Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյցերու Մթնոլորտին Մէջ . Քննարկուեցաւ Սպառողական Տարրական Նիւթերու Պետական Զօրակցութեան Վերացման Թղթածրարը

December 8, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն ենք, սակայն երկիրը կը դիմակալէ տագնապ մը, եւ մենք կը փորձենք կարգաւորել ու թեթեւցնել ներածումի ֆինանսաւորումին գինը այնպէս մը, որ անիկա նիւթական վնաս չպատճառէ մարդոց», յայտարարեց  հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ` երկուշաբթի, 7 դեկտեմբերի երեկոյեան` գլխաւորելով սպառողական տարրական նիւթերու գծով պետական նիւթական զօրակցութեան վերացման օրակարգով ընդլայնուած աշխատանիստին: Ժողովին ներկայ էին նախարարներու պաշտօնակատարներ Զէյնա Աքըր, Ղազի Ուազնի, Ռաուլ Նաամէ, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Ռեմոն Ղաժար, Համատ Հասան, Ապպաս Մուրթատա, ինչպէս նաեւ` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, անոր երրորդ փոխանորդը եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ: Այս առիթով քննարկուեցան իւրաքանչիւր նախարարութեան տարրական նիւթերու ներածման ու անոնց զօրակցութեան կազմակերպման գծով իրենց ծրագիրի պատկերացումները: Իսկ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը իր կարգին զեկուցեց 2019-2020 տարիներու ընթացքին սպառողական նիւթերու ներածման ֆինանսաւորման ընդհանուր հաշուարկը, ապա ան ժողովէն մեկնեցաւ առանց որեւէ յայտարարութիւն կատարելու:

Ժողովին երկրորդ նիստը պիտի գումարուի այսօր` երեքշաբթի, 8 դեկտեմբերի յետմիջօրէին: Մանրամասն պիտի սերտուին ներածման ծրագիրին գծով իւրաքանչիւր նախարարութեան պատկերացումներն ու առնչակից առաջարկները:

Այս ժողովին զուգահեռ ցուցարարներ զանազան շրջաններու, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ բողոքի ելոյթներով փակեցին կարգ մը ճամբաներ` Ռինկի կամուրջին, Ժմմէյզէի, Ռիատ Սոլհի եւ Նահատակաց հրապարակին, Թրիփոլիի Նուր հրապարակին եւ Ժապալ Մոհսենի ու Պահսասի ճամբաները: Խումբ մը ցուցարարներ ալ ինքնաշարժներով շրջեցան Էշրեֆիէի փողոցներուն մէջ, իսկ ուրիշներ բողոքի ելոյթներով համախմբուեցան տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէի Ազարիէի գրասենեակին, ցուցարարներու այլ խումբ մըն ալ` անոր Էշրեֆիէի բնակարանին առջեւ: Նոյն ծիրին մէջ ցուցարարներու այլ խումբ մը «պաշարեց» Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի կնոջ կազմակերպած ընթրիքի երեկոյթը:

Ցուցարարները հիմնականին մէջ կը բողոքէին սպառողական տարրական պետական օժանդակութեան վերացման հաւանական որոշումին դէմ: Այս քայլը առաւել հրատապ դարձաւ այն տեղեկութեանց լոյսին տակ, թէ պետութիւնը իր զօրակցութիւնը պիտի դադրեցնէ սովորական արաբական հացէն տարբեր` խմորեղէններու համար գործածուող ալիւրի սակագինէն:

 

Նախորդը

Փետրուար 2021-ի Վերջերը Լիբանան Կը Ստանայ Պատուաստի Իր Բաժինը

Յաջորդը

Լիբանանին Զօրակցութեան Եւ Օժանդակութեան Ծիրին Մէջ . Նախագահ Աուն Ընդունեց Եւրոպական Եւ Այլ Պատուիրակութիւններ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.