Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու գործունէութեան 43-ամեակին առիթով, Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ յայտնեց, որ խաղաղապահ ուժերը յանձնառու կը մնան հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:
Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդանշական հանդիսութեան մը ընթացքին, Տել Քոլ հաստատեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային աննախընթաց տագնապին, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը շարունակած են իրենց գործունէութիւնը:
«Մեր պարտականութիւնը տակաւին կը շարունակուի, եւ մենք պատրաստ ենք մեր գործը կատարելու, երբ անոր կարիքը կը զգացուի», ըսաւ ան:
Զօր. Տել Քոլ նկատել տուաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը սահմանային գիծի 120 քմ երկայնքին խաղաղութիւն կը պարտադրեն եւ տագնապի կողմերուն հետ կ՛աշխատին, որպէսզի ապահովական միջադէպեր չարձանագրուին: Ան կոչ ուղղեց երկու կողմերուն շինիչ մասնակցութիւն ունենալու` սահմանային Կապոյտ գիծը նշելու աշխատանքին վերսկսելու նպատակով:
«Մենք միշտ պիտի աշխատինք իրականացնելու մեր նպատակը, այսինքն` կասեցնելու թշնամական գործողութիւնները եւ հարաւային Լիբանանի մէջ հաստատելու խաղաղութիւնը: Կարեւորագոյնը սակայն կը մնայ այն, որ Կապոյտ գիծը ճշդելու եւ նշումները կատարելու աշխատանքը շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել այնպիսի ընդվզումներու, որոնք կրնան մագլցումներու դռներ բանալ», ընդգծեց ան:
Զօր. Տել Քոլ կոչ ուղղեց երկու կողմերուն վերսկսելու Կապոյտ գիծը նշելու աշխատանքին:



