Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի զոհերու ընտանեկան պարագաներ երէկ` ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, իրենց ոճով նշեցին 4 օգոստոսին պատահած պայթումի տխուր դէպքին քառամսեակը: Անոնք իրենց բողոքի ելոյթին մէջ իշխանութեանց պատկան մարմիններէն պահանջեցին լիազօրել դէպքին հետաքննութիւնը ստանձնած դատախազը, որ կարենայ հաշուետուութեան կանչել նաւահանգիստի պայթումին յանցագործները, «մեծերը, նախքան փոքրերը»: Անոնք «թատերական խեղկատակութիւն» որակեցին նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատու յանցագործներուն գծով կատարուող դատական հետաքննութիւնները: ԵՐԷԿ երեկոյեան խումբ մը ցուցարարներ...



















