Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ:
Կութիերես յայտնեց, որ ինք մտահոգ է լիբանանեան իրադարձութիւններով եւ անհրաժեշտ կը գտնէ կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի Լիբանան տագնապներէ հեռու մնայ:
Ռայի պատրիարքը Կութիերեսին ներկայացուց լիբանանցիներուն իրավիճակը, պետութեան կեցուածքը, ինչպէս նաեւ նոյն սեղանին վրայ նստելու եւ խորհրդակցելու քաղաքական դասակարգին անկարողութիւնը, մինչ ժողովուրդը անօթի է, աղքատացած, լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկուած, իսկ երկիրը` ամբողջական քանդումի սեմին:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցիները ՄԱԿ-էն իւրայատուկ դերակատարութիւն մը կ՛ակնկալեն` նկատի ունենալով, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի հիմնադիր երկիր է եւ կազմակերպութեան գործօն անդամ:
Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը, որուն ընթացքին Ռայի պատրիարքը Կութիերեսին բացատրեց այն պատճառները, որոնք մղեցին զինք չէզոքութեան գաղափարը որդեգրելու եւ կառչելու Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողով գումարելու պահանջին:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սլէյման յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին արտայայտած չէզոքութեան կեցուածքը գործակալութիւն անուանելը ամօթալի է:
Ան հաստատեց նաեւ, որ ամօթալի է Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքի գոյութեան հարցը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակել եւ լուծել ապօրինի զէնքին հարցը` վեց ամիսէն մէկ տարուան ընթացքին, այլապէս Լիբանանին փրկութիւն չկայ:
Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի, որուն հետ Ռայի պատրիարքը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Պուսթանի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը համամիտ է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կատարուի ուրիշին նկատմամբ բացուելով եւ տարբեր մտածելակերպով:
Նշենք, որ վաղը` հինգշաբթի, 25 մարտ 2021-ին, Ռայի պատրիարքը պիտի նախագահէ Աւետման տօնին առիթով մատուցուելիք Ս. պատարագին, որուն ընթացքին պիտի նշուի նաեւ իր պատրիարքութեան ստանձնումի 10-ամեակը: Ս. պատարագին ներկայ պիտի գտնուին միայն եպիսկոպոսներն ու միաբանները:



