Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆահմի. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Գրեթէ Անկարելի Է Մինչեւ Միջազգային Նոր Համաձայնութեան Մը Գոյացումը»

Մարտ 23, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մեծ պետութիւններուն տարակարծութիւնները, շրջանային տագնապները, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան ամուր թնճուկները չեն արտօներ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կարենան կառավարութիւն մը կազմել:

Ֆահմի հաստատեց, որ այս փուլին դժուար թէ կարելի ըլլայ կառավարութիւն կազմել: «Կառավարութեան կազմութիւնը գրեթէ անկարելի է մինչեւ միջազգային նոր համաձայնութեան մը գոյացումը: Կամայ թէ ակամայ պէտք է սպասենք միջազգային համաձայնութեան մը, որովհետեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան արգելակումի պատճառները շատ աւելի խոր են, քան ինչ որ կ՛երեւայ», ըսաւ Ֆահմի` հաստատելով, որ իր մտավախութիւնը այն է, որ երկրին մէջ տիրող տնտեսական-ելեւմտական դժուար կացութեան պատճառով քաոս ստեղծուի, որովհետեւ քաոսը հակակշիռի տակ առնելը շատ աւելի դժուար է, քան ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլը:

Ֆահմի ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին նախագահական պալատ հրաւիրելը` նշելով, որ այդ քայլին շնորհիւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան տոլարի սակը շուրջ 5 հազարով նուազեցաւ: «Ասիկա եւս կը փաստէ, թէ տոլարի խաղը քաղաքական է եւ ոչ թէ տնտեսական», ըսաւ ան:

Ֆահմի ընդգծեց, որ մեծ պետութիւններուն եւ շրջանի երկիրներուն միջեւ հարցերուն լուծումները իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան Լիբանանի կացութեան բարելաւման վրայ` նկատել տալով, որ ինք լաւատես է, որ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները պիտի լուծուին:

Ապահովական միջադէպերու մասին իր մտավախութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆահմի յայտնեց, որ իբրեւ ներքին գործոց նախարար իր պարտականութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է քաղաքականութեան հետ, իսկ քաղաքական ու ապահովական համակարգերը մէկ են: «Եթէ քաղաքական սուր բանավէճեր գոյութիւն ունին, ուրեմն ապահովութիւն չկայ, իսկ Պաապտայի հանդիպումը փողոցին շունչ մը տուաւ: Կը մաղթեմ, որ սպասուած արդիւնքներուն կարելի ըլլայ հասնիլ», ըսաւ ան:

Ֆահմի հաստատեց, որ ինք վտանգի փող կը հնչեցնէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէն ու քաղաքական ուժերու ղեկավարներէն կը խնդրէ համաձայնիլ կառավարութեան մը շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանի մնացորդացը: Ան ցաւ յայտնեց, որ տակաւին ոչ ոք պատրաստ է լսելու այս զգուշացումը:

Ապահովութեան ուժերուն կողմէ փողոցները փակող խմբաւորումներուն հանդէպ ցուցաբերուած վարուելակերպին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆահմի շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը ցուցմունքներ տուած է ոստիկաններուն` զսպելու եւ հակակշիռի տակ առնելու քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացող որեւէ արարք: Ան նշեց, որ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ պահելու իմաստով: «Հակառակ անոր որ Լիբանանի մէջ կայ մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուած, 400 հազար պաղեստինցի գաղթական եւ լիբանանցի ժողովուրդ, ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկրին ապահովութիւնը պաշտպանելու նպատակով», ըսաւ ան:

Ֆահմի նշեց, որ ապահովութեան ուժերուն ցուցմունք չէ տրուած փողոցին վրայ արձանագրուող շարժումները ճնշելու եւ բռնի ուժով կասեցնելու, կամ ճամբաները բռնի ուժով վերաբանալու` արիւնահեղութեան առաջքը առնելու համար: «Բայց եւ այնպէս յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին կացութեան վրայ հակակշիռը պահելը շատ աւելի պիտի դժուարանայ, երբ պետութեան կողմէ լիբանանցիներուն տարրական կարիքներուն տրամադրուած տնտեսական նպաստը դադրի», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Տիապ Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց «Սփութնիք» Պատուաստը Լիբանանի Մէջ Արտադրելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Աքըրի Հետ Քննարկեց Ամէնէն Աղքատ Ընտանիքներուն Տրուելիք Օժանդակութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?