Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1471 վարակուածներ եւ մահացած 51 ուրիշներ:

ՎՃՌԱԲԵԿ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Խուրիի պահանջին ընդառաջելով` Կեդրոնական դրամատան հետաքննութեան յատուկ խորհուրդը Ընդհանուր դատախազութեան ուղարկեց Բարեկարգումի եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի եւ անոր մօտիկ կարգ մը ճարտարապետներու, կապալառուներու եւ խորհրդականներու հաշիւներուն գաղտնիութիւնը վերացնելու որոշումը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքը իր տեսակէտը բացատրած է չէզոքութեան մասին` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն համախոհութիւնը կարեւոր է: Միքաթի նշեց, որ նախապէս եղած են կառավարութիւններ, որոնք համախոհութիւն գոյացուցած են շրջանային եւ միջազգային տագնապներէն Լիբանանը զերծ կացուցելու սկզբունքին շուրջ: «Մենք կը զօրակցինք արաբական թէ միջազգային որեւէ նախաձեռնութեան, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի լիբանանեան տագնապի իսկական լուծում», ըսաւ Միքաթի:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ:

ԱՄԱԼ շարժումը կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու անկուսակցական մասնագէտներու կառավարութիւն մը` ըստ ֆրանսական նախաձեռնութեան: Ամալ շարժումը յորդորեց քաղաքական բոլոր կողմերը հեռու մնալու թիւերու եւ բաժիններու մանրամասնութիւններէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խանգարողը հայրենիքը կը սպաննէ եւ զայն կը մղէ անէացման:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ ներկայ իշխող վարչակազմին նպատակն է իր իշխանութիւնը, փտածութիւնն ու պետականութիւնը պահպանել` աւելցնելով, որ այդ վարչակազմին տապալումը կը փրկէ Լիբանանը:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ռիատ Թապպարա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դերակատարութիւնը կը մնայ նոյն վիճակին մէջ: Ան նշեց, որ ամերիկեան կողմէն Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն` Լիբանան-Սուրիա սահմանին շուրջ հետաքրքրութիւն կայ: Թապպարա ընդգծեց, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենիթ Մըքքենզիի Լիբանան այցելութեան հեռակայ նպատակները կարելի չէ իմանալ, սակայն Լիբանանի մէջ անոր կատարած յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին օժանդակել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Մարթին Լանկտըն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին նուիրումը իր հայրենիքին` հաստատելով, որ Լոնտոն կը փափաքի Լիբանանը տեսնել անկախ եւ ապահով երկիր մը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի համար բանակը արտասովոր հաշիւ է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յստակ փոխանցումներ ստացած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքին մասին: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի առաջարկը այն է, որ Հարիրի հանդիպում մը ունենայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ` լուծելու համար 18, 20 կամ 22 նախարարներէ բաղկացող կառավարութեան, ինչպէս նաեւ մէկ երրորդի գոյութեան հարցերը: Ժոմպլաթ առաջարկած է, որ Հարիրի-Պասիլ հանդիպումը կատարուի լուսարձակներէ հեռու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ այցելած են նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի բնակարանը եւ անոր բացատրած, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ի՛նչ ըսել ուզած է մասնագէտներու կառավարութեան եւ մասնագէտներու ու քաղաքական անձնաւորութիւններու կառավարութեան տարբերութեան մասին, սակայն Հարիրի չէ ընդունած խալիլներուն մեկնաբանութիւնը եւ ընդգծած իր կազմելիք կառավարութեան ձեւին ու թիւին նկատմամբ իր կառչածութիւնը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Զօր. Տել Քոլ. «Ժամանակն Է Արդէն Ամբողջացնելու Կապոյտ Գիծը Նշելու Աշխատանքը»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?