«Մի՛ վախնաք Լիբանանի վրայ, այնքան ատեն որ Պաապտայի մէջ ունինք Միշել Աուն անունով նախագահ մը», յայտարարեց նախագահ Աունի քաղաքական հարցերու խորհրդական, նախկին նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ երէկ` կիրակի, 6 դեկտեմբերին Ժիպէյլի Աքուրայի շրջանին մէջ նախագահ Աունի անունով «Արզ» պարտէզին բացումը կատարելով:
Նախարարներու, երեսփոխաններու եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու ու համակիրներու ներկայութեան արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցան համերաշխութեան կարեւորութիւնն ու նախագահ Աունի որդեգրած վարքագիծին դրական երեսները: «Լիբանան սուրբ հող է, ոչ ոք կրնայ յաղթել անոր եւ մենք ծունկի կու գանք միայն Աստուծոյ առջեւ աղօթելու համար» ընդգծեց նախկին նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ:



