Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ անցեալ հինգշաբթի օրուան պայմանաւորուածութեան հիմամբ այսօր նախագահն ու վարչապետը կը հանդիպին Պաապտայի մէջ` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները:
Ըստ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներուն, վարչապետին կողմէ 18 նախարարէ բաղկացած մասնագէտներու կառավարութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական ոչ մէկ ուժի մէկ երրորդի առաւելութիւն շնորհելու նախապայմանները կը յամենան, իսկ կառավարութիւն չկազմելու պարագային ան վարչապետի իր պաշտօնէն պիտի չհրաժարի, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխանները խորհրդարանէն պիտի չհրաժարին:
Հակառակ այն տեղեկութիւններուն, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդատու, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ հանդիպում մը ունեցած են Հարիրիի հետ եւ փորձած համոզել զայն` 20 նախարարէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով, սակայն Հարիրի հաստատած է, որ ինք անշեղ կը մնայ 18 հոգինոց կառավարութեան կազմութեան գաղափարէն:
Երկրին մէջ տիրող կացութիւնը կառավարութեան կազմութեան առումով դրական ոչինչ կը յուշէ, իսկ տնտեսական տագնապն ու ելեւմտական դժուարութիւնները կը շարունակեն բարդացնել քաղաքացիներուն կեանքը:
Այս մթնոլորտին առընթեր, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ապահովական իմաստով Լիբանանի մէջ ինք վտանգի փողերը հնչեցուցած է` զգուշացնելով ապահովական քաոսէ մը, զոր հակակշիռի տակ առնելը շատ դժուար կրնայ ըլլալ:
Ան ընդգծեց, որ գողութիւններուն համեմատութիւնը աճ արձանագրած է, եւ անիկա վտանգաւոր երեւոյթ է:
Պէտք է նշել, որ երէկ կարգ մը քաղաքացիներ ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Ցուցարարները նաեւ քարկոծեցին ապահովութեան ուժերը. կարճատեւ ընդհարումներէ ետք, կարգ մը երիտասարդներ քառորդ ժամուան համար փակեցին նաեւ Սայֆի-Պէյրութ ճամբան:
Ապահովական առումով յետմիջօրէին իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Արեւմտեան Պեքաայի, Հասպայայի, Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆահի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ:
Իսրայէլեան օդուժը կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:
Երեկոյեան իսրայէլեան ուժեր լուսաւոր ռումբեր արձակեցին Հուլայի վերեւ:
Միւս կողմէ, «Քորոնա»-ի ժահրին դէմ պայքարելու առումով երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումը կ՛երկարի մինչեւ 5 ապրիլ, սակայն աւելի ուշ պետութեան տուած որոշումը` երկիրը աստիճանաբար վերաբանալու, կ՛ընդգրկէր չորս փուլ, որոնցմէ երեքը արդէն իսկ գործադրուած են:
Իսկ չորրորդ փուլը կը գործադրուի այսօր, երբ կը վերաբացուին ճաշարանները, որոնք, ըստ ներքին գործոց նախարարութեան որոշումին, իրենց կարողութեան 50 առ հարիւրին համաձայն պիտի գործեն:
Ճաշարաններուն մէջ գտնուող սեղաններուն միջեւ երկու մեթրի հեռաւորութիւն պիտի պահուի: Անոնք պիտի գործեն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
Ճաշարաններուն մէջ աշխատող անձնակազմը մնայուն «Փի. Սի. Առ.»-ի քննութիւն պիտի կատարէ, իսկ յաճախորդները իրենց տեղերը նախապէս պէտք է ամրագրեն` ճաշարաններուն մէջ իրարանցում եւ խճողում պատճառելէ խուսափելու համար:
Բոլոր ճաշարաններուն պարագային սեղանի մը շուրջ առաւելագոյնը 6 հոգի կրնայ նստիլ:
Վերոնշեալ պայմանները կը վերաբերին նաեւ բացօթեայ ճաշարաններուն, որոնց սակայն արտօնուած է իրենց կարողութեան 75 առ հարիւրով աշխատիլ:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ որեւէ խախտումի պարագային ճաշարանը կարմիր մոմով կը փակուի:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ, որ նախապէս որոշած էր, թէ 22 մարտէն սկսեալ դպրոցները պիտի սկսին գործել զուգահեռ ուսման մեթոտով` առցանց եւ դպրոց յաճախելով, կասեցուց իր որոշումը:
Ան ընդգծեց, որ դասաւանդութիւնը պիտի շարունակուի միայն առցանց դրութեամբ, ցնոր տնօրինում:
Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2968 վարակուածներ եւ 42 մահացածներ:



