Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Ազգային Շահերու Գերադասումն Ու Կարողութիւններով Օժտուած Կառավարութեան Կազմութիւնը Կարեւոր Են» Շեշտեց Պուխարի

March 24, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան ճիգերը արգելակող դժուարութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարներ:

Հանդիպումէն ետք Պուխարի յայտնեց, որ ընդառաջելով նախագահ Աունի հրաւէրին, ինք այցելած է նախագահական պալատ եւ հաստատած Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանին ու լիբանանցիներուն, որոնք կը դիմագրաւեն տագնապալի օրեր:

Ան նշեց, որ Սէուտական Արաբիա կը յարգէ երկիրներու գերիշխանութիւնը եւ անոնց ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար: «Լիբանանի գերիշխանութիւնը պատմական նուաճում մըն է, որ իրականացած է լիբանանցի ժողովուրդին պայքարով, իսկ Սէուտական Արաբիա կը յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը», շեշտեց ան:

Պուխարի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան եւ կարեւոր կը նկատէ ազգային շահերու գերադասումն ու կարողութիւններով օժտուած կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել լիբանանցիներուն ձգտումներն ու պահանջները, ինչպէս նաեւ անոնց ապահովական կայունութիւնը: «Հետեւաբար պէտք է անմիջապէս գործադրել արմատական բարեկարգումներ, որոնք Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը կը վերականգնեն», ըսաւ ան:

Պուխարի նշեց, որ Ռիատի համար կարեւոր են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701, թիւ 1680 եւ թիւ 1559 բանաձեւերուն, ինչպէս նաեւ արաբական բանաձեւերուն բովանդակութեան յարգումը` պաշտպանելու համար Լիբանանի ապահովութիւնը եւ յարգելու համար անոր գերիշխանութիւնն ու միասնականութիւնը: «Կ՛ընդգծենք, որ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեամբ է, որ կարելի պիտի ըլլայ պաշտպանել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը», ըսաւ ան:

Պուխարի ընդգծեց նաեւ, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է Եմէնի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու իմաստով սէուտական նախաձեռնութիւնը, որ արժանացած է նախագահ Աունի ողջոյնին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն դիմագրաւած խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Աուն Կրիոյին ներկայացուց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի տարբեր փուլերուն ընթացքին արձանագրուած դժուարութիւնները` շեշտելով, որ ինք կառչած կը մնայ ֆրանսական նախաձեռնութեան` իբրեւ Լիբանանի փրկութեան ծրագիր:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ճիգերը պիտի շարունակուին` կազմելու համար նոր կառավարութիւն մը, որ կարողութիւնը ունի դիմագրաւելու Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները` տարբեր մարզերու վերաբերող:

Նշենք, որ նախագահ Աուն առաւօտեան ընդունեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մոշիքիուապուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մէջ Լիբանանի դերակատարութեան հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ այն դերակատարութեան, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրները կրնան ունենալ` Լիբանանը իր դիմագրաւած այս արտակարգ տագնապալի կացութենէն դուրս բերելու առումով: Ան նշեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու նպատակով` յոյս յայտնելով, որ կարելի կ՛ըլլայ մեծ թիւով լիբանանցիներու «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ տրամադրել:

Իր կարգին, Մոշիքիուապու յայտնեց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութեան նպատակն է զօրակցութիւն յայտնել լիբանանցիներուն` անոնց դիմագրաւած այս դժուար կացութեան ընթացքին: Ան քաղաքական դասակարգէն պահանջեց արագ լուծումներ տրամադրել` լուծելու համար Լիբանանի տագնապը:

Մոշիքիուապու բարձր գնահատեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ Լիբանանի ունեցած դերակատարութիւնը` ընդգծելով, որ շրջանին մէջ կազմակերպութեան պատկանող գրասենեակը Պէյրութի մէջ բանալու ծրագիրը ընթացքի մէջ է:

Նախորդը

Լիբանանի Իրավիճակը Կը Շարունակէ Յամենալ, Իսկ Արաբական Լիկան Օժանդակութիւն Կ՛առաջարկէ

Յաջորդը

Հայ Համայնքը Պելճիքայի Վարչապետին Կոչ Ուղղած Է Դատապարտելու Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Կողմէ Ահաբեկչութեան Հովանաւորութիւնը

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.