Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիապ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Առաջնահերթութեանց Առաջնահերթութիւնն Է»

March 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ Թալլեթ Խայեաթի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Տիապ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «ցաւօք, մեր կառավարութեան հրաժարելէն ութ ամիս ետք, նոր ջանքեր ի գործ չեն դրուած` նոր կառավարութիւն մը կազմելու եւ Լիբանանը ընկերային, ելեւմտական ու տնտեսական ճիշդ հունի վրայ զետեղելու նպատակով` մեր կառավարութեան սկսած բարեկարգումի աշխատանքները շարունակելու համար»:

«Տիրող իրավիճակը ցոյց կու տայ, թէ հարցերը տրամաբանութեան սահմանները շրջանցած են, կառավարութեան կազմութիւնը վերածուած է ազգային տագնապի, եւ ասիկա կը բարդացնէ լիբանանցիներուն տառապանքը` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկները հանգուցալուծելու առումով դատարկ օղակի մը մէջ քաղաքական մտահոգիչ դաւալք գոյութիւն ունի:

Նոր կառավարութեան կազմութիւնը յաջողցնելու իմաստով ջանքեր ի գործ դնելու փոխարէն, ներկայիս աճ արձանագրած է մէկ կողմէ հրաժարած կառավարութեան աշխուժացման պահանջը, իսկ միւս կողմէ` սահմանադրութիւնը խախտելու զգուշացումները: Կան նաեւ կեցուածքներ, որոնք կը յուշեն, թէ մենք թերացած ենք ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն ըլլալու մեր պարտականութիւններուն մէջ:

Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան պարտականութեան բացատրութիւնները յստակօրէն նշուած են սահմանադրութեան մէջ, եւ այդ մասին խորհրդարանը միայն մեկնաբանութիւն կրնայ կատարել, ինչպէս հաստատած էր նախապէս:

Իսկ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը օր մը օրանց չկասեցուց իր աշխատանքը, բոլոր նախարարութիւններուն մէջ աշխատանքները ի զօրու են, նոյնիսկ վարչապետութեան մակարդակով:

Երկրին տագնապները կը բարդանան եւ լիբանանցիներուն վրայ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնեն: Բաւարար է միայն տեսնել տարբեր մարզերուն տառապանքը` հասկնալու համար, որ երկիրը հսկայական տագնապի դիմաց կը գտնուի, եւ կարիքը կայ ամէն շահերէ առաջ ազգային շահերուն մասին մտածել:

Կառավարութեան կազմութիւնը առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնն է, եւ բոլոր պատասխանատուները պէտք է գործակցին` ազգային այս պարտականութիւնը գործադրելու համար», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Սուրիա 75 Թոն Թթուածին Տրամադրեց Լիբանանին

Յաջորդը

Լիբանան Հետզհետէ Կը Մօտենայ Ամբողջական Փլուզումի Մակարդակին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.