլայնուած քննարկման երկրորդ նիստին` ներկայութեամբ նոյն ժողովականներուն: Երեկոյեան գումարուած լրացուցիչ նիստին ժողովականները լսեցին իւրաքանչիւր նախարարութեան քննարկած եւ պատրաստած զեկուցումն ու համապատասխան առաջարկները` պետական աջակցութեան նուազագոյն պիւտճէով իրագործման կարելիութեան շուրջ: Խորքին մէջ իւրաքանչիւր նախարարութեան պատկան պատասխանատուներ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին գումարուած զանազան աշխատանիստերով քննարկած էին պետական աջակցութեան եւ նպաստի լիովին թէ մասնակի վերացման կարելիութիւններն ու անոնց հետեւանքները ժողովուրդի առօրեայ կենցաղին վրայ:

Եզրափակիչ նիստին ժողովականները կարմիր գիծ նկատեցին ժողովուրդի առօրեային տարրական կարիքները, ինչպէս` անձեռնմխելի պիտի մնայ հացին սակագինը, եւ աջակցութիւնը պիտի շեշտուի մարդոց երկարատեւ եւ ծանր հիւանդութիւններու դեղորայքի սակագիներուն վրայ: Նմանապէս պետական զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի տարրական ուտեստեղէններու գծով: Պիտի ուսումնասիրուին վառելանիւթի ներածման ստացագիրի գինին նուազեցման միջոցներն ու կարելիութիւնները: Աշխատանք պիտի տարուի զարկ տալու երկրի երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերու արդիւնաւէտութեան: Նաեւ պիտի ուսումնասիրուի սննդեղէնի յատուկ անդամաքարտերու պատրաստութեան ծրագիրը:

Այս բոլորին մասին ժողովականներու վերջնական ու ամբողջական պատկերացումին տարազը հանրութեան պիտի ներկայացուի մէկ շաբթուան ընթացքին:

Նշենք, որ լիբանանցի տնտեսագէտ Ռոյ Պատարօ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատկան կողմերու ուշադրութեան յանձնեց «մոռցուած կամ անտեսուած» կարեւոր իրողութիւն մը, ըստ որուն, Լիբանան իրաւունք ունի Միջազգային դրամական ֆոնտէն (SDR IMF) 800 միլիոն տոլարի կոկիկ գումար մը ստանալու եւ օգտագործելու պետական աջակցութեան պիւտճէին համար: «Այդ գումարը Լիբանանի իրաւունքն է եւ Լիբանան պէտք չունի զայն վերադարձնելու», ընդգծեց Պատարօ:

Զուգահեռաբար` Բողոքի
Շարժումները  Շարունակուեցան

Նշեալ ժողովի գումարման ընթացքին ժողովրդային ցասումի շարժումները երէկ եւս շարունակուեցան Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ` բողոքելով պետական աջակցութեան հաւանական վերացման քայլին դէմ եւ սպառնալով առաւել եւս սաստկացնել իրենց ընդվզումի շարժումները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութիւնը Աւետող Սպիտակ Ծուխին Սպասումով . Հայեացքները Սեւեռած Են Պաապտայի Այսօրուան Հանդիպումին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.